Տեսակէտ
Այս հարցումը դնողը եւ անոր պատասխանողը արեւելքցի մը չէ, ոչ ալ՝ Արեւմուտքի դրամատիրութեան հակառակորդ յեղափոխական մը, եւ ոչ իսկ՝ դրամատիրական ներկայ հասարակարգը արդիական ստրկատիրական հասարակարգ անուանող Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը, այլ՝ 100 տոկոս արեւմուտքցի եւ դրամատիրութեան ծառայող ու ԱՄՆ-ի պետական բարձր պաշտօնատար մը՝ Դոկտ. Փոլ Քրէյկ Ռոպըրթս (Dr. Paul Craig Roberts) անուն, որ նախագահ Ռիկընի օրով, տնտեսական քաղաքականութեան մշակման գծով՝ ԱՄՆ-ի Պետական Գանձի քարտուղարի օգնականն էր, որուն այդ պաշտօնէն բացակայութեան պատճառով, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը այսօր (2008 թ.) կը գտնուի իր պատմութեան ամէնէն ձախող յանձանձումին մէջ… (Այս գնահատականը մասնագէտներու կողմէ տրուած է Դոկտ. Ռոպըրթսին, 2008 թուին, Դրամատիրութեան մեծ ճգնաժամին սկիզբը)։
Տակաւին, վերի խորագիրը մեղմացուած տարբերակն է Դոկտ. Ռոպըրթսի հարցադրումի բնագրին, որ բառացիօրէն կ՚ըսէ. ««ԲԻՐՏ ԱՇԽԱՐՀԸ»՝ Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ի՞նչպէս կրցաւ ձեռք բերել «բարոյական խղճմտանք»ի մենաշնորհ մը, երբ ան չունի բարոյական» (Դոկտ. Փոլ կ՚ըսէ՝ թէ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան կողմնակիցները, անոր բոլոր հակառակորդները, աշխարհի մէջ «Բիրտ Աշխարհ»ի մարդիկ կը կոչեն)։
Դոկտ. Փոլ Քրէյկ Ռոպըրթս, իր այս գրութիւնը տուած է «Տեղեկատուութեան Պարզաբանութեան Տուն» (ՏՊՏ – ICH, Information Clearing House) կայքէջին, եւ լոյս տեսած է 24 Յունուար 2008 թուականի թողարկումին մէջ (http://www.informationclearinghouse.info/article19142.htm)։
Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան (Դրամատիրութեան) անբարոյականութիւնը խարանիչ ոճով փաստելու համար, Դոկտ. Ռոպըրթս նախ կը մէջբերէ Արեւմուտքէն հինգ զինուորական առաջնորդներու մէկ պնդումը, որ կ՚ըսէ. «Զանգուածային բնաջնջումի զէնքերուն գործածութիւնը կանխարգիլելու համար, ամէնէն ազդու միջոցը կորիզային զէնքի առաջին գործածութեան դէպքին պահպանութիւնն է որպէս ազդարարութիւն»։
Ան կ՚ըսէ թէ՝ երեք անգամ կարդացած է այս նախադասութիւնը, հասկնալու համար ասոր ըսել ուզածը եւ հասկցած է, թէ՝ կորիզային զէնքի գործածութիւնը կանխարգիլելու համար, ԱՄՆ-ի կողմէ՝ Հիրոշիմայի եւ Նաքազաքիի վրայ կատարածին յիշատակին նախընթացին պահպանումով (այդ զէնքին առաջին գործածողը ըլլալով), ազդու կերպով կանխարգիլուած կ՚ըլլայ այդ զէնքին գործածութիւնը ուրիշներու կողմէ…։ Ուրեմն, միայն Արեւմուտքին արտօնուած է կորիզային զէնքով ուրիշ ժողովուրդներ ջարդել, որպէսզի ուրիշներ չգործածեն այդ զէնքը։ Ո՞ւր է բարոյականը այս նախադասութեան մէջ, հարց կու տայ ան։ Եւ կը բացատրէ թէ՝ այս նախադասութիւնը մէջբերուած է այն տեղեկագրէն, զոր Արեւմուտքի հինգ զինուորական առաջնորդները (ամերիկացի մը, գերմանացի մը, հոլանտացի մը, ֆրանսացի մը եւ բրիտանացի մը) ներկայացուցած են ՕԹԱՆ-ի 2008 թուի Ապրիլի գագաթաժողովին (այս տեղեկագիրը կարելի է գտնել www.guardian.co.uk կայքէջի վրայ)։ Եւ կ՚աւելցնէ՝ չկարծէք թէ այս զինուորական առաջնորդները ախտավարակ յիմարանոցի մը փախստականներ են, այլ՝ ականաւոր հրամանատարներ, եւ անոնք կ՚ըսեն թէ՝ Արեւմուտքի արժեհամակարգը եւ ապրելակերպը վտանգուած են, բայց Արեւմուտքը վճռած է պաշտպանել զանոնք, սակայն ՄԱԿ-ը եւ Եւրոմիութիւնը կը տկարացնեն ՕԹԱՆ-ը, որուն հաւաստիութիւնը վտանգուած է Աֆղանիստանի մէջ։ Եւ եթէ ՕԹԱՆ-ը չյաղթէ Աֆղանիստանի մէջ, արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը պիտի տապալի այնպէս՝ ինչպէս տապալեցաւ Սովետ Միութիւնը։ Արեւմուտքը դեռեւս չանդրադառնար, թէ՝ որքա՜ն տկարացած է եւ թէ զօրանալու համար, ան դեռեւս կարիքը ունի արձակելու շատ աւելի մեծ թիւով եւ շատ աւելի մեծ չափի ռումբեր… (Դոկտ. Ռոպըրթսի դրամատիրութեան տուած ամենամեղմ «անբարոյական» բնութագրումին յաջորդեց Վատիկանի Պապին բնութագրումը՝ «արդի ստրկատիրութիւն»… իսկ 170 տարիներ առաջ, Ք. Մարքս զայն բնութագրած էր՝ «բարբարոսութիւն», երբ գրած էր «Մարդկութիւնը այսօր կոչուած է ընտրելու՝ բարբարոսութեան եւ քաղաքակրթութեան միջեւ… դրամատիրութեան եւ սոցիալիզմի միջեւ»)։
Դոկտ. Ռոպըրթս կը գրէ թէ՝ տեղեկագրին մէջ, գերմանացի զինուորական առաջնորդը կը քննադատէ Գերմանիոյ (Մերքելի գլխաւորած) կառավարութիւնը, քանի որ ան արգելք կ՚ըլլայ գերմանական միլիթարիզմի (զինուորապաշտութեան) վերադարձին, ինչ որ Արեւմուտքը անկարող կը դարձնէ պաշտպանելու իր արժեհամակարգն ու ապրելակերպը, եւ կը կրճատէ գերմանական զինուժը Աֆղանիստանի մէջ։ (Դոկտ. Ռոպըրթս ափսոսանքով դիտել կու տայ թէ այս գերմանացի զինուորական հրամանատարը՝ իրօք փախստական մըն է վտանգաւոր խելագարներու յիմարանոցէ… երբ գերմանական միլիթարիզմին վերադարձը կը պահանջէ, մինչդեռ Բ. Աշխարհամարտը մղուած էր այդ միլիթարիզմին դէմ՝ աւերելով աշխարհն ու Գերմանիան, եւ տասնեակ միլիոններ սպաննելով, որոնց շարքին՝ միլիոնաւոր գերմանացիներ…)։
Դոկտ. Ռոպըրթս նոյն ափսոսանքով կը գրէ թէ՝ այս տեղեկագիրը ողջունած է դարձեալ գերմանացի ռազմապաշտ պետական պաշտօնակատար մը՝ Ռոն Ասմոս անուն, այս տեղեկագիրը նկատելով «Զարթնելու Կոչ Մը» դժբախտաբար՝ «Բիրտ Աշխարհ»ի սպառնալիքներուն հանդէպ, փոխանակ զարթնելու կոչ մը ուղղելու՝ Արեւմուտքի առաջնորդներուն, զարթնելու իրենց խելագարութենէն…։
Բայց թէ ովքեր կամ ինչ բաներ կը սպառնան Արեւմտեան արժեհամակարգին եւ ապրելակերպին, անոնք կ՚ըսեն՝ քաղաքական մոլեռանդութիւնը, կրօնական աւանդապաշտութիւնը եւ կորիզային զէնքերու վերահաս տարածումը։ Այս է պատասխանը յիմարանոցի հինգ փախստականներուն…։
Եւ հարց կու տայ թէ՝ քաղաքական մոլեռանդութիւն ըսելով որո՞նց կ՚ակնարկեն այս հինգը. արդեօ՞ք նախագահ Պուշի գլխաւորած Նոր-Պահպանողականներուն (the neo-conservatives), որոնք կը հաւատան թէ՝ մարդկութեան ապագան կախեալ է Միացեալ Նահանգներու միահեծան իշխանութեան համայն աշխարհի վրայ հաստատումէն…։ Կրօնական աւանդապահութիւն ըսելով, արդեօ՞ք կ՚ակնարկեն Արմակետտոնի զօրակոչ ընող «աւետարանականներո՞ւն», կամ՝ քրիստոնեայ եւ իսրայէլացի սիոնականներո՞ւն, որոնք հիւլէական յարձակում մը կը պահանջեն Իրանի վրայ (ի դէպ՝ նախապէս ալ, հայ սիոնականներ, ԱՄՆ-էն կը պահանջէին հիւլէական ռմբակոծում մը Սովետ Միութեան վրայ… որուն մաս կը կազմէր Արեւելահայաստանը)։ Իսկ կորիզային զէնքերու տարածում ըսելով, արդեօ՞ք կ՚ակնարկեն Իսրայէլի չհրապարակուած եւ ապօրինի կերպով ձեռք բերուած մի քանի հարիւր կորիզային զէնքերուն…։
Ո՛չ, կ՚ըսէ Դոկտ. Ռոպըրթս, եւ կը շարունակէ թէ՝ այս խելագարած փարանոյաքները՝ քաղաքական ու կրօնական ամէն մոլեռանդութիւն եւ մարդկութեան սպառնացող վտանգները կը գտնեն Արեւմտեան Քաղաքակրթութենէն (ներառեալ Իսրայէլէն) ԴՈՒՐՍԸ՝ «տակաւ բիրտ դարձող աշխարհի»ին մէջ…։ Իսլամները մոլեռանդ են… բոլոր սպիտակ «տղաք»ը բանական են եւ առողջ մտքով…։
Եւ՝ քմծիծաղով կը շարունակէ հինգերուն զառանցանքը թէ՝ ոչ մէկ բրտութիւն կայ ԱՄՆ-ՕԹԱՆ-ի ռմբակոծումներուն մէջ՝ Սերպիոյ, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի վրայ, կամ Իսրայէլի ռմբակոծումներուն՝ Լիբանանի վրայ, կամ Իսրայէլի էթնիկ մաքրագործումին՝ Արեւմտեան Ափին մէջ, կամ՝ Կազայի պաղեստինցիներու ցեղասպանութեան մէջ…։ Այս ամէնը, նոյնպէս՝ Ամերիկայի ռմբակոծումները Սոմալիոյ վրայ, Ամերիկայի գործած խենէշ չարչարանքները՝ գաղտնի զնտաններուն մէջ, ցուցադրական դատավարութիւններու անթիւ ձերբակալեալներու, ընտրեալ կառավարութիւններու տապալումը եւ անոնց տեղ մանկլաւիկ կառավարիչներ հաստատելու միջամտութիւնները՝ բրտութիւն չեն, այլ՝ «Բիրտ Աշխարհ»ը հնազանդ պահելու համար Արեւմուտքի անհրաժեշտ հակադարձութիւններն են…։ Բրտութիւնները կը կատարուին բացառապէս «Բիրտ Աշխարհ»ին մէջ, եւ միմիայն անոր մեղքով։ Այս բրտութիւններէն ոչ մէկը պիտի պատահէին, եթէ՝ «Բիրտ Աշխարհ»ի բնակիչները կատարէին միայն այն արարքները, որոնք պահանջուած են իրենցմէ կատարել…։ Քաղաքակիրթ աշխարհը, որ բարոյականութեան մենաշնորհը ունի, ինչպէս կրնար արտօնել «Բիրտ Աշխարհ»ի մարդոց վարուիլ անկախօրէն… մեղա՜յ Աստուծոյ, անոնք կրնային յարձակիլ անմեղ երկրի մը վրայ…։ «Բիրտ Աշխարհ»ը կը բաղկանայ անբարոյ մոլեռանդներէ, որոնք կը մերժեն Արեւմուտքին կողմէ լուսանցքայնացուիլ, եւ՝ իրենց վրայ օդային զանգուածային հազարաւոր ռմբակոծումներուն իրենց հասցուած մահուան եւ աւերումին կը պատասխանեն անձնասպանական ռումբերով…։
Եւ, աւելի կծու հեգնանքով կը շարունակէ՝ Արեւմուտքի այս զինուորական առաջնորդները, երբ տեսան որ Արեւմուտքը իր աւանդական զէնքերով չկրցաւ իր կամքը պարտադրել իր ներխուժած երկիրներուն, ներկայիս, պատրաստ են՝ համախոհաբար բարոյական աշխարհի կամքին հետ, բնաջնջելու այս ընդդիմացող ժողովուրդները։ Կը հասկնա՞ք՝ Արեւմուտքը, ունեցած ըլլալով մենաշնորհը՝ բարոյականութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան։ Միւս արտաքին աշխարհի մարդիկը, ուրեմն, ակներեւօրէն չարեր են, նենգամիտ ու բիրտ։ Հետեւաբար, նախագահ Պուշ մեզի կը թելադրէ կատարել շատ պարզ ընտրութիւն մը՝ Բարիին ու Չարին միջեւ… եւ կը պարզուի որ բնաջնջուելու ամէնէն լաւ թեկնածուն Չարն է…։ Որքան շուտ մենք կարենանք ձերբազատուիլ «Բիրտ Աշխարհ»էն, այնքան կանուխ մենք պիտի ունենանք ազատութիւն եւ դեմոկրատիա՝ ամենուրեք, այդ «Բիրտ Աշխարհ»էն դուրս։
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգները՝ աշխարհի բարոյական մեծ լոյսը, նորերս ՄԱԿ-ին արգելք եղաւ, որ կարենայ վերահսկել աշխարհի բարոյական միւս մեծ լոյսին՝ Իսրայէլի այն գործողութեան վրայ, որուն միջոցով Իսրայէլ պիտի արգիլէ դէպի Կազա առաքումները՝ ուտեստեղէնի, դեղօրայքի եւ ելեկտրուժի։ Կը հասկնա՞ք՝ Կազա կը գտնուի արտաքին «Բիրտ Աշխարհ»ին մէջ, եւ ուրեմն՝ որջն է Չար «տղոց»… (Իսրայէլի այս արարքները ոչ միայն անբարոյական են, այլեւ՝ «պատերազմի ոճիր»ներ են Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, որոնք արգիլուած են նոյնիսկ բաց պատերազմի մէջ գտնուող երկու պետութեանց բանակներուն…)։ Մանաւանդ անոր համար, որ այդտեղի նենգամիտ պաղեստինցիները խաբեցին Միացեալ Նահանգները, երբ ԱՄՆ-ը արտօնեց անոնց՝ ազատ ընտրութիւններ կատարել։ Փոխանակ ընտրելու ԱՄՆ-ի թեկնածուն, նենգամիտ քուէարկողները ընտրեցին զիրենք ներկայացնող կառավարութիւն մը….։ Եւ հիմա սովամահ ըլլալու դատապարտուած են՝ մինչեւ որ անոնք ընտրեն ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի առաջադրած կառավարութիւնը։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մենք «Բիրտ Աշխարհ»ի մարդոցմէ ակնկալել, որ անոնք գիտնան թէ ո՞րն է իրենց համար լաւագոյնը…։
ՄԱԿ-ի փորձը՝ կասեցնելու Իսրայէլի արդար պատժամիջոցը կազացիներուն դէմ, ցոյց կու տայ հինգ զինուորական առաջնորդներու տեղեկագրի այն հաստատումին ճշմարտութիւնը թէ՝ ՄԱԿ-ը սպառնալիք մըն է Արեւմուտքի արժեհամակարգին եւ ապրելակերպին։ Իրօք, ՄԱԿ-ը մեզի դէմ է։ (Հոս, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովն է՝ յիմարանոցէն փախստական զինուորական առաջնորդներուն նկատի ունեցած թշնամին։ ՄԱԿ-ը ունի որոշում կայացնող երկու կառոյց՝ Ապահովութեան Խորհուրդը եւ Ընդհանուր Ժողովը։ Ընդհանուր Ժողովի որոշումները կը տրուին ձայներու մեծամասնութեամբ։ Ուրեմն, աւելի դեմոկրատական է քան Ապահովութեան Խորհուրդը, որ հակա-դեմոկրատական է եւ խտրական՝ մնայուն հինգ անդամներուն տալով վէթոյի իրաւունք։ Ուրեմն ճիշդ է թէ՝ բարոյական տեսակէտէն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը դէմ է Արեւմուտքի բռնատիրութեան, եւ «Բիրտ Աշխարհ»ի մաս կը կազմէ)։ Այս պատճառով, ան կը գտնուի արտաքին՝ «Բիրտ Աշխարհ»ի մէջ, եւ ուրեմն՝ կը դառնայ թեկնածու բնաջնջուելու, եթէ զայն ուղղակի ահաբեկչական կազմակերպութիւն չնկատենք…։ Ինչպէս մեր նախագահը ըսաւ. «Դուն մեր հե՞տ ես, թէ՝ մեր դէմ» (Արեւմուտքի նէօ-պահպանողականներու «վարդապետն ասաց»ը…)։
Դոկտ. Ռոպըրթս կը շարունակէ, պարզելով Պաղեստինեան Դատին էութիւնը։
ԱՄՆ եւ Իսրայէլ, Պաղեստինի մէջ պէտք ունին խամաճիկ կառավարութեան մը, որպէսզի կեթթոյացուած Պաղեստինին մնացորդացը կարելի ըլլայ յարմարցնել «երկու պետութեան լուծում»ին։ Այսինքն՝ Իսրայէլի մէջ ներառել Արեւմտեան Ափն ալ, իսկ միւս պետութիւնը՝ պաղեստինցիներու կեթթօ մը՝ զուրկ տնտեսութենէ, ջուրէ եւ յարակցական սահմանագիծերէ։
Ասիկա անհրաժեշտ է պաշտպանելու համար Իսրայէլը՝ արտաքին «Բիրտ Աշխարհ»էն։
«Բիրտ Աշխարհ»ի բնակիչները շփոթ գաղափար ունին «ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունք»ին մասին, զոր ջատագոված են Արեւմուտքի առաջնորդները (այս իրաւունքը առաջին պաշտպանողները եղած են՝ Վլատիմիր Իլիչ Լենին եւ ԱՄՆ-ի 28-րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսոն՝ իր «14 կէտեր»ուն մէջ)։ Այս իրաւունքը տրուած չէ անոնց, որոնք կ՚ապրին Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան աշխարհէն դուրս, որոնց համար՝ Իսրայէլ պէտք է որոշէ…։ Երբ «ինքն» ըսենք, կը հասկնանք Ամերիկա, Իսրայէլ։ Մեզի այնքան ծանօթ է «Ամերիկեան Վճռորոշում» ասոյթը, որ կը նշանակէ՝ ԱՄՆ-ը կը վճռորոշէ եւ ուրիշները կը հնազանդին։
Եւ՝ «Բիրտ Աշխարհ»ի մարդիկն են, որ կը պատճառեն բոլոր չարիքները՝ իրենց անհնազանդութեամբ (Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, ազատ ինքնորոշման իրաւունքը erga omnes իրաւունք մըն է՝ բոլոր բոլորին պարտադիր, անկապտելի, անսակարկելի, անկասելի, անժամանցելի, անփոխանցելի եւ… նոյնիսկ՝ անհրաժարելի անոր իրաւատէրին կողմէ…)։
Հոս կ՚աւարտի Դոկտ. Ռոպըրթսի գրութեան բնութագրումը Արեւմուտքի սխալմամբ «քաղաքակրթութիւն» կոչուած ստրկատիրութեան՝ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի բնութագրումով։ Այս ստրկատիրութիւնը, եթէ ըստ ձեւի, տարբեր է հնադարեան ստրկատիրական դարաշրջանէն՝ երբ հինի շղթաներուն փոխարէն կը գործածէ կորիզային նախայարձակումի սպառնալիքը, իբր արդիական ստրկատիրութիւն, սակայն ըստ էութեան, տարբեր չէ՝ քանի որ կը պահանջէ հնազանդութիւն, որ արդի ժամանակներու յատուկ եւ հնարաւոր ստրկամտութիւնն է…
Օտար պետութեան մը հնազանդ կ՚ըլլայ միայն այն քաղաքացին, որ ստրկամիտ դարձած է՝ կորսնցուցած ըլլալով իր ազգային հպարտութիւնը…։
Այս ճշմարտութիւնը, 19-րդ դարու վերջերուն, բրիտանական Լորտերու Պալատի նիստերէն մէկուն մէջ բացատրած է Պալատին մէկ ծերունազարդ անդամը (որուն անունը այժմ չեմ կրնար յիշել), Պալատը համոզելու համար թէ՝ Հնդկաստանի գաղութացումը հեռանկար չունի, ապագայ չունի, քանի որ ինք՝ Հնդկաստան իր կեցութեան ընթացքին, հնդիկ թշուառ ու կիսագրագէտ կօշիկի ներկարարին մօտ անգամ հաստատած է անոր ազգային հպարտութիւնը։
Ուրեմն, ամերիկեան ու սիոնական իմփերիալիստներու համաշխարհային ոստիկանապետութեան կը հնազանդին միմիայն այն երկիրները (եւ այդ երկիրներու միմիայն այն քաղաքացիները), որոնք փոքրամասնութիւն կ՚ըլլան իբր կանոն, որոնք կորսնցուցած են իրենց ազգային հպարտութիւնը…։ Ահա թէ ինչու Մեծն Վահան Թէքէեան եւ Մեծն Անդրանիկ Անդրէասեան յաճախ կրկնած են. «Օդի, ջուրի եւ հացի նման՝ մենք պէտք ունինք ազգային հպարտութեան»…։
Եւ այդ հպարտութիւնը զգացականը չէ, կոյրը չէ, սնապարծութեանը չէ, օդայինը կամ պղպջակայինը չէ, եւ կամ՝ փքուռուցայինը չէ, այլ՝ կը հիմնուի ժողովուրդի մը անցեալի պատմութեան, նուաճումներուն, կերտած քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին եւ՝ իր առաջնորդներուն մեծ իրագործումներուն, բարոյական, քաջագործական ու հերոսական ու հայրենասիրական վարք ու բարքին վրայ։
Եթէ մեր ժողովուրդին ներկայի եւ վաղուան առաջնորդները մօտէն կամ հեռուէն նմանին այս հինգ զինուորական առաջնորդներուն, ներկայ եւ գալիք սերունդները ազգային հպարտութիւն ունենալու հիմք չեն ունենար…։ Եւ երբ կորսնցնեն այդ հպարտութիւնը, կը հնազանդին օտարազգի զօրաւորին, կ՚ըլլան անոր ստրուկը…։ Օտարազգի զօրաւորին հնազանդիլը, սոսկական անբարոյ ստրկամտութիւն չէ, այլ՝ հայրենադաւութեան, մահապարտութեան արժանի ոճիր։ Իսկ բուն ոճրագործները՝ յոռի վարք ու բարքով առաջնորդները։
Հասարակական կեանքի մէջ գործունէութիւնը, հանրային պաշտօնատարութիւնը, սուրբ եւ նուիրական աշխատանք է։ Անարժանները պէտք է դուրս ելլեն այդ դաշտէն։ Անարժանները պէտք չէ ընտրել կամ նշանակել այդ պաշտօններուն, մեղսակից չըլլալու համար հայրենադաւներուն…։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Պէյրութ
24 Փետրուար 2019