ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
«Հրապարակ» օրաթերթը իր 24 ապրիլի թիւին մէջ կը հաղորդէ. «Մեր աղբիւրները կը ներկայացնեն վերջին օրերու ժամանակագրութիւնը: Յատուկ ծառայութիւններու եւ ոստիկանութեան ղեկավարները մնայուն կերպով «փափուկ բարձ» դրած են Սերժ Սարգսեանի գլխուն տակ, թէ` խնդիր չկայ, բողոքողներու քանակը մեծ չէ, «շուտով ինքնիրեն կը մարի», հանգստացուցած են, թէ` կը տիրապետենք իրավիճակին եւ այլն: Յետոյ երբ բանը բանէն անցած է, համոզած են Սերժ Սարգսեանը, որ «խնդիրը Նիկոլն է»` Նիկոլին մեկուսացնենք, մէկ օրուան մէջ կը ճնշենք, կ՛աւարտի: Նոյնիսկ մօտիկ շրջապատէն ոչ ոք համարձակած է «բանալ» Սերժ Սարգսեանին աչքերը: Միայն երկու անձեր իրականութիւնը ներկայացուցած են այնպէս, ինչպէս է եւ առաջարկած են դիմում գրել ու երթալ: Մէկը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, միւսը` ՀՅԴ-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
«Մեզի պատմեցին, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին յոյսը եղած է Արցախը եւ Արցախի բանակը, որ կրնայ ամէնէն վճռական պահուն աջակցիլ անոր ու իր ներկայութեամբ վախի մթնոլորտ ստեղծել եւ ցրուել ցուցարարները, ինչպէս ըրին 2008-ին, սակայն Բակօ Սահակեանը բոլորովին այլ դիրքորոշում ունեցած է: Ան այցելած է Սերժ Սարգսեանին եւ ուղղակի առաջարկած «մօտեցի՛ր պատուհանին եւ տե՛ս, թէ ի՛նչ կը կատարուի, յանուն երկրի` պէտք է հրաժարական տաս»: Աւելի ուշագրաւ եղած է ՀՅԴ-ի կեցուածքը: Երբ նախօրէին գլխաւոր դատախազը միջնորդութիւն ուղարկած է Ազգային ժողով` պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միրզոյեանը եւ Սասուն Միքայէլեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջով, եւ ՀՀԿ-ի մէջ յայտարարուած է ընդհանուր զօրաշարժ` նոյնիսկ գործուղումներէն ետ կանչած են պատգամաւորները, որ անհրաժեշտ մեծամասնութիւն ապահովեն եւ կալանքի վաւերացումներ տան, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը անսպասելիօրէն յայտարարած է, որ` իրենք կողմ պիտի չքուէարկեն: Ապա Հրանդ Մարգարեանը մտած է Սերժ Սարգսեանի մօտ, համոզած, որ նման ծայրայեղ քայլի չդիմեն ու խնդրած է թոյլատրեն իրեն այցելել Նիկոլին` կալանավայրին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանի ու Հրանդ Մարգարեանի հանդիպումը բաւական ջերմ եղած է, եւ Մարգարեանը անոր հաւաստած է, որ իրենց համար կարեւորը երկրին շահն է` իրենք պատրաստ են ամէն ինչով աջակցելու համաժողովրդական շարժման:
«Եւ վերջապէս, այս բոլոր յորդորներն ու իրադարձութիւնները կրնային անպտուղ անցնիլ, եթէ չըլլար վերջին կաթիլը` բանակը չսկսէր անցնիլ ցուցարարներուն կողմը: Երբ Կրկէսին մօտ գտնուող Խաղաղարար գունդէն խումբ մը ծառայողներ յայտնուած են ցուցարարներու կողքին եւ ազատամարտիկներ` զինուորականներու համազգեստներով, Սերժ Սարգսեան հասկցած է, որ յամառիլը ու հրաժարական չտալը կրնան շատ աւելի վատ հետեւանքներ ունենալ, իսկ ինքը չի կրնար կրկնել 2008-ը եւ կրակելու հրաման տալ` այս անգամ փողոցի մէջ երիտասարդութիւնն է, եւ իրեն ատիկա երբեք ու ոչ ոք կը ներէ»:տած է, որ իրենց համար կարեւորը երկրին շահն է` իրենք պատրաստ են ամէն ինչով աջակցելու համաժողովրդական շարժման: