ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անմեղ հարցում մը. այս օրերուն ազգովին ո՞ւր ենք, ո՞ւր «կ՛երթանք», աւելի ճիշդ` ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՛ուզենք: Չէ՞ք տեսներ, որ մեր հայրենիքը տակն ու վրայ է, նաեւ տակն ու վրայ է հայու հոգեկան ատաղձը: Մեր հայրենիքէն ներս ամէն ինչ անորոշ եւ անկայուն է: Տեսանելի է, չէ՞: Կարծես ամէն բան գորշ է: Յաճախ` ողբերգական: Բայց դեռ կայ աւելին: Թշնամին ոտքը դրած է հայ կուրծքին վրայ եւ` պաշարած: Մեր կարգին, ոչ միայն մենք զմեզ պաշարած ենք, նաեւ հակառակորդներով ալ շրջապատուած ենք: Կ՛երեւի, թէ դարձեալ հոգեկան անապատը մեր մէջն է, եւ մահը` միշտ մեզի հետ: Դարձած ենք անզօր եւ խեղճ: Որովհետեւ, պարտուած երկիր ենք:
Կ՛ուզէ՞ք աւելին շարեմ: Ցաւալի վիճակ: Յիշեցնեմ. այս նեղ օրերուն Հայաստանի նախագահի հրաժարականը եւ, տակաւին, առանց նախապայմաններու հայ-թրքական երկխօսութիւնը… Արցախեան սահմանագիծներու ճշդումը… Այս բոլորը մեր մտքերը խառնած են: Դեռ շա՜տ ուրիշ «բաներ» ալ կան: Ո՞ր մէկը շարեմ: Դուք ինձմէ աւելին գիտէք արդէն: Ուղղակի ողբերգութիւն: Եւ չկայ աւելի մեծ ողբերգութիւն, քան մերը: Որովհետեւ, լաւ յիշեցէք, արցախեան երկրորդ պատերազմը, կարմիր գրիչը ձեռքին, մեր պատմութեան էջերը լեցուց: Սեւ, ցաւալի, տխուր եւ ամօթալի: Նոյն այս պատերազմը եկաւ բոլորիս խիստ խօսքեր ըսելու, որոնք անվայել էին հայուն համար: Մահացու եւ վիրաւորական ու կտրուկ: Արդիւնք` մեր բոլոր հին ու նոր երազները քանդեց եւ նոյնիսկ խորտակեց ու մեր երկիրը բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս ցուրտ դարձուց ու մեր կեանքը` հակասական: Այս բոլորը նորութիւններ չեն:
Ներկայիս, հոն` պապենական մեր հողին վրայ, ինչ որ կեանք կը կոչենք, հակասական է: Մահուան դէմ ամէնօրեայ պայքար կայ: Խորունկ ցաւ: Իրապէս որ կեանքին համը փոխուած է, կարծես անոր համար է, որ սփիւռքը յուսահատ է, անոր համար ներկայիս յուսախաբ կ՛երեւի:
Չենք անդրադառնար: Եւ ի տես այս բոլորին, յաճախ անտարբեր, յաճախ ալ շուարած` կը նայինք մեր ճակատագրի կոյր աչքին: Նոյնիսկ չենք գիտեր՝ ի՛նչ կ՛ընենք եւ ի՛նչ ընել կ՛ուզենք: Վերջ ի վերջոյ պէտք է հասկնանք, որ մենք զոհ ենք: Խաբուած ենք: Եւ որովհետեւ «տկար» ու մանաւանդ անմիաբան ենք, մեզ ամէն «բան» պարտադրած են: Յուսահատ ենք: Դժբախտ ազգ դարձած ենք, մեր երկրին պէս: Ու այս մէկը կը ցնցէ մեր գիտակցութիւնը: Ու ամէնէն վատը այս կացութեան հետ հաշտ ապրիլն է:
Կարծես ամէն օր մթութեան մէջ է, որ կը քալենք: Ներքին հարցերն ալ մեզ կլանած են: Մեր գոյութեան կշռոյթը տակաւին չենք գտած, իսկ միւս կողմէ ալ մեր երկիրը նետած ենք ներքին անիմաստ եւ տաք բոցերու ծալքերուն:
Մենք այսպէս չէինք: Արդեօ՞ք այսպէս էինք եւ չէինք գիտեր: Այսքա՜ն անմիաբան եւ իրարու ոխերիմ: Այսքա՜ն աթոռապաշտ եւ նոյնքան ալ… Չշարունակեմ: Կ՛ամչնամ:
Դժբախտաբար ամէն «բան» կայ` բացի տեսանելի նպատակէն: Նոյնիսկ ազգային գաղափարը տարբեր ձեւով կ՛ըմբռնուի: Անհասկնալի: Ներկան մեր աչքերուն մէջ անորոշ վիհ մըն է կարծես: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն չկայ: Կայ կոյր ատելութիւն եւ տագնապ:
Այնպէս կ՛երեւի, թէ մարդիկ մոռցած են, որ ազատ եւ անկախ Հայաստանը միայն պարզ գաղափար մը չէ, այլ նաեւ` հոգեկան իրականութիւն: Նաեւ մոռցած են, որ հայ ոգին կը զգեստաւորուի յոյսով եւ լոյսով: Ահա թէ ինչո՛ւ ունինք մտքերու պատկերաւոր ժխոր:
Արդ, անմեղ հարցում մը. ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պահել հայու հոգեկան բոլոր արժէքները: Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք:
Իսկ եթէ կայ հայօրէն ապրելու ցանկութիւն, ուստի պայման է իջնել դարերու խորքը, մեր կամքերը կանոնաւորող լծակներ փնտռել, ըլլալու մեր կամքը հաստատել, աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւել ու, մանաւանդ, որոնել մեր ազգային դարաւոր աւանդութիւններու բարոյական արժէքը եւ մեր հոգեկան դիմագիծը: Եթէ չգիտակցինք մեր ստեղծագործ ներքին ուժին, այն ժամանակ եւ հաստատապէս քանդած պիտի ըլլանք մեր երկիրը, մեր ապագան եւ, անշուշտ, կորսնցուցած` մեր ամբողջ ցեղը:
Ժամանակն է, որ այս բոլորը բաց աւետարանի նման միասին կարդանք եւ միեւնոյն ատեն ալ միասին սորվինք: Բանգէտներով շրջապատուած ենք, դժբախտաբար: Ամէն ինչ տեսարան է: Մարդիկ կամովին ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած են: Իր պապենական հողերուն վրայ այս օրերուն հայը կարծես հրաւիրուած հիւրի տպաւորութիւնը ունի, որովհետեւ իր իմացականութեան մէջ նստած է օտարը: Սկսած է պայուսակները պատրաստել եւ մեկնիլ… Ցաւալի իրողութիւն: Դարձեա՛լ արտագաղթ:
Միւս կողմէ ալ նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը: Առտու կանուխ արթնցողը անպայման ըսելիք մը ունի: Իր «գիտցածէն» եւ «չգիտցածէն» միշտ կ՛ուզէ բաժին մը հանել, տալ, որովհետեւ ինքզինք բանգէտ նկատած է: Ի՛նք միայն գիտէ: Պարզապէս` բառերու կոյտ: Բառեր ու միայն բառեր: Պարզապէս` զգացումներու խաբկանք: Պարզապէս` պրկուած կոկորդ, ուրկէ միշտ կը շարունակուին յոխորտացող, անզուսպ եւ անիմաստ կանչեր:
Ե՞րբ պիտի սորվինք, որ բառերով երկիր կարելի չէ կառուցել-կառավարել: Այս օրերուն եւ ինչպէս միշտ բառը կամ բառերը ձրի են եւ առատ, հացէն, ջուրէն եւ օդէն աւելի: Մարդիկ, նման «խօսողներ» եւ կամ խրատականներ «ցանողներ» մոռցած են, որ խօսքը եւ կամ բառը շատ յաճախ պղպջակի կը նմանի: Մոռցած են, որ կեանքի մէջ կարեւորը գործն է:
Ամէն առիթով ահազանգած ենք, որ արդէն մեր երկիրը «անդունդի» մը եզրին կը գտնուի, բայց երբեք չենք փորձած մօտենալ այդ անդունդին եւ փրկել պապենական այդ ամբողջ տարածքը: Ազգը պէտք է հաւատարիմ մնայ իր ընդերքին մէջ եղած հզօր ներուժին: Պէտք է գտնել ըմբռնողութեան հարազատ ձեւ: Հեռու` թերի տեսիլքներէ: Հայ ինքնութեան դրսեւորում կը կրկնենք շարունակ, որովհետեւ նման «բանի» անմիջական կարիքը ունինք: Կարօտը, եթէ կ՛ուզէք:
Ուրեմն, եթէ ա՛յս է իրականութիւնը, ապա ի՞նչ բանի կը սպասենք եւ ինչո՞ւ:
Լրջանա՛նք, համախմբուի՛նք եւ կրկին անգամ աշխարհի ցո՛յց տանք, որ մենք միշտ կա՛նք: Ու մի՛ մոռնաք, որ մեր մտքին մէջ կը ծփայ հայու ոգին: Մի՛ մոռնաք, որ հոն` մեր երիտասարդ հայուն մօտ, ներկայ է հայ հանճարը: Ներկայ է նաեւ նոր հայու մտքի շունչը, հայ հոգիի թռիչքին հետ:
Մնացեալը` ձեր խղճին…