Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ – թիւ 19
Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ -199
Եգիպտական արաբատառ «Ալ Հուտա» թերթը 1919-ի սկիզբները իր քանի մը թիւերով լայն արձագանգ կը հանդիսանայ՝ Միջին Արեւելքի (Սուրիա, Լիբանան) մէջ ձիր ու ցան եղած վերապրող հայորդիներու կացութեան, ինչպէս նաեւ Պէյրութէն 30 քլմ. դէպի հիւսիս գտնուող Քըսրուանի շրջանի Անթուրա գիւղի թրքական որբանոցի հակահայ գործունութեան: Այդ նիւթերը սոյն թերթին մէջ լոյս տեսած եկեղեցական բարեսիրական միութեան մը (անունը չի նշուիր) յօդուածի ձեւով տրուած նամակներէն՝ «Համաձայնութիւններն Ու Դաշնագիրները 1919-1923» վերնագրեալ արաբատառ հատորին մէջ, Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սաթենիկ Չաքըր Ֆոնտի հրատ., Գահիրէ, եօթերորդ հատոր, 2019, 595 էջ: Սոյն հատորաշարքը լոյս տեսած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի վարչութեան կողմէ, Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութեան որոշումով 2001ին ուսումնասիրուիլ սկսած «Հայաստան Եւ Հայերը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» գիտական հետազօտութեան ծրագիրով, որ հատորաշարքի ձեւով լոյս տեսած է եւ որուն նպատակն է վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի հայոց հետ կապուած կարեւոր դէպքերն ու անոնց արձագանգները վաւերագրել՝ ըստ եգիպտական եւ արաբական մամուլի մէջ լոյս տեսած լուրերու եւ յօդուածներու:
Առաջին յօդուածը վերամշակումն է վերոնշեալ եկեղեցական բարեսիրական միութեան շրջանային տնօրէն՝ տոքթ. Քրոտինիէրի (Հալէպ) ուղղուած նամակին, Արաբական երկիրներու կիրակնօրեայ դպրոցներու քարտուղար եւ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչ պատուելի Սթիվըն Թրոպըրկի կողմէ, որ հրատարակուած է «Ալ Հուտա» թերթի Ուրբաթ, 21 Մարտ 1919-ի թիւ 12-ին մէջ (էջ 42-46): Թրոպըրկ նախապէս չքաւորներու համար ուղարկուած նիւթական օժանդակութեան շնորհակալութիւն յայտնելէ յետոյ կ’ըսէ. «Հալէպի մէջ կ’ապրին քառասուն հազար գաղթական հայեր, իչպէս նաեւ Այնթապի, Մարաշի, Եդեսիոյ մէջ վեց հազար հայ կիներ ու մանուկներ որոնք պատսպարան չունին եւ այդ պատճառով ստիպուեցանք զանոնք բնակեցնել թրքական հին զօրանոցներու մէջ: Իմացանք թէ այս խեղճերը բացարձակապէս օճառ չեն գործածեր եւ իրենց մարմինը չեն լուացած Իրաքի գաղթակայաններէն վերադառնալէ ի վեր: Այս գաղթականները ցուրտ ձմրան իրենց վրայ ծածկելիք վերմակներ չունին, երբ այժմ լեռները ձիւնով ծածկուած են» (էջ 44-45):
Սոյն նամակէն կը տեղականանք թէ Այնթապի Աւետարանական երկրորդ եկեղեցիի վերակառուցման ծախսերու հայթայթման համար Թրոպըրկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ տոքթ. Քրոտինիէրի աւելցնելով. «Եկեղեցին, որ թուրքերն ու քիւրտերը կործանեցին առանց պատճառի, այլ քանդելու սիրոյն» (էջ 45):
Ամենէն ահռելի լուրը սակայն հայոց նոր կոտորածն է թրքական խառնակչական դրդումով, որուն զոհ գացած են աւելի քան հարիւր հայեր Հալէպի մէջ: Թրոպըրկ կ’ըսէ թէ անգլիացիներն ու արաբական բանակը արագօրէն գիտակցեցան կացութեան ծանրակշութեան եւ անմիջապէս միջոցառումներ ձեռք առին դադրեցնելու համար սպանդը:
Շաբաթ մը ետք Թրոպըրկ երկրորդ նամակով մը իր մեծաւորը մանրամասնօրէն կը տեղեկացնէ՝ Լիբանանի Քըսրուան շրջանի մէջ գտնուող Անթուրա գիւղի թրքական որբանոցի հակահայ ու հակամարդկային գործունէութեան մասին: Այս նամակը լոյս տեսած է «Ալ- Հուտա» թերթի 28 Մարտ 1919-ի թիւ 13-ի մէջ, որ հրատարակուած է վերոնշեալ հատորաշարքի եօթերորդ հատորի 47-57-րդ էջերուն մէջ:
Մարդու միտքէն չ՛անցնիր թէ ոբանոց մը կամ խեղճերու պատսպարան մը կը հիմնուի այնպիսի մղումով՝ որուն մէջ խիղճն ու ընդհանուրի բարիքը բացակայ են: Այսպիսին եղած է Անթուրայի թրքական որբանոցը, որ Լազարիստ Հայրերու Միաբանութեան դպրոցի գրաւուած շէնքերուն մէջ եղած է: Թուրքերը հոն հաւաքած են երկու հազար հայ եւ քիւրտ մանուկ որբեր եւ որբուհիներ զանոնք պատսպարելու անուան տակ, սակայն անոնց բուն նպատակը եղած է զանոնք բոլորն ալ թրքացնել: Թրոպըրկ կը շեշտէ թրքացնել բառը, ըսելով թէ նպատակը բնաւ կրօնական չէ, այլ ազգայնամոլական: Թուրքերու նպատակը իսլամացնել չէ լոկ, այլ թրքացնել, ցեղային իմաստով, բազմացնել թուրք ցեղին զաւակները: Իսլամացնելը թրքացնելու նպատակին կը ծառայէ, որովհետեւ քիւրտ որբերն ու որբուհիները արդէն իսլամ էին: Թրքերէն լեզուն պարտադիր էր որբանոցին մէջ եւ ան որ չէր հնազանդեր թրքերէն խօսիլ ու գրել, սաստիկ ծեծով կը պատժուէր: Որբերուն վերաբերեալ ամէն վերացական կամ նիւթական հայկական կամ քրտական դրոշմ կը ջնջուէր եւ թրքականով կը փոխարինուէր: Անոնք զօրաւոր կերպով կը մղուէին մոռնալու իրենց էութեան եւ ազգութեան ինքնութիւնը: Պէտք է թրքանային բոլոր որբերն ու որբուհները: Բոլորն ալ ստիպուած էին աղօթելու եւ իրենց հոգեւոր պարտականութիւնները կատարելու իսլամ կրօնքի ուսուցման համաձայն: Ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները երեխաներու միտքերուն մէջ պարտադրանքով կը մտցնէին թրքական բանակի եւ թուրք ցեղի գովասանքի արտայայտութիւններ: Հայկական «Մարիամ» անունը «Ֆաթիմա», «Եղիսաբէթ»ը «Խատիճէ», «Յովհաննէս»ը «Միտհաթ» եւ «Պետրոս»ը «Շեւքէթ» կը դառնան ստիպողաբար, ապա թէ ոչ ծանր պատիժի կ’ենթարկուի չհնազանդող մանուկը: Ուսուցիչները մանուկներուն կը ստիպեն ամէն օր բացագանչել «Երկար ապրի մեր թագաւորը (սուլթանը- Յ. Ի.), երկար ապրին Գերմանիան ու գերմանացիները»:
Թրոպըրկ այդ որբանոց կոչուածի հայ մանուկներու մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ամէն օր հայ մանուկներէն երեք կամ չորս հոգի կը մահանային, նախապէս բռնագաղթի ճանապարհին անոնց կրած տառապանքներուն իբրեւ հետեւանք» (էջ 49): Այդ տխրահռչակ որբանոցի ղեկավարութենէն քանի մը ամիսը անգամ մը սպաներ կը ղրկուին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի զանազան կողմերը, հաւաքելու եւ Անթուրա բերելու համար հայ որբեր, թրքացնելու նպատակով: Թրքական իշխանութիւնները Լութֆի պէյ ու Հալիտէ հանըմ անունով թուրքեր նշանակած էին իբրեւ որբանոցին առաջին պատասխանատու ուսուցիչներ եւ «դաստիարակներ»: Այս մարդիկը մօտ էին Ճեմալ փաշայի եւ անոր ցուցմունքներով կը գործէին: Թուրք պատմաբան Սելիմ Տերինկիլ (տեսնել https://journals.openedition.org/eac/2090 համացանցային կայքը) Ճեմալ փաշայի եւ թուրք գրող Հալիտէ Էտիպ հանըմի մասին կ’ըսէ. «Մեծ Պատերազմին, որբացած հայ մանուկները իւրացնելը Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան մաս կը կազմէր: «Ամէն տեսակէտով, հայերը», ինչպէս Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնի կծող ոճով կ’ըսէ, «որբացած ազգ» մը դարձան: Մասնայատուկ ուշադրութեան առարկայ է հայ որբերը իսլամացնելու եւ թրքացնելու նպատակով Ճեմալ փաշայի հաստատած որբանոցը Լիբանանի Անթուրա գիւղին մէջ: Իսլամացումի եւ թրքացումի գործընթացի իրականութիւնը կը հաստատուի Անթուարայի որբանոցի սանուկներէն երեք հոգիի հետագայի յուշագրութիւններուն մէջ: Թուրք ազգայնական յայտնի գրող Հալիտէ Էտիպ հանըմ այս ծրագիրին հիմնական գործունեայ մասնակիցներէն էր: Ճեմալ փաշայի կողմէ նշանակուած ըլլալով Սուրիոյ Կրթական Ընդահնուր Տնօրէն, Հալիտէ Էտիպ անձնապէս ներգրաւուած էր Անթուրայի հայ որբերու իսլամացումի եւ թրքացումի գործին մէջ, թէեւ ինք հետագային հերքած է այս իրականութիւնը իր յուշերուն մէջ»:
Երբ Թրոպըրկ 1918-ի Հոկտեմբերին կ’այցելէ Անթուրայի որբանոցը, երեք տարի առաջ հոն բերուած 2000 որբերէն միայն 669 հոգի ողջ կը գտնէ, որոնց 456-ը հայեր էին, իսկ մնացեալները քիւրտ եւ ասորի: Թրոպըրկ կրկին կ’ըսէ թէ որբերը թրքացնելու մեծ ճիգ թափուած էր պարզ ազգայնամոլական մղումով եւ ոչ թէ կրօնական: Իբրեւ փաստ այս արարքին ան կը հաստատէ թէ Երիտթուրք ղեկավարները ոչ իսկ դոյզն հաւատք ունէին իսլամ կրօնքին հանդէպ, այլ անոնք իսլամութիւնը կը նկատէին իբրեւ օսմանեան աւանդ, որ պէտէ է պահուէր, որովհետեւ ան թրքութեան դրոշմներէն մէկն էր:
Վերոյիշեալ տեղեկագրութիւնը հայութեան բեկորներու դառն վիճակին մասին Սթիվըն Թրոպըրկի ականատեսի վկայութիւններն են: Ան երեք տարուան ընթացքին քանի մը անգամ այցելած է Անթուարայի որբանոցը: Նոյնքան վաւերագրական է «Ալ Հուտա» օրաթերթի 1 Ապրիլ 1919 թուագրեալ թիւ 14-ի մէջ երեւցած Սթիվըն Թրոպըրկի յօդուած-նամակը, որ հարցազրոյցներու ամփոփումներն է Անթուրա տարուած կարգ մը վերապրող հայ որբ պատանիներու եւ պարմանուհիներու հետ, որոնք իրենց կեանքի ոդիսականը պատմած են: Այդ հարցազրոյցները կ’երեւան եօթերորդ հատորի 70-76րդ էջերու մէջ: Այդ վկայութիւնները հետեւեալներն են.
Ա. ԼԵՒՈՆ ՊԱՏԱՆԻՆ-16 տարեկան Լեւոնը Կ. Պոլսոյ արուարձաններէն, Մարմարայի շրջանէն, իր երկու քոյրերուն հետ՝ մէկը 14 իսկ միսը 12 տարեկան կը բռնագաղթեցուի: Քիւրտերը բռնագաղթի ճամբուն վրայ Լեւոնի երկու քոյրերը իրենց հարեմներէն մէկը կը տանին, իսկ Լեւոնին կը ստիպեն որ քրտանայ: Ան կտրականապէս կը մերժէ քիւրտերու նենգ առաջարկը: Անօրէնները Լեւոնի կոկորդը բամպակ կը թխմեն խեղդելու աստիճան, պարզապէս ստիպելու համար զայն ուրանալու իր հայութիւնն ու կրօնքը: Լեւոն հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ: Այսպէս քիւրտերը կը չարչարեն Լեւոնը մինչեւ որ բարեբաստիկ առիթով մը ան կը յաջողի գիշերով փախուստ տալ զինք կալանողներէն: Լեւոն տեղէ տեղ կը շրջի իր կեանքը ազատելու նպատակաւ, մինչեւ որ օր մը իթթիհատական թուրք մը զայն բռնի ոյժով Անթուրայի որբանոցը կը տանի:
Բ. ՊԱՐՄԱՆՈՒՀԻ ԹԱԳՈՒՀԻՆ- Տասը տարեկան Թագուհին իր ծնողներով եւ երեք եղբայրներով բռնագաղթի ճամբան կը բռնէ Ռոտոսթոյէն: 1914-ին հայրը բանակ տարուած էր, սակայն թուրքերը զայն այնքան չարչարած էին որ մարդը ստիպուած փրկագին (պէտէլ) վճարելով տուն վերադարձած էր: Թագուհիենց կարաւանը մինչեւ Գոնիա հասնի անոր երկու եղբայրները կը մահանան ճամբան: Ընտանիքը բազում դժուարութիւններէ անցնելէ ետք Հալէպ կը հասնի, ուրկէ թուրքերը զանոնք Դամասկոս կը քշեն: Թագուհիի հայրն ու մայրը ժանտատենդէ բռնուելով քանի մը օր ետք կը մահանան: Թագուհի եւ իր 16 տարեկան եղբայրը վեց ամիս Դամասկոս ապաստանարան մը կը մնան: Չարաբաստիկ դիպուածով մը իթթիհատական սպայ մը Թագուհին կը տեսնէ եւ զայն բռնի ոյժով Անթուրայի որբանոցը կը տանի: Եղբայրը Դամասկոսի մէջ առանձին կը մնայ եւ կարճ ժամանակ ետք կը մահանայ:
Այս երկու ոդիսականները Անթուրայի հայ որբերու հետ Թրոպըրկի կատարած բազում հարցազրոյցներէն եւ պատումներէն նմոյշներ են, ցոյց տալու համար իթթիհատականներու հայոց դէմ թշնամական վարուելակերպի բազմաթիւ հակամարդկային ձեւերէն մէկը՝ հայ մանուկները բռնի ուժով թրքացնել փորձելու: