ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Այս տարի մտադրութիւն չունէի հարիւր տարի առաջ Մոսկուայի մէջ կնքուած տխրահռչակ «Բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» համաձայնագիրին անդրադառնալու: Համաձայնագիր մը, որուն դառնաղէտ հետեւանքները առ այսօր կը կրենք բոլորս:
Կ’ակնկալէի, որ հայրենի պատմաբաններ լիարժէք պատասխանէին թուրք-ազերիական ստաբանութիւններուն: Չկատարուեցաւ անհրաժեշտը: Մատի վրայ հաշուող անաչառ պատմաբաններ արձագանգեցին:
Ազերիական մամուլը շռնթալից եւ աներեւակայելի գնահատականներով արձագանգեց Մոսկուայի համաձայնագիրին՝ զայն ներկայացնելով շառաչուն հարուած հայ ժողովուրդին ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ:
Բայց արդեօ՞ք այդ էր իրականութիւնը:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենաճակատագրական համաձայնագիրը կը կնքուէր առանց անոր ներկայացուցիչներու մասնակցութեան: Իրաւականօրէն բանակցութիւններէն կը բացակայէր միջազգային ընտանիքէն ճանչցուած երկիր մը՝ Հայաստանի հանրապետութիւնը: Անոր հաշուոյն, երկու այլ պետութիւններու անունով ( Խորհրդային միութիւնը այդ պահուն չէր վայելեր միջազգային ճանաչում, Մուսթաֆա Քեմալի շարժումը չէր ներկայացներ Թուրքիան) կը կնքուէր ապօրէն համաձայնութիւն մը:
Ռուս-թրքական յաւերժ բարեկամութիւնը, ռուս-թուրք երկու «մեծ» ժողովուրդներուն անխախտ բարեկամութիւնը փառաբանելէ ետք թշնամիին մամուլը պատմական կեղծիքը քողարկելու մտահոգութեամբ արդարացումի փորձեր կը կատարէր, իբրեւ թէ միջազգային բազմաթիւ խորհրդաժողովներ վերահաստատած են սոյն համաձայնագիրին վաւերականութիւնը, վկայելով՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին ճշդուած սահմանները անփոփոխ պահելու 1975-ի Հելսինքիի ուխտը, որուն տակ ստորագրած էին Խորհրդային միութիւնը եւ Թուրքիան:
Ազերիական մամուլը նաեւ կը վերյիշեցնէր՝ 22 օգոստոս 1978-ին վարչապետ Սուլէյման Տեմիրելի Մոսկուա այցելութիւնը, ուր երկու պետութիւնները վերահաստատած են իրարմէ հողային պահանջներ չունենալու իրողութիւնը՝ աւելցնելով Թուրքիոյ սահմանները վերանայելու դէմ պաշտօնական Ռուսիոյ կեցուածքը:
Թուրք-ազերիական քարոզչական մեքենան կը մոռնայ, որ Կարսի համաձայնագիրը անընդունելի կը նկատուի միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, որովհետեւ ան կնքուած է միջազգային ընտանիքին պաշտօնապէս անծանօթ երկու պետութիւններու անունով՝ Ազգերու լիկայի կողմէ Տէ Ֆաթքօ ճանչցուած երրորդ պետութեան մը հաշուոյն եւ անոր բացակայութեան… : Ընթերցողին կ’արժէ յիշեցնել, որ 10 օգոստոս 1920-ին կնքուած Սեւրի հաշտութեան համաձայնագիրով Հայաստանի հանրապետութիւնը Թուրքիոյ կողմէ կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:
1969-ին, Վիեննայի մէջ կայացած միջազգային խորհրդաժողովէն բխած որոշումներուն 2-րդ յօդուածի առաջին ենթաբաժինը՝ համաձայնութիւն մը կը բնորոշէ իբրեւ «պետութիւններու միջեւ գրաւոր կնքուած եւ միջազգային իրաւունքի վրայ խարսխուած միջազգային համաձայնութիւն»: Այսինքն՝ անհրաժեշտ է, որ համաձայնագիր կնքող կողմերէն իւրաքանչիւրը ըլլայ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան օրինական կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչը:
Ինչպէս ծանօթ է, Մոսկուայի համաձայնագիրը կնքուած է Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Սովետական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութեան միջեւ: 16 մարտ 1921-ի դրութեամբ, Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Սովետական Հանրապետութեան կառավարութիւնը չունէր համաձանյագիր կնքելու իրաւասութիւն: Անիկա միայն 1924-ին ՝ ԽՍՀՄ տարազով ստացաւ միջազգային օրինական ճանաչում: Իսկ մինչեւ 1921 թուականը տեղի ունեցած «ճանաչումները» բխած են չճանչցուած պետութիւններէ: Օրինակ, սովետական կառավարութիւնը 1920-ին ճանչցած է Պալթեան երկիրները, սակայն Դաշնակից ուժերը մերժած են զայն ճանչնալ, որովհետեւ սովետական կառավարութիւնը իբրեւ պետութիւն միջազգայնօրէն ճանչցուած չէր այդ ժամանակ:
Նոյնն էր վիճակը Թուրքիոյ «Ազգային Մեծ Ժողովի» կառավարութեան պարագային: Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւններուն առկայութեան, քեմալականները չէին ներկայացներ Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնը: Մոսկուայի համաձայնագիրը կը ստորագրէր ոչ թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այլ՝ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը, իսկ Մուսթաֆա Քեմալը իբրեւ քրէական յանցագործ կը հետապնդուէր այդ օրերուն: Փաստօրէն Քեմալի խմբաւորումը իրաւունք չունէր թրքական կառավարութիւնը ներկայացնելով նման համաձայնագիր ստորագրելու որեւէ պետութեան հետ:
1920-ականներու սկիզբը Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունէր երկու իշխանութիւն՝ Ազգային ուխտը եւ Անգարայի Ազգային մեծ ժողովի ( Քեմալականներ) կառավարութիւնները:
Համաձայնագիրին Հայաստանի վերաբերող հատուածը միջազգային իրաւունքի խախտում մըն է, որովհետեւ համաձայնագիր մը կրնար վերաբերիլ զայն ստորագրող կողմերուն եւ որեւէ իրաւունք չի վերապահեր անոր մաս չկազմող կամ չմասնակցող կողմերուն: Այս հիմնադրոյթը արձանագրուած է Համաձայն գրային իրաւունքի Վիեննայի ուխտի 34-րդ յօդուածին մէջ, «A treaty does not create either obligations or rights for a third State without its consent»:
Յուլիս ամսուան (1920) ռուս-թրքական առաջին բանակցութիւններու ձախող աւարտէն վեց ամիս ետք Անգարա պաշտօնական նամակով բանակցութիւններու նոր սեղան մը պահանջեց Խորհրդային իշխանութենէն: Մոսկուա ընդառաջեց: Ի տարբերութիւն նախորդներուն, Մոսկուա պահանջեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը նոր բանակցութիւններուն: Թուրքիա յօժարեցաւ:
Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը, Մոսկուա ժամանելէ առաջ, Կարսի մէջ նախնական խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, ծագումով վրացի Պուտա Մտիվանիիի հետ: Այս վերջինս անմիջապէս հաւանութիւն տուաւ Արեւմտահայաստանէն եւ Կարսէն հրաժարելու Թուրքիոյ պայմաններուն: Նշենք, թէ Կարսի շրջանը 1878-էն իվեր կը գտնուէր ռուսական իշխանութեան տակ:
Թրքական պատուիրակութիւնը Մոսկուայի ճանապարհին տասնօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պաքու: Պատուիրակութիւնը, դէպի Մոսկուա ճամբայ ելլելէ անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի Յեղկոմի նախագահ Նարիման Նարիմանովը նամակ մը յղեց Վլատիմիր Լենինին, «Իմբերիալիստական Հայաստանի» դէմ «Յեղափոխական Թուրքիոյ» պաշտպանութեամբ:
Պէտք է արձանագրել, որ Ռուսիոյ արտաքին գործերու ժողկոմ Գէորգի Վասիլեւիչ Չիչերինը, անոր տեղակալ Լեւոն Կարախանը եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ լիազօր Բ. Լեկրան ընդդիմացան Թուրքիոյ պայմանները անմիջապէս ընդունելու Մտիվանիի երաշխիքներուն, սակայն Լենին, Սթալին, Թրոցքի եւ ուրիշներ պաշտպանեցին անոր հաւաստիքները:
Թրքական պատուիրակութիւնը Մոսկուա հասնելէ քանի մը օր ետք յայտարարեց, թէ լիազօրութիւն չունէր խորհրդային Ռուսիոյ այլ հանրապետութիւններէն ժամանած պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպելու: Թուրքիոյ այս պահանջը շատ հարազատ հնչեց Մոսկուային, որովհետեւ 18 փետրուար 1921-ին, ապստամբութիւն տեղի ունեցած էր Հայաստանի մէջ: Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած «Փրկութեան կոմիտէ»ն չէր ճանչնար Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Բեկզադեանի լիազօրութիւնները: Իր կարգին, Մոսկուա մերժեց «Փրկութեան կոմիտէ»-ի ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը Մոսկուայի մէջ նախատեսուած խորհրդաժողովին: Փաստօրէն Հայաստանի հետ առնչուած բազմաթիւ հարցեր առանց անոր մասնակցութեան պիտի քննարկուէին Մոսկուայի մէջ:
Հայ համայնավար գործիչներ՝ Ասքանազ Մռավեան, Ալեքսանտր Բեկզադեան, Սահակ Տէր Գաբրիէլեան Լենինէն խնդրեցին չհրաժարիիլ Կարսէն, սակայն վճռական պատասխան ստացան Լենինէն. «Հասկացէք, ընկերներ, այս պահուն Ռուսիան չ’ուզեր եւ չի կրնար կռուիլ, մասնաւորաբար Կարսի վրայ»: Մռավեան իր յուշերուն մէջ գրած է, թէ Լենինը թրքական քաղաք կը նկատէր Կարսը ( Տես՝ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան,«Երեք Դաշնագրեր, Պէյրութ, 1979, էջ 95):
Կարսը իւրացնելու Թուրքիոյ յաւակնութիւնները կու գան հինէն: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Կարսի նահանգը ազատագրուեցաւ Թուրքիայէն, սակայն ռուսական բանակին հեռանալուն հետեւանքով դարձեալ բռնագրաւուեցաւ: Մուտրոսի զինադադարէն ետք թուրքերը պարտաւոր էին հեռանալ մինչեւ 1 օգոստոս 1914-ի սահմանները: Հայաստանի անկապտելի մաս կազմող Կարսի նահանգը պիտի վերադարձուէր Հայաստանի հանրապետութեան: Մուտրոսի համաձայնութեան գործադրութեան լիազօրութիւնը դրուած էր Բրիտանիոյ ուսերուն վրայ: Հակառակ բրիտանացիներու երկդիմի քաղաքականութեան, ռուս-թրքական գաղտնի սիրաբանութեան, Կարսի նահանգը վերադարձուեցաւ տիրոջը՝ Հայաստանի հանրապետութեան:
Խորհրդաժողովի նախօրէին Սթալին թրքական պատուիրակութեան խոստացաւ Հայկական հարց չքննարկել Մոսկուայի բանակցութիւններուն: Սթալինը մինչեւ իսկ Լենինը զգուշացուցած էր, որ Չիչերինին չարտօնուի Հայկական հարցը արծարծել խորհրդաժողովի ընթացքին: Երբ հետագային՝ 30 նոյեմբեր 1921-ին, 11-րդ բանակը Իջեւանի ճանապարհով Հայաստանի հանրապետութեան մայրաքաղաքը մուտք գործեց, Սթալինը հեռագիրով դարձեալ զգուշացուց Սերգօ Օրջոնիկիձէն եւ Բ. Լեկրանը՝ «Կարսի համար պէտք չէ կռուիլ քեմալականներուն դէմ»: Խորհրդային իշխանութիւնը բացայայտօրէն Թուրքիոյ կողմ հակուած էր: Լենին, Սթալին եւ ընկերներ տխուր դերակատարութիւն ունեցան Մոսկուայի խորհրդաժողովին:
16 Մարտի համաձայնագիրը ստորագրելու նախօրէին Լենին, Սթալին եւ ընկերներ բռնած էին «իմբերիալիստական Հայաստան»-ի դէմ «յեղափոխական Թուրքիան» պաշտպանելու ուղին:
Խորհրդային Ռուսիան Արեւելքի մէջ սոցիալիստական յեղափոխութեան դրօշակակիր կը դիտէր քեմալական Թուրքիան:
26 փետրուար 1921-ին առաւօտեան Չիչերին, առանց Հայաստանի մասնակցութեան, յայտարարեց Մոսկուայի խորհրդային-թրքական Մոսկուայի երկրորդ խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը: Արդէն իսկ քուլիսներու ետին լուծուած էին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին վերաբերող հարցերը: Խորհրդաժողովը ձեւական բնոյթ կը կրէր: Չիչերինը յայտարարեց, թէ նոր դարագլուխ բացուած էր ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ: Ան քննադատեց Սեւրի դաշնագիրը, ուր Թուրքիան պիտի կորսնցնէր իր մայրաքաղաքը, Փոքր Ասիոյ երկու երրորդը եւ պիտի անցնէր Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ ազդեցութեան տակ: Չիչերինի խօսքերով՝ Ռուսաստանի մօտիկ բարեկամը դարձած էր ո’չ թէ Ապտիւլ Համիտի հին Թուրքիան, ո’չ թէ Պրեսթ-Լիթովսքիի Թուրքիան, այլ նո’ր վերակառուցուող Թուրքիան…:
Թրքական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ալի Ֆուատ փաշան Ռուսիայէն պահանջեց ճանչնալ 28 յունուար 1920-ի Թուրքիոյ Ազգային ուխտը, որուն համաձայն՝ իբրեւ Թուրքիոյ տարածութիւն անհրաժեշտ էր ճանչնալ Մուտրոսի համաձանյագիրը կնքուած պահուն ( 30 հոկտեմբեր 1920) անոր սահմանները: Փաստօրէն ամբողջ Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան բռնագրաւելէ ետք Թուրքիան կը յափշտակէր Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի շրջանները:
Ռուսիոյ կառավարութիւնը, խախտելով միջազգային բոլոր հասկացութիւնները, ապօրինաբար չեղեալ կը յայտարարէր օտար պետութիւններու հետ Թուրքիոյ օրինաւոր կառավարութիւններուն ստորագրած համաձայնագրերը:
Մուսթաֆա Քեմալը մէկ կողմէ՝ «Դէպի Արեւմուտք» կարգախօսով, Արեւմուտքի պետութիւնները կը սիրաշահէր, միւս կողմէ՝ Խորհրդային Ռուսիան: Քեմալը ոչ միայն իւրացուց Կարսը, Արտահանը այլեւ զէնք, ռազմամթերք եւ ոսկի ստացաւ, որպէսզի շարունակէ կոտորել յոյները, հայերը եւ մնացեալ փոքրամասնութիւնները:
Սեւ ծովու եւ նեղուցներու անվտանգութեան վերաբերեալ թրքական երաշխիքները Արեւմտեան Հայաստանի տարածութիւններէն շատ աւելի ռազմավարական նշանակութիւն ունէին խորհրդային Ռուսիոյ իշխանութիւններուն:
Կարսի յանձնումին առթիւ Խորհրդային եւ արտասահմանեան բազմաթիւ պատմաբաններ այն կարծիքը յայտնած են, թէ ռուսերը Կարսը «նուիրեցին» թուրքերուն, որպէսզի պատժեն ապստամբ վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանը: Նման վարկած մը, հիմքեր ունենալով հանդերձ, այդ չէր Կարսը թուրքերուն յանձնելու պատճառը:
Մոսկուայի «Բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» համաձայնագիրը Հայաստանը կը զրկէր Մուտրոսի, Փարիզի, Լոնտոնի Սեւրի համաժողովներուն ստացած իրաւունքներէն եւ կը դնէր ծանր իրողութեան առջեւ:
Սուգի մէջ էր հայ ժողովուրդը: Քրեմլինին բողոք ներկայացուցին Աւետիս Ահարոնեանը, Պօղոս Նուպար Փաշան, եգիպտահայերը, փարիզահայերը, Սփիւռքի բոլոր զանգուածները, բայց ի զուր:
Այսպէս վախճան եւ հետեւանք ունեցաւ Մոսկուայի ազգադաւ, խայտառակ խորհրդաժողովը: