ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Եթէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները հանդիպում կազմակերպեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, ես առարկութիւն չեմ ունենար», «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Ես պատրաստ եմ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուելու, սակայն Հայաստանի ղեկավարները առայժմ համարժէքօրէն չեն արձագանգեր անոր»:
Նոյն հարցազրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը անգամ մը եւս շեշտեց, որ ղարաբաղեան տագնապը միանգամընդմիշտ լուծուած է, եւ զուգահեռաբար Ալիեւ հերքեց այն պնդումները, թէ Ատրպէյճան տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանէն: