Մեզի ծանօթ դասական թուրքին կենսակերպը, շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր, ինչ որ տեղ սկսած է տարբեր երանգներով դրսեւորուիլ …
Իրապաշտական մօտեցումը կը թելադրէր զգուշաւոր տրամաբանութեամբ հետեւիլ նորաստեղծ երեւոյթի զարգացումներուն, ուր տակաւ կ’ուրուագծուէր « այլախոհ թուրք »ին կերպարը, որ իր էութեամբ, իր աշխարհահայեացքով եւ նպատակներով ո’չ մեզի համախոհ, ո’չ ալ հայրենատեաց ըլլալ պիտի նշանակէր, այլ պարզապէս երկրին քաղաքական գաղափարախօսութեան դէմ իր բացարձակ վերապահութիւնն ու ըմբոստութիւնը արտայայտող քաղաքացիական նոր որակի մը դրսեւորումն էր, որ ի բնէ կը բացառէր՝ ո’չ մէկ պարագայի, ո’չ մէկ ատէն « հայասէր թուրք » ըլլալու տարբերակը…:
« Միւս Թուրքը » իր պատմական-ակադեմական, իրաւական, լրագրական, հրատարակչական եւ մշակոյթի բաղկացուցիչ զանազան բնագաւառներու մէջ ծաւալած առանցքային գործունէութ-եամբ, պարզապէս կը հակադրուի քաղաքական ոլորտներու մէջ երկրին պաշտօնական տեսակէտը արտայայտող դրսեւորումներուն, մեր՝ հայ ժողովուրդի պարագային՝, ե’ւս անխուսափելիօրէն իր հայեացքներն ու տեսակէտները հակադրելով Թուրքիոյ պետական դրուածքին հիմք ծառայող՝ հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան:
Այսօրուան տուեալներով « Միւս Թուրքին » նորաստեղծ ենթակառոյցը չի սահմանափակուիր անկախ մտաւորականներով, այլ կ’ընդգրկէ նաեւ երկրի տարածքին գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ եւ շարժումներ, ինշպէս նաեւ կարգ մը կուսակցութիւններ, որոնց տակաւ ձեւաւորուող ազատական հայեացքներու հասարակաց ենթահող ծառայած է 60ականներ-էն ետք մանաւանդ ձախակողմեան որոշ շարժումներու սկզբնաւորած գաղափարները, մինչ մեր պարագային հայ սփիւռքի տարածքին « Հայ Դատ »ի առանցքային մատոյցներուն մէջ ծաւալած ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւն ու համապատասխան հետեւողական աշխատանքները, դարձած են հիմնական դրդապատճառը երկրի տարածքին եւ անոր քաղաքական ու քաղաքացիա- կան դասական հոգեբանութեան մէջ, հայոց ցեղասպանութեան թեմայի արծարծումն ու քննարկու- մը իրականացման հունի մէջ դնելու, որ ինքնին անփոխարինելի գործօն էր բանալու երկրին պատմութեան մութ ծալքերը, քօղազերծելու երկրին ողջ հասարակութիւնը մտային մթագ-նումի դատապարտած պետական իրերայաջորդ վարչակարգերուն քաղաքականութիւնը, այս ընթացքին կամայ-ակամայ բացայայտելով երկրին պաշտօնական գաղափարախօսութեան հասարակաց յայտարարը հանդիսացող հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ անփոփոխ եղած է օսմանեան շրջանէն մինչեւ իթթիհատական ապա ե’ւ մինչեւ հանրապետական Թուրքիա անկախ տուեալ ժամանակահատուածի քաղաքական բովանդակ ուղութիւններու եւ հոսանքներու դրուածքէն, ըլլան անոնք պետական ցեղապաշտական վարքագիծով գործող կառոյցներ, կամ աւելի ուշ ձախա- կողմեան եւ ազատական շրջանակներու քաղաքական հայեացքներով առաջնորդուող ուժեր:
Թուրքիոյ մէջ « Միւս Թուրքեր » ով առաջնորդուող ժողովրդավարական շարժումները առաւե-լաբար քաղաքացիական-հասարակական էութեամբ կը նշանաւորուին, քան քաղաքական, հետե-ւաբար այս առումով տեղւոյն « կարմիր գիծերը » անցած յառաջապահ մտաւորականութիւնը, իր վարքագիծով որքան ալ մտահոգէ իշխանութիւնըեւ անոր լծակից կամ համակիր կառոյցներն ու շրջանակները, ներկայ տուեալներով անոնց համար այնքան ալ լուրջ սպառնալիք մը չի հանդիսա-նար, դեռ չհաշուած այն կարեւոր եււ անշրջանցելի հանգամանքը, որ Թուրքիոյ մէջ « ցեղասպանութիւնը հասարակական խնդիր չէ » այլ « քաղաքական խնդիր » եւ որքան ալ երկրին զինուորա-կանութիւնը իշխանութեան առաջին գիծին վրայ չգտնուելու պատրանքը ստեղծէ, սակայն իր հեղինակութիւնը զգալի կը դարձնէ հմանաւանդ հայկական հարցի պարագային… հետեւաբար, ա’լ կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ պետութեան իշխող բոլոր համակարգերու հիմքը՝ զինուորականութիւնն է, որուն թաքնեթաքուն բաւիղներուն մէջ կը խմորուի « ուրուային պետութեան » հայատեացութեամբ նշանաւորուող ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, որքան ալ արհեստական երեւոյթները նկրտին այդ հեղինակութիւնը վերագրել տուեալ ժամանակի մէջ իշխանութեան գլուխը անցած այս կամ այն քաղաքական կազմակերպութեան:
Բայց եւ այնպէս վերջին տասնամեակներուն մէջտեղ եկած որոշ գործօններ, ինչպէս Հայաս-տանի անկախացումը, տարագիր սփիւռքահայութեան տարած հայ դատի անտեղիտալի մակըն-թացութիւն արձանագրող պայքարը եւ իր մտային մթագնումի թմբիրէն տակաւ զարթնող թուրք յառաջապահ մտաւորականութեան զուգահեռները, տեղ մը միանալով կը ստիպեն Թուրքիոյ պետութեան հաշուի նստելու իր խեղաթիւրած պատմութեան հետ, որուն ծալքերը սկսած է քրքրել ե’ւ « միւս թուրքը » միանգամայն մերկացնելով թրքութեան ցեղապաշտական գաղափարախօսութ- եան դատապարտելի էութիւնը:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ մանաւանդ Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ետք, իր ներկայութիւնը առաւել եւս զգալի դարձնող մտաւորականներու այս նորաստեղծ փաղանգը, կամայ թէ ակամայ եւ համարձակութեամբ կ’արծարծէ երկրին մեծագոյն թապուին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գաղտնախորհուրդ թեման, որ ո’չ միայն ճանաչումի, այլեւ պահանջատիրութեան անժամանցելի դատն է ինքնին..:
Այս բոլորին մէջ, մեր պարագային դրական երեւոյթ պէտք է համարել լոկ հարցին արծարծումը Թուրքիոյ տարածքին, որովհետեւ խորքին մէջ հասարակական-քաղաքացիական ազատական հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու ստեղծած շարժումները, իբրեւ առաջնագոյն ծրագիր կը հետապնդեն երկիրը ժողովրդավարութեան ուղիով առաջնորդելու եւ համապատասխան բարեշրջումի մը հեռանկարը փայփայող նպատակ, զուգահեռաբար քօղազերծելու ամբողջ դար մը իր ժողովուրդը խաբած պետական պաշտօնական պատմութիւնը, որուն խորքերուն մէջ թաղուած հայոց ցեղասպանութեան փաստը՝ կը հանդիսանայ երկրին սուտի եւ կեղծիքի վրայ հիմնուած կառոյցը բացայայտելու կոչուած անխուսափելի, անշրջանցելի մեկնակէտը:
Այս գործընթացը հունաւորելու յանձնառութիւնը ունեցող « այլախոհներու » երկրէն դուրս գտնուող եւ արեւմտեան երկիրներու հպատակութիւնը ունեցողները, բնականաբար աւելի յանդուգն քայլերու կը դիմեն, մինչ ներսը գտնուող իրենց նմանները, կը դիմագրաւեն ոչ միայն պետական մակարդակով տեղի ունեցող քաղաքական-դատարանային հետապնդումներու, հալածանքի եւ դատապարտումի վտանգները, այլ նաե’ւ թիրախ կը դառնան ազգայնամոլական մոլուցքով առաջնորդուող ծայրայեղական խմբաւորումներու, որոնց պարբերաբար ի գործ դրած « Լինչի Դատաստան »ը, երբեմն աւելի ահեղ կը դառնայ քան պետական տոկմայով վաւերացուած « 301 » քրէական օրէնքով սահմանուած դատավճիռները, ընդ որուն՝ ճաղերու ետին կը յայտնուին մարդու իրա-ւունքներու ակնառու պաշտպաններ, մտաւորականներ, իրաւագէտներ, գրողներ, խմբագիրներ, սիւնակագիրներ, արուեստագէտներ, հրատարակիչներ, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ, եւն…: Անոնցմէ ոմանք արդէն կը գործածեն « ցեղասպանութիւն » եզրը, ոմաք պահանջատիրութեան մասին ալ կը խօսին, բոլորն ալ կ’ընդունին եւ կը դատապարտեն երկրին իթթիհատական հայաջինջ գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող պետական քաղաքականութեան ուղեգիծը, մեծ մասամբ կը դատապարտեն ժխտողականութեան եւ ուրացումի ժամանակակից քաղաքակա-նութեան այսօրուան ջատագովները, ըլլան անոնք իշխանութեան թէ հասարակութեան մաս կազմող կառոյցներ եւ հեղինակութիւններ, բոլորն ալ կ’ընդունին, որ նոր սկսած են ճանչնալ հայ սփիւռքը, բայց առհասարակ բոլորն ալ կը ձգտին նախ եւ առաջ թուրք ժողովուրդը դնել իր ստայօդ պատմութեան հետ հաշուի նստելու անհրաժեշտ, այլեւ հրամայական պահանջքին առջեւ…:
Հայոց ցեղասպանութեան թէ’ ներքին թէ’ արտաքին ոլորտներու մէջ այս « ակամայ քարոզիչ-ներ » ու, իմա՝ « միւս թուրքեր »ու ստեղծած վտանգաւոր շարժումները ո’չ միայն հակակշռելու այլ ջլատելու, չեզոքացնելու եւ ներքին հակադիր հանրային կարծիք ստեղծելու նպատակով, 2001, մայիս 25-ին, Թուրքիոյ կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ անվտանգութեան խորհուրդին կից ստեղծուած, այսպէս կոչուած « Անհիմն ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ պայքարը համակարգող խորհուրդ »ի օրուան նախագահ Տեւլէթ Պահչելին 2002, մայիս 9-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին յղած իր գրութեամբ հաղորդած է, որ խորհուրդին առաջնագոյն նպատակն է խափանել արտեկրի մէջ պարբերաբար օրակարգ բերուող ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, որուն համար արդէն ձեւաւորուած են իրաւաբանութեան, ազգային կրթութեան եւ պատմութեան բնագաւառները ընդգրկող աշխատանքային երեք միաւորներ, որոնց աշխա-տանքները խիստ գաղտնի են: Միւս կողմէն, հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքակա- նութեան խօսափողը հանդիսացող « Թրքական պատմագիտական ընկերութիւն »ը, տրամադրուած բարձր պիւտճէի հնարաւորութիւններով, երեւութապէս լոկ գիտական ոլորտներու մէջ տարուող իր կասկածելի աշխատանքներով կը սատարէ հարցին քաղաքական նպատակներուն:
Մինչ հակառակ իր մտակառոյցի, դիմագիծի եւ աշխարհահայեացքի զանազանութիւններուն, տարբեր բնագաւառներու մէջ հանդէս եկող « միւս թուրքի » տեսականին կը շարունակէ իր պայքարը տանիլ երկրին ամբողջատիրական-պահպանողական կենսակերպին դէմ, որուն հիմք հանդիսացող բռնատիրական աւանդոյթը ձեւաւորուած է հակահայ թշնամանքի սնուցմամբ եւ 1915-ի հայերու ցեղասպանութեան ժխտումով:
Ստորեւ, համեստ փորձով մը նախընտրաբար պիտի ներկայացուին միջազգային կամ ներքին հարթակներու վրայ ճանաչում ունեցող այլախոհ թուրքերու աշխարհահայեացքը արտայայտող մտածումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրըմասնագիտական ուրոյն մօտեցումով կը ջանայ իր խօսքը ըսել պատմագիտական-ակադեմական, իրաւական, հրատարակչական, լրագրական եւ գրականութեան ու մշակոյթի մատոյցներուն մէջ:
Պատմագիտական-ակադեմական
Թուրք պատմագէտ, ակադեմական դասախօս, ԱՄՆ-ի Մինեսոթա նահանգի «Քլարք» համալսարանի հայոց ցեղասպանութեան բաժանմունքի ղեկավար Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, գիտականութեան անառարկելի հիմքերով, մանաւանդ օսմանեան արխիւային փաստաթուղթերու վկայակոչութեամբ ներկայացող իր աշխատասիրութիւններով կը գրաւէ պատմագիտական-ակադեմական նոյնաբնոյթ գիտահետազօտութիւններու ցուցակին առաջին տեղը: Փրոֆ. Թանէր Աքչամի լայնահուն, լայնածաւալ աշխատասիրութիւններու խտացեալ միտք բանին կը բիւրեղանայ կը բիւրեղանայ հետեւեալ մտածումներով՝
– Թուրքիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութեան մասին չիմացութիւնը 95 տարուայ ազգայնական միակողմանի կրթութեան հետեւանք է, որուն արդիւնքով՝ երկրի տարածքին ցեղասպանութիւնը հասարակական խնդիր չէ դարձած:
– Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան թեմայի արծարծումը տեղի ունեցաւ որոշ գործօններու առկայութեամբ, որոնց կարեւորագոյններն են՝ Հայաստանի անկախացումը եւ հայոց ցեղասպանութեան ուղղութեամբ հայկական սփիւռքի տարած խիստ նշանակալից աշխատանք-ները, արդարեւ, առանց հայ սփիւռքին մենք պիտի չկարենայինք հայոց ցեղասպանութեան թեման արծարծել, կարեւոր գործօն է նաեւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան տակաւ աճող գիտակցութիւնը, որուն մէջ Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը մեծ դեր ունեցաւ:
– Հայ սփիւռքը անմիջական հետեւանքն է ցեղասպանութեան… մանաւանդ արեւմուտքի մէջ հայ սփիւռքի ներկայութիւնը կարեւոր է, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի կառավարութիւններուն յիշեցնելու Թուրքիոյ գործած մեծ ոճիրը:
– 2009, Հոկտեմբերին, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու իրականացման պարա-գային, պիտի ոչնչանար հայոց ցեղասպանութեան հերքումի քաղաքականութիւնը, սակայն զին-ուորականութեան եւ ներքին դիւանակալութեան տնօրինումներով վերջ դրուեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ուղղորդելու կոչուած այդ փաստաթուղթի ուժականութեան, պրզապէս որովհետեւ թուրք կառավարութիւնը գերադասելով Ազրպէյճանի հետ ունեցած իր շահերը կը նախընտրէր իր ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը շարունակել, որ ինքնին կը նշանակէ թէ հաւանականութիւն կայյանցանքը կրկնելու եթէ ի բնէ ընդունելի չէ դարձած անոր խոստովանութիւնը:
– Ազրպէյճանն է Հայաստան-Թուրքիա արձանգրութիւններուն վերջ տուողը, որ Խոջալուն օգտագործելով յառաջ կը քաշէ « Ձեր ցեղասպանութիւնը ընդդէմ մեր ցեղասպանութեան » կարգա-խօսը… Անձնապէս կը վախնամ, որ սփիւռքի թուրք եւ ազրպէյճանցի համայնքները 2015 ին ընդառաջ միասնաբար պայքարին հայկական համայնքին դէմ…:
– Ձուլումի գործօնը Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններէն դուրս մնացած ըլլալով, առկայ անբաւարար ուսումնասիրութիւնները կը շարունակեն բացասական ազդեցութիւն ունենալ խնդիրին վրայ: Թուրքիոյ Պետական մակարդակով կիրառած ուրացման քաղաքականութեան պատճառով, ուժեղացած է հայոց ցեղասպանութիւնը հրեաներու հրեաներու ողջակիզումին նմանցնելու ջանքերը եւ այդ հոլովոյթին մէջ մոռցուած է հայոց ցեղասպանութեան ողջակիզումին հետ ունեցած կառուցուածքային տարբերութիւնները: Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով օգտագործուող աղբիւրներուն մէջ եւս, ուշադրութիւն չէ դարձուած ձուլման: Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ ԱՄՆ-ի հիւպատոսութիւններու զեկուցումներով, միսիոնարներու գրա-ռումներով եւ ողջ մնացած հայերու յիշողութեամբ գոյացած աղբիւրները՝ մեծամասնութեամբ ցոյց չեն տար, որ հայերու ձուլումը արդիւնք է կիրառուող համակարգային քաղաքականութեան, սակայն առկայ զանազան փաստարկներու լոյսին տակ կրնանք ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ձուլումը կիրարկուած է ծայր աստիճան համակարգուած ձեւով, իսկ բռնի իսլամացումը այդ քաղաքականութեան հիմնական առանցքը եղած է:
– Էրկենէքոն կազմակերպութեան գաղափարա-քաղաքական առանցքը հայկական թշնաման-քին հիման վրայ ձեւաւորուած է, այնպէս ինչպէս նացիականներու հրէական թշնամանքի առանցքին վրայ ստեղծած քաղաքական կառոյցը… այս ուղղութեամբ Էրկենէքոնի կազմակերպութիւնը գիտակցելով հասարակութեան մէջ առկայ հզօր զարկերակի մը, կ’ակնկալէ, որ 1915ի ցեղասպա-նութեան ժխտումին եւ հայկական թշնամանքին միջոցով հասարակութենէն աջակցութիւն կը ստանայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս հրէական թշնամանքի առանցքին վրայ, գերմանական հասարակութեան մէջ աջակցութիւն գտած էին նացիականները:
– Ցեղասպանութիւնն ու հայկական թշնամանքը թրքական ազգային ինքնութեան արեան մէջ թունաւոր մասնիկներ են, ընդ որուն՝ անմիջական կապ գոյութիւն ունի թրքական ինքնութեան ժողովրդավարացման եւ հակահայկականութեան վերացման մէջ:
– Տարածքային պահանջքի հետ ինքնութեան կապը հայերուն կը յիշեցնէ իրենց հայրենիքը, ուրկէ բռնի կերպով քշուած են… 1915ը ոչ թէ հողիեւ սահմանի հարց է, այլ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած քննարկումներու հարց, հետեւաբար ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ոչ թէ « մտքի ազատութեան » այլ « մարդկային արդարութեան » հարց է, եւ որպէս այդպիսին պէտք է քննարկուի:
– Պաշտօնական Թուրքիոյ հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ բռնած ժխտողականութեան դիրքը էապէս կ’առնչուի հատուցման խնդիրին, որովհետեւ ճանաչումի պարագային Թուրքիան հարկադրաբար պիտի կանգնի հայերու վնասները հատուցելու անխուսափելի խնդիրին առջեւ:
– Անհնար է հայերու նիւթական կորուստներու անչափելի տարողութեան հաշուեկշիռը երեւակայել… այժմ ողջ Թուրքիան՝ մենք կ’ապրինք այդ թալանին եւ գողօնին վրայ, հետեւաբար հայերու ողջ ունեցուածքին բռնազաֆթումն ու իւրացումը մեծ աղերս ունի ցեղասպանութեան ժխտողականութեան հետ, այս առումով եթէ Թուրքիոյ պետութիւնը ճանչնայ 1915ին իր գործած յանցագործութիւնը, ապա հարկադրուած կ’ըլլայ ընդունելու նաեւ այդ մարդկանց կրած վնասները հատուցելու անհրաժեշտութիւնը եւ ահա’ այս է արդէն հայերու ցեղասպանութիւնը երկրին մեծագոյն թապուին վերածելու հիմնական դրդապատճառը:
– Վաղ թէ ուշ, Թուրքիա պիտի ստիպուի առերեսուիլ իր կասկածելի պատմութեան հետ, սակայն նոյնիսկ ճանաչում-հատուցումով Թուրքիա պիտի չձերբազատուի իր մեղքէն, եւ դեռ աւելին՝ պիտի պարտաւորուի իր սեւ եւ մութ պատմութեան ծալքերը բանալ եւ խոստովանիլ, որ նախ եւ առաջ դար մը ամբողջ խաբած էիր իսկ ժողովուրդը:
Իրաւական
Ողջ ժողովուրդի մը այս տարողութեամբ ինչքերու բռնագրաւման փաստին հանդէպ, միջազգային իրաւակարգի տրամադրութիւններու մասին եւս, թուրք մտաւորականներ եւ իրաւագէտներ միջազգային համապատասխան օրէնքներու լոյսին տակ, մեկնաբանութիւններ կը կատարեն:
*Փրոֆ. Թանէր Աքչամ այս ուղղութեամբ եւս իր դիտարկումը կը մեկնաբանէ իրապաշտական մօտեցումով, շեշտը դնելով այն իրականութեան վրայ, որ միջազգային իրաւակարգն ու անկէ բխող օրէնքները, հակառակ անոր, որ տեսականօրէն այլոց ունեցուածքը իւրացնելը մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք կը համարեն, սակայն խորքին մէջ միշտ ալ կառավարութիւններու շահերը կը պաշտպանեն, այս առումով ըստ 1954 եւ 1980 թուականներուն հրապարակուած Թուրքիոյ եւ Մարդկային Իրաւանց Միջազգային Կազմակերպութեան հրապարակած տիեզերական հաղորդագրութեան, նշեալ թուականներէն առաջ կատարուած այսօրինակ անիրաւութիւնները ( իմա՝ ինչքերու բռնագրաւումը ) ո’չ մէկ ձեւով հետաքննութեան առարկայ չեն կրնար դառնալ, պարզապէս նշեալ թուականներէն առաջ կատարուած անիրաւութիւններու պարագային, բանաձեւը ի զօրու չէ, չունի յետադարձ ուժ եւ լիազօրութիւն … այս պարունակի մէջ այլ խնդիր է նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ, Եւրոպայի մարդկային իրաւանց կառոյցները կը խուսափին նման հարցերու կափարիչը բանալէ, որովհետեւ այս պարագային արեւելեան Եւրոպայի հին ու նոր հարցերը օրակարգի նիւթ պիտի դառնան եւ շատ դժուար կացութիւն պիտի ստեղծեն մանաւանդ Սովետական վարչակարգի օրերուն բռնագրաւուած ինչքերը վերադարձնելու կապակցութեամբ:
* Իրաւախորհրդատու փաստաբան, Իսթանպուլի մարդկային իրաւանց իրաւաբանական կեդ-րոնի անդամ եւ անոր առնչակից՝ փոքրամասնութիւններու իրաւանց խորհուրդի հիմնադիր եւ ներկայացուցիչ, Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին, իր յանդուգն մտակեցուածքով կտրել-անցնելով երկրին քաղաքական թապուներուն բոլոր կարմիր գիծերը, ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի իր 2013ի վերջերուն հրապարակ եկած « Ամօթ կը Զգամ- Հրանդ Տինքի Սպաննութեան Դատա-վարութիւնը- » գիրքին ընդմէջէն մատնացոյց կ’ընէ եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ պետութեան բաղկացուցիչ քաղաքական, իրաւական, արդարադատական, լրատուական եւ առնչակից բնագա-ւառներու բարոյազուրկ եւ նենգաւոր կառոյցները:
– Սոսկական ոճիրի հանդէպ կրաւորական կեցուածք ունենալ, անտարբեր հանդիսատես ըլլալ միանշանակ լուռ մեղսակցութիւն կ’ենթադրէ, այլ խօսքով՝ տուեալ ոճիրին մասնակից ըլլալ կը նշանակէ… եւ ահա’ այսպէս մասնակից-մեղսակիցներու եւ անտարբեր հանդիսատեսներու լուռ հաւանութեամբ տեղի ունեցաւ 20րդ դարու առաջին եւ խոշորագոյն ցեղասպանութիւնը… յետագային նոյն այդ հաւաքականութեան լուռ հաւանութեամբ, ամրագրուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ուրացումի քաղաքականութիւը, նոյն այդ վերաբերմունքին արդիւնքով սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք, այս արարքով աշխատեցան սարսափեցնել Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը եւ անոնց ընդմէջէն արդարութեան իր դատին հետամուտ սփիւռքահայութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ժոթովրդավար տարրը, սակայն տեղի ունեցած հակազդեցութիւնը շրջեց անոնց ծրագիրներուն ուղղութիւնը…
– Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումը պիտի նշանակէ բացայայտումը պետութեան ստեղծման հիմք ծառայած փիլիսոփայութեան, անոր գաղափարախօսութեան եւ պաշտօնական պատմութեան, պիտի նշանակէ պետութեան եւ անոր հիմնակառոյցներուն հրոսակախումբերու յենելով ստեղծուած ըլլալու իրականութիւնը, օրէնքի եւ օրէնսդրութեան հակադրուող անոր գործունէութիւնը, պետական ծրագիրներուն յարմարող արդարադատութեան համակարգի մը ձեւակերպումը:
Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումով, ճաթռտելով պիտի տապալի պետական կառոյցը, ի յայտ բերելով անքաւելի յանցանքներով եւ մեղքերով լի անցեալ մը, որուն հետեւանքով պիտի սնանկա-նայ ժխտումի քաղաքականութիւնը…:
– Եւրոխորհուրդի անդամ եղող թուրքիան, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանին լիազօրութիւնը ընդունած երկիր մըն է, սակայն յիշեալ դատարանին Թուրքիոյ համար առնուած որոշումներուն գործադրութիւնը փաստագրող տոմարը շատ խայտառակ պատկեր մը կը ներկայացնէ, կառավարութիւնը սուտ զեկուցումներով կը խաբէ ու կը մոլորեցնէ պատկան կողմը, հետե-ւա բար այնքան ատէն, որ արդարադատական համապատասխան դատերու հանդէպ առնուած որոշումները չեն գործադրուիր, մենք երբէք պիտի չհրաժարինք այս բոլորը հետապնդելէ:
– Համոզուած եմ նաեւ, որ պետութիւնները քայլ առնելու մղողները ժողովուրդներն են… մեր պարագային ալ ժողովուրդն ու իր խիղճը երաշխիք են, ո’չ միայն անցեալին հետ առերեսուելու, այլ այս հողերուն վրայ անգամ մըն ալ նման ամօթներ չապրելու…:
– Բնականաբար այսօրուան թուրքը պատասխանատու չէ իր պապերուն գործած մեղքին, սա-կայն պատասխանատու է ուրացման քաղաքականութեան … հետեւաբար ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարը պէտք է դառնայ բոլորին պարտաւորութիւնը, այլապէս այս ընթացքը զոհե- րը անգամ մը եւս զոհ դարձնել եւ պատմութեան ոճիրները անգամ մը եւս գործել պիտի նշանակէ…:
* Թուրք իրաւաբան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, « Րատիքալ »ի սիւնակագիր Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ պետութեան հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու քայլը, իբրեւ իրաւաբան իր ափսոսանքը կը յայտնէ միջազգային դատարաններու յեղյեղուկ սահմանումներով հայկական հարցին կապակցութեամբ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու եւ համապատասխան փոխհատուցում պահանջելու անհնարինութեան հանդէպ, առ այդ՝ դիտել կուտայ « ներքին իրաւական ուղիներով » հայերուն կրած նիւթական վնասներու փոխհատուցումը իրականացնող մեքանիզմի մը ստեղծումը:
Օրհան Քեմալ Ճէնկիզի իրաւագիտական մասնագիտական հիմքերով հաստատուած կարծիք-ները, լուսարձակի տակ կը բերեն հայ ժողովուրրի արդար դատին հանդէպ միջազգային դատա-րաններու տրամադրութիւններուն անխարդախ իրապատկերը՝
Միջազգային Պատժական Դատարան
Կարելի չէ այս դատարանին մօտ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատ բանալ, տրուած ըլլալով, որ ան« անհատական պատիժի պտասխանատուութեան » վրայ հիմնուած դատարան մըն է, հետեւաբար 1915ի դէպքերուն դերակատարները կենդանի չըլլալու փաստով, այլեւս հնարաւոր չէ այս դատարանին դիմել…:
Եւրոպայի Արդարութեան Ատեան
Եւրոպայի Միութեան Արդարութեան Դատարանը հայերու կողմէ Իտալիոյ եւ Եւրոպական այլ երկիրներու մէջ բացած դատերը « վերացական » համարելով, քանիցս մերժած էր անոնց քննար-կումը: Հարցը Միացեալ Ազգերու Լահէյի Արդարութեան Ատեանին ներկայացուելու պարագային, ըստ իրաւագիտութեան միջազգային հեղինակութիւններէն՝ Ուիլիըմ Շապասի « բացի թրքական կողմէ մը, որեւէ այլ երկիր իրաւասութիւն չունի խնդրոյ առարկայ Արդարութեան Ատեանին մօտ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու:
Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեան
Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին մօտ ալ հայոց ցեղասպանութեան հարցով կարե-լիութիւն չկայ դատ բանալու, որովհետեւ այս դատարանը իրաւասու է քննարկելու այն օրինազան-ցութիւններու պնդումները, որոնք կ’իյնան Եւրոպայի մարդկային իրաւանց համաձայնագիրի ծիրին մէջ, մինչ միւս կողմէ որովհետեւ Թուրքիան հայկական կողմին հետ զինեալ հակամար-տութեան մը մէջ չէ, « Նիւրենպերկի Դատարան »ի օրինակով դատարանի մը կազմութիւնը եւս անկարելի է:
Ըստ Օրհան Քեմալ Ճենկիզի այս իրականութիւններու լոյսին տակ ունեցած դիտարկումներուն, կարելի չէ միջազգային արդարադատութեան շրջագիծին մէջ « ցեղասպանութեան ամբաստանու-թեամբ » Թուրքիան դատել, սակայն կարգ մը ազգային իրաւագիտական ուղիներու ստեղծմամբ այդ դատը կարելի կը դառնայ, այս ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի հայերուն Քալիֆորնիոյ դատարանին մէջ բացած դատերը, նմանօրինակ իրաւագիտական ելքերու օգտագործումին համար օրինակ կը ծա-ռայեն: ( Ռատիքալ , 8 Մայիս , 2012 )
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ
Մանաւանդ վերջին 10ամեակին, օգտուելով Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հովերու հա-մեմատաբար թոյլատու պայմաններէն, հրատարակչական ասպարէզը զարթօնք ապրելով, ակնյայտ նուաճումներ արձանագրած է, արգիլուած թեմաներ արծարծող եւ ասուպի արագու-թեամբ ընթերցուող կարգ մը գիրքեր, կ’ունենան յաջորդական հրատարակութիւններ, գրաքննութեան ենթակայ հրատարակչատուներ տակաւ ըմբռնելով նորագոյն պայմաններու պահանջքը, տեղի կ’ուտան « այլախոհական » թեմաներ շօշափող գրողներու գործերուն լոյս ընծայումին:
Հրատարակչական այսօրինակ գործունէութիւն ծաւալողներու ցուցակին առաջին տեղը կը գրաւէ թուրք իրաւապաշտպան, գրող եւ « Պելկէ » հրատարակչատան հիմնադիր Ռակըփ Զարաքօլուն, որ իր հանգուցեալ առաջին կնոջ՝ Այշէին հետ Թուրքիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ պայքարող առաջին մտաւորականներէն մէկն է: Ան իր ծաւալած հրատարակչական այլախոհական գործունէութեան պատճառով, քանիցս հետապնդման ենթարկուած եւ քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածի հիմունքներով պարբերաբար բանտարկութեան դատապարտուած է, Կինը՝ Այշէ Զարաքօլուն հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ առաջին գիրքը հրատարակած ըլլալու յանցանքով, երկար ատեն ազատազրկման եւ խոշտանգում-ներու ենթարկուած է:
« Պելկէ »ի այլախոհական բնոյթի հրատարակութիւններէն աչքի կը զարնեն հետեւեալ գիրքերուն թրքերէն տարբերակները՝
* Տորա Սաքայեանի « Հայ Բժիշկը Թուրքիոյ մէջ » ( 2005 ) աշխատասիրութիւնը, որ կը պատմէ 1922ին քեմալական ուժերու Զմիւռնիոյ մէջ կատարած ջարդերու մասին:
* Լոնտոնաբնակ Ճօրճ Ճերեճեանի « Ճշմարտութիւնը Մեզ Կ’ազատագրէ » գիրքը:
* Ֆրանց Վերֆէլի « Մուսա Լերան 40 Օրերը » պատմավէպը:
* 2011ին Երեւան հրատարակուած Վերժինէ Սվազլեանի « Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ականա-տես Վերապրողների Վկայութիւններ » : ( Ermeni Soykırımı: Hayatta kalan görgü kanıtlarının anlattıkları ), ( 2013, Պոլիս ):
Զարաքօլուի խօսքերով
– 1965էն ի վեր ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին: կասկած չկայ, որ ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ ամօթն է… զոհերը նաե’ւ օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ էին եւ որպէս այդպիսին իրաւունքներ ունէին, հետեւաբար այս հարցը նաե’ւ իրաւական է… յետադարձ ակնարկ մը ցեղասպանութեան ցոյց կուտայ, որ Անատոլուի երկու միլիոն հայերը բնաջնջուած կամ հեռացուած են տարածաշրջանէն: Եթէ ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած չըլլար, ապա այսօր 8-10 միլիոն հայ բնակչութիւն պէտք է ըլլար այդ տա-րածքներուն վրայ: Ցեղասպանութիւնը միայն ապրող բնակչութեան բնաջնջումը չէ, այլ նաե’ւ ապագայ սերունդներու, մշակոյթի եւ արուեստի վերացումն է, որուն պատասխանատու է Թուրքիան…:
Թուրք պատմաբան, « Toplumsar Tarih » պարբերաթերթի սեփականատէր-խմբագիր Օսման Քէոքէր 2005ին հիմնած է իր « Bir Zamanalar Yayınclık » հրատարակչատունը, պարզապէս լոյս ընծայելու « 100 տարի առաջ հայերը Թուրքիոյ մէջ » քարտ-փոսթալներու պատկառելի ալպոմը, որ իտալացի Օրլանտօ Գալումենոյի 4000 քարտ-փոսթալ հաշուող հաւաքածոյէն ընտրուած 750 նկարներու կցուած պատմական տուեալներու ընդմէջէն, թէկուզ գեղարուեստական մատուցումով, կը բանայ հայապատկան անշարժ կալուածագրերու տոմարը, ուր յայտնուող իւրաքանչիւր պատկեր՝ ինքնին հայապատկան ինչքի մը կալուածաթուղթն է: Այս մասին թուրք այլախոհ մտաւորականին կատարած յայտարարութիւնները թուրք հանրութեան համար աւելի քան ցնցիչ են եւ նպատակամէտ՝
– Թուրքիոյ մէջ հայկական պատմութեամբ զբաղող մեծաթիւ պատմաբաններ , համապատասխան կեդրոններ եւ հաստատութիւններ կան, սակայն դժբախտաբար հայկական նիւթերու մասին ուսումնասիրութիւններ կատարող ու վճիռ արձակող պատմաբաններէն ոչ ոք հայերէն գիտէ, հետեւաբար այս ոլորտներու մէջ կատարուածը լոկ խեղաթիւրում է … այս առնչութեամբ կը յուսամ, որ վերոնշեալ ալպոմ-հատորը եւ անոր կից նոյնաբնոյթ ցուցահանդէսը, թուրք պատմաբաններուն համար կը դառնան զարթնումի առաջնորդող ազդակներ:
– Այս գործս կը հետապնդէ այն նպատակը, որ թուրքերը կամայ թէ ակամայ ա’լ պէտք է գիտ-նան եւ ընդունին, որ կար ժամանակ երբ այս հողերուն վրայ հայերը ապրած են եւ այն ատեն այս վայրերը աւելի գեղեցիկ եղած են…
– Հայերն ալ պէտք է ընդունին, որ թուրք հանրութեան մեծամասնութիւնը ապատեղեկատուութեան եւ անտեղեակութեան պատճառով, շատ բան չի գիտեր հայերուն այս երկրին բերած ստեղ-ծագործական աւանդին մասին:
– Այս գործի պատրաստութեան ընթացքին իւրաքանչիւր նկարի նայեցայ զայն կորսնցուցած հայուն աչքերով, անոր կարօտով ու մորմոքով դիտեցի այդ բոլորը…:
Օսման Քէոքէրի հրատարակչատունը լայն տեղ կու տայ Թուրքիոյ տարածքին հայերու ունեցած կեանքը վաւերագրող հատորներու լոյս ընծայումին, զուգահեռաբար իւրաքանչիւր հրատա-րակութեան առթիւ կը կազմակերպէ տուեալ գործը ներկայցնող վիճարկումի լսարաններ:
ԳՐԱԿԱՆ
10ամեակէ մը ի վեր, Թուրքիոյ գրականութեան բնագաւառին մէջ տեղի ունեցող աննախըն- թաց տեղաշարժերը ի յայտ բերին « ցեղասպանութեանն » թեման արծարծող գրական դէմքեր, որոնք օգտուելով ժողովրդավարութեան հոլովոյթի թոյլտուութիւններէն, իրենց ստեղծագործութիւններով մուտք գործեցին ժողովուրդին հասարակական գիտակցութեան մէջ, պատճառ հանդիսանալով ինքնութեան տագնապի մը սկզբնաւորման… ազատ խօսքի եւ մտքի ջատագով ոչ գրող մտաւորականներ եւ մամուլի գործիչներ ալ, իրենց բազմաթիւ հրատարակութիւններու արժանա-ցող եւ զանազան լեզուներու թարգմանուող գիրքերով, կը շարունակեն փոթորկել տեղւոյն գրական հրապարակը եւ հայ համայնքներու հրաւէրով իրենց գործերը կը ներկայացնեն ե’ւ արտերկրի մէջ, ինչպէս իրաւագէտ ՖԷթհիյէ Չէթին, որուն « Մեծ Մայրիկս » ( 2005 ) եւ « Թոռներ » ( 2009 ) գիրքերը մեծ դեր խաղցան թուրք հասարակութեան գիտակցութեան մէջ հայոց ցեղասպանութեան թեման արծարծելու: Ցնցիչ ազդեցութիւն գործեց եւ Հասան Ճեմալի « 1915: Հայոց Ցեղասպանութիւնը »:
Սակայն միջազգային լայն ճանաչում ունեցող, 2006ի Նոպելեան մրցանակակիր գրագէտ Օրհան Փամուք իր վաւերական վիպասանի հանգամանքով, գուցէ միակն է իր տեսակին, որուն բարձրարժէք ստեղծագործութիւններու ցանկին մաս կազմող « Ձիւնը » վէպը հանգամանօրէն կը վաւերագրէ հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այս մասին, 2005ին զուիցերիական « Թակէս Անցայկըր » օրաթերթի շաբաթական յաւելուած « Տասմակազին»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըրած վտանգաւոր յայտարարութիւնը բաւարար էր, քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածի հիման վրայ, անոր դէմ դատական հարց յարուցելու, Փամուք երկրին մեծագոյն թապուն համարուող հայոց ցեղասպանութեան կարմիր գիծը անցած էր, ըսելով՝ « Այս հողերուն վրայ 30 հազար քիւրտ եւ մէկ միլիոն հայ սպաննուեցան, այս մասին բացի ինձմէ ո’չ ոք վաւերագրելու քաջութիւն ունեցաւ, իմ խօսքերս բիրտ հակազդեցութեան բախեցան, պարզապէս որովհետեւ երկրին մեծագոյն թապուին դէմ ելլելու համարձակութիւնը ունեցած էի… մեր երկրին մէջ հայերուն մասին արտայայտուող ամէն կարծիք դաւաճանութեամբ կը սահմանուի եւ խօսքի ազատութեան դէմ արգէլքներ կը դրուին… »:
Հակառակ այս բոլորին ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ Օ.Փամուք իր դէմ շղթայազերծուած հալածանքին եւ լուրջ սպառնալիքներուն պատճառով երկրէն հեռանալէն ետք, բաւական հեռաւորութիւն պահած էր իր եւ արեւմուտքի հայ համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ խուսափած էր 2009ին, « Հայերէն ներողութիւն կը խնդրենք » ստորագրահաւաքին իր մասնակցութիւնը բերելէն:
Փամուքի « Ձիւնը »ն ալ հակառակ միջազգային համբաւի տիրանալուն, չյաջողեցաւ մաքրել Թուրքիոյ ճակատին քսուած մուրը…:
Քեմալ Եալչըն գերմանաբնակ թուրք այլախոհ գրողը ե’ւս, իր բազմաթիւ լեզուներու թարգման- ուած գրական ստեղծագործութիւններով, ո’չ միայն Թուրքիոյ այլ միջազգային հարթակներու վրայ կը բարձրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան թեման, անոր « Սիրտս քեզմով կը հրճուի » , « Սարը Կեալին » զգայացունց վէպերը եւ « Վերապրողները » վաւերագրական պատմուածքը կարեւոր դեր խաղցած են թուրք հասարակութեան խիղճին եւ գիտակցութեան մէջ խլրտումներ յառաջացնելու:
Եալչընի խօսքերով՝ « հայերուն կրած այս ահաւոր ցաւերուն մասին գրելու համար, պայման չէ թուրք կամ հայ ըլլալը, խիղճ եւ գիտակցութիւն ունենալը բաւարար են այս ահաւոր ողբերգութեան մասին գրելու: Պարզապէս խղճիս ձայնին անսալով կը գրեմ հայերու անպատմելի ցաւերուն մասին… այդ խղճի թելադրութեամբ կը ջանամ ինքնաճանաչում ունենալ եւ առանց խպնելու կարենալ իմ աչքերովս աչքերուս նայիլ… »
ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ
Թուրքիոյ լրատուական ցանցը իր բազմատարրութեամբ եւ գաղափարական արեւելումներու բազմազանութեամբ, անխարդախ իրապատկերն է երկրին բարդութաւոր քաղաքականութեան խճանկարին: Պետական հիմնադրոյթներու թէ’ համախոհ թէ’ այլախոհ անհատ մտաւորականներու եւ հոսանքներու գաղափարախօսական հակադրութեանց առանցքին մէջ տեղի ունեցող սուր բախումները, լայն արձագանգ կը գտնեն տեղւոյն մանաւանդ տպագիր մամուլին մէջ, մինչ իրարամերժ աշխարհահայացքներու այս յորձանուտին մէջ, անձեռնմխելի համարուող կարգ մը թեմաներու արծարծումը ե’ւս, ատենէ մը ի վեր սկսած է քօղազերծել եւ սուր քննադատութեան ենթարկել պետական քարոզչութեան ապակողմնորոշիչ դրուածքը, այս ընթացքին, անխուսափելիօրէն նաե’ւ արծարծելով Հայոց ցեղասպանութեան հիմնահարցը, որուն հրապարակային անվերապահ քննարկումները՝ ո’չ միայն երկրին, այլ որոշ պարագաներու, արտերկրի մէջ ալ կը խոչընդոտեն եւ կասկածի տակ կը դնեն հակահայ քարոզարշաւի սայլին լծուած վարձկան տարրերու գործընթացը:
Այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման հեղինակաւոր հրապարակախօսութեամբ արծարծող մտաւորականներու ցուցակին մաս կը կազմեն ակադեմական դասախօսներ, մամուլի եւ մշակոյթի ականաւոր գործիչներ, ընկերաբաններ, մարդկային իրաւանց պաշտպան նուիրեալներ եւ այլ բնագաւառներու ներկայացուցիչներ, որոնք ի հեճուկս իրենց դէմ շղթայազերծուած յալա-ծանքին եւ սպառնալիքներուն, ի խնդիր ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան իրականացման, հին բայց չհինցող հարցերու մասին նոր խօսք կ’ըսեն, որոնցմէ՝
* Այլախոհ մտաւորական, քաղաքական գիտութիւններու ակադեմական դասախօս Պասքըն Օրան, որ յայտնի է հայկական հարցին ուղղութեամբ թրքական պաշտօնական կեցուածքները չբաժնելու իր մօտեցումներով եւ 301 յօդուածի տրամադրութիւններու թելադրութեամբ դատապար-տուած է թրքական ինքնութիւնը անարգելու յանցանքով, իր մտածումները կը խտանան հետեւեալ տեսակէտներով՝
– Քաղաքացին ոչ թէ իբրեւ « թուրք » այլ իբրեւ « թուրքիացի » ընդունիլ եւ քաղաքացիութեան լիարժէք հասկացողութեամբ այս որակումին մէջ գտնուող բոլոր մշակոյթները ընդգրկել:
– 1915-ի հայոց ջարդերը ոչնչացուցին Անատոլուի միջին խաւը, որուն արդիւնքով փուլ եկաւ երկրին տնտեսութիւնը եւ ոչնչացան մշակոյթի կռուանները … այս նիւթաբարոյական քաղաքակրթութեան կործանումը տեղի ունեցաւ իթթիհատականներու ազգայնամոլական հայաջինջ ծրագիրներու հետեւանքով:
– Երկրի տարածքէն հայերու մաքրագործումը պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնումին եւ ազգայնապաշտական շարժումի մը ստեղծումին, որմէ այսօր առաւելաբար կը տուժեն քիւրտերը:
– Թուրքիոյ պետութիւնը հայերէն առաջ, նախ թուրք ժողովուրդէն պէտք է ներողութիւն խնդրէ, որոհետեւ դար մը ամբողջ զանոնք խաբած եւ երկրին գլխուն այսքան մեղք ու փորձանք փաթթած է:
* « Այտընլըք » օրաթերթի նախկին տնօրէն, « Ճիւմհիւրիյէթ » օրաթերթի երբեմնի սիւնակագիր, « Րատիքալ »ի աշխատակից եւ « TRT Haber » հեռատեսիլի« Սերունդներու Տարբերութիւնը » ծրագիրի հեղինակ եւ հաղորդավար Օրալ Չալըշլար, « Ազդակ »ին տուած իր հարցազրոյցով կ’ընդգծէ հետեւեալը՝
– Պետութիւնը երկրին հասարակութեան բաղկացուցիչ բոլոր « զանազանութիւնները » թշնամի նկատելով, սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծած էր: 1996ականներէն ետք, Թուրքիոյ յառաջապահ մտաւորականութիւնը թերեւս առաջին անգամ ըլլալով « պետականացած գաղափարախօսութեան » հետ լրջօրէն հաշուի նստելու ընթացքը սկզբնաւորեց: Այսօր, այդ պետութենէն հաշիւ կը պահանջենք, սակայն իշխող ազգայնական մտածողութիւնը կը շարունակէ խոչընդոտել ազատութեան զարգացման ուղին:
– Տասնամեակներ ամբողջ ոչ ոք համարձակեցաւ հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլ, սակայն Հրանդ Տինքի թուրք հանրային կարծիքին ուղղած ազդեցիկ կոչերը եւ ասոր հետեւանքով, վարձկան ոճրագործի մը պետական պատուէրով գործադրած սպանութիւնը Թուրքիոյ խիղճը արթնցուց եւ առաջին անգամ ըլլալով միլիոնաւոր մարդիկ հայ մտաւորականի մը համար արցունք թափեցին: Հրանդին զգետնումը Թուրքիոյ հաւասարակշռութեան արժէչափերը փոփոխութեան ենթարկելու աստիճան ցնցիչ արդիւնքներ ունեցաւ, միաժամանակ ցեղասպանութեան հանդէպ տարբեր արժեւորումներ կատարող, տաբեր գնահատականներ տուող եւ զայն ընդունող մտաւորական ընդարձակ շրջապատ մը գոյացաւ, որ ուրացումի դէմ իր պայքարը կը տանի առաւելաբար հիմք ընդունելով պատմութեան վերընթերցումն ու վերագնահատունը:
* Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գրասենեակի Իսթանպուլի բաժանմունքի ղեկավար մարմնի անդամ, թարգմանիչ, « Երկրին մէջ ազատ առօրեայ » պարբերականի երբեմնի սիւնակա-գիր եւ Խաչիկ Մուրատեանի խմբագրութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսնող « Armenian Weekly » թերթի մնայուն աշխատակից Այշէ Կիւնայսու « Ազդակ »ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ կ’եզրակացնէ՝
– Հայկական սփիւռքին հանդէպ գոյութիւն ունեցող ժխտական համոզումները, ամբողջովին ուրացման քաղաքականութեան եւ թուրքերու մեծամասնութեան շրջանառութեան մէջ դրուած սուտերուն հաւատալու հետեւանք է: Հայկական սփիւռքը ցեղասպանութեան զոհերու թոռներով յառաջացած գոյութիւն մըն է, հետեւաբար այս իրականութեան գիտակից ամէն թուրք, հայկական սփիւռքին հանդէպ միայն ամօթի զգացում կրնայ ունենալ…:
– Թուրքերն ու քիւրտերը այսօր ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը կը կրեն: Թէեւ ցեղասպանութիւնը այսօրուան թուրքերը չգործեցին, սակայն անոր ուրացումին պատասխանատու են: Համոզուած եմ, որ այս մեծ ոճիրին պատասխանատուութիւնը միայն զայն ուղղակիօրէն գործած անձին չի վերաբերիր… ես այդ ոճիրը գործած մարդոց թոռներէն մէկն եմ եւ կը կրեմ անոր պատասխանատուութիւնը այնքան ատեն, որ արդարութիւնը իր ուղին չի գտներ, որովհետեւ հարցը գործուած ոճիրով չի սահմանափակուիր, բռնագրաւուած հսկայ հարստութեան մը հարցը եւս կայ, որմէ ողջ Թուրքիան կ’օգտուի այսօր, այսինքն՝ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ մենք՝ թուրքե-րս ցեղասպանութենէն կ’օգտուինք…:
– Ուրացումի մեքանիզմը սկիզբ կ’առնէ պատմութիւնը սուտերու վրայ գրելով…
Երկրին կրթական համակարգին պարտադրուած դպրոցական դասագիրքերու ճամբով կը շարունակեն մատղաշ սերունդներու հայատեացութեամբ առաջնորդուող դաստիարակութիւնը, մինչ առօրեայ կեանքի բոոր ոլորտներուն մէջ, ուրացման մեքանիզմը անընդհատ գործի կը վերածուի, այս պատճառով այս երկրին մէջ ո’չ մէկ ատեն լաւատես ըլլալու պատճառներ ունեցած եմ:
– Համոզուած եմ, որ միայն լիարժէք ժողովրդավարութեամբ է, որ հայկական ցեղասպանութեան լուծումներու առաջնորդող ճանապարհը պիտի հարթուի, հետեւաբար յառաջապահ մտաւորականութեան կը մնայ պետական գաղափարախօսական ոճրածին էութիւնը մատնացոյց ընել եւ անոր դէմ պայքարելու պատասխանատուութիւնը արժանապատւօրէն կրել…:
* Ակադեմական դասախօս, ՄԱԿ-ի զանազան հաստատութիւններու մէջ գործող մասնագէտ տնտեսագէտ, « Վաթան » եւ « Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ » թերթերու սիւնակագիր, եօթ գիրքերու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ, 2008ին « Հայերէն ներողութիւն կը խնդրեմ » համացանցային ստորագրահաւաքի արշաւի կազմակերպիչներէն՝ Դոկտ. Չէնկիզ Աքթար մաս կը կազմէ երկրին պետական քաղաքականութեան դէմ ըմբոստութեան դրօշ պարզած յառաջապահ մտաւորականութեան, որուն « Ազդակ »ին տուած հարցազրոյցէն կը մէջբերենք որոշ միտքեր՝
– Ուրացունի մեքանիզմին առանցքային հիմք կը ծառայեն հաւաքական յիշողութեան ջնջումը եւ ապատեղեկատուութեան ընդմէջէն, հայերու հանդէպ ատելութեան զգացումներու հրահրումով հանրային կարծիք ձեւաւորելու կեդրոնաձիգ նպատակը:
– Մեր տարած բոլոր աշխատանքներու նպատակակէտը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ երկ-խօսութեան ստեղծումն է … այս ուղղութեամբ սփիւռքահայութիւնը պէտք է հրաժարի թուրք պէ-տութիւնը որպէս երկխօսութեան կողմ դիտելէ , նուազագոյնը իր ներուժը պէտք չէ կեդրոնացնէ Թուրքիոյ պետութեան վրայ: Այսօր սփիւռքը լսելու պատրաստ մեծ թիւով թուրքեր կան:
– Ողջունելի պիտի ըլլար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետութիւններու, երկու երկիրներու յառա-ջապահ մտաւորականութեան երկխօսութեան նպաստող գործընթացին համատեղ սկզբնաւորումը, սակայն ի բնէ ընդունած ըլլալով նաե’ւ, որ ձախողութիւնն ալ երբէք արգէլք չհանդիսանայ մեր սկսածը շարունակելու…:
* Մամուլի հանրայայտ գործիչ, այլախոհ մտաւորական, ազատական « Թարաֆ » օրաթերթի սիւնակագիր Ահմէթ Ալթան, մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան մասին ունեցած իր յանդուգն մտակեցուածքներով, կը նպաստէ երկրի հասարակութեան իմացական զարթօնքին եւ հանրային իրապաշտ կարծիքի ձեւաւորման, այս ուղղութեամբ արծարծած իր նիւթերը կ’արժանանան լուրջ ուշադրութեան եւ խորհրդածութեան կը մղեն մտաւորական յառաջապահ շրջանակներն ու երկ- րին լրջամիտ հասարակութիւնը, այս պարունակի մէջ ուշագրաւ են իր բարձրաձայնած հետեւեալ մտածումները՝
– Երկրի մը մէջ որքան շատ ըլլան թապուներն ու կաղապարուած գաղափարները, այդ երկրի մտաւորական մակարդակը նոյն համեմատութեամբ կը սահմանափակուի, որովհետեւ « արգիլուածներն ու անգիր եղածները » մտածելու սահմանները կը նեղցնեն, հետեւաբար այնքան ալ զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականութեան աւազանը ծանծաղ է, խորք չունի, պարզապէս որովհետեւ մեր համակարգը գրեթէ ամբողջութեամբ « սուտի » վրայ հիմնուած է: Իրականութիւններուն առջեւէն եթէ « թապուներն ու կաղապարները » վերցնէք, ետեւի « սուտերը » իրենց ամբողջ մերկութեամբ հրապարակ պիտի ելլեն, այս մասին արգիլուած է որեւէ հարցադրում կա-տարել, այս մասին մտաւորական որեւէ հետաքրքրութիւն դաւաճանութեամբ կ’ամբաստանուի…:
– Հայկական թապուին այդ երկաթեայ պատեանին առաջին կեղեւը կազմող՝ իթթիհատական-ներու յանցագործութեան փաստն իսկ կարելի չէ վիճարկումի նիւթ դարձնել:
– Շատեր կը ցնցուին, կը գայթակղին իմ գործածած « ցեղասպանութիւն » բառին պատճառով, որովհետեւ մեր մտածումները այնքան նեղ շրջանակի մը մէջ բանտարկուած են, որ մէկ բառն իսկ կը բաւէ մտածումներու երկրաշարժ ստեղծելու, ճիշդ է, որ մենք ունինք մտային այնպիսի կառոյց մը, որ նոյնիսկ մէկ բառէն կը սարսափի…:
– Հայկական հարցին մասին խօսելու արգէլքին պատճառը՝ անոր Թուրքիոյ համար շատ սուղի նստիլը չէ, այլ այն սարսափին՝ թէ փոքր ճեղք մը կը բացուի տարիներով մշակուած մտայնութեան այն ամրափակ խցիկին մէջ, որուն մէջ բանտարկուած ենք…:
– Մեր ունեցած հարցերուն մէջ ամէնէն բարդ լուծում ունեցող հարցը՝ « թրքական հարցն է »… ա’լ պէտք է հասկնալ եւ ընդունիլ, որ Թուրքիան ամէն բանէ առաջ « թրքական հարց » ունի…:
* * *
Արդ՝
Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք, այսօր « Միւս Թուրքին » մտածելակերպը, վարքն ու գործունէութեան բնոյթը մեզ կը հետաքրքրեն այնքանով, որ իր տարած պայքարի արդիւնքով իմացական զարթօնք ապրող երկրին հասարակութիւնը, գուցէ ինք դառնայ դատաւորը իր երկրին ամօթալի պատմութիւնը գրած իր պապերուն եւ ներկայիս այդ պատմութիւնը ամրագրող իր ոճրապարտ պետութեան…
Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք, հայ-թուրք հակամարտութեան առանցքին մէջ ձեւաւորուած « Միւս Թուրքին » կերպարը նաե’ւ կը նշանակէ, որ ժողովրդավարական կարգերու եւ ընկերային արդարութեան հաստատման համար, անոր մղած պայքարը կը պայմանաւորուի երկ-րին թապուներուն խորտակումով, որոնց մեծագոյնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան հպարգելքն է…:
Եւ ոչ միայն այդքան…
Եւ դեռ աւելին՝ « Միւս Թուրքին » պայքարի ոգին խթանողը՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին իր « ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԴԱՏ »ը հետեւողականօրէն հետապնդելու անկոտրում կամքն ու անխոնջ աշխատանքներն են, ինչպէս կը վկայեն ու կը հաստատեն « Միւս Թուրքերը » …
Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք, հայապատումի նոր հանգրուանի մը սեմին, ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, ինչպէս ե’ւ վաղը հայ ժողովուրդը իր սեփական ներուժով, իր բովանդակ կարողականութեամբ, առաւել վճռակամութեամբ եւ վերանորոգ ուխտով պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ իր դատինեւ « ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ » մէկ ու միակ օրակարգով վերակազմակերպէ իր գոյերթը, դեռ չգրուած պատմութիւններու մայրուղիներուն վրայ …:
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հալէպ
Ծանօթ: Յօդուածին աղբիւրները քաղուած են թրքական մամուլէն եւ « Ազդակ »ի մէջ լոյս տեսած առնչակից նիւթերէ եւ հարցազրոյցներէ: