ՊԱՔՈՒ, «Armenia.Az».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Դեկտեմբերին ընդունեց Ռուսիոյ սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմովի այցելութիւնը՝ ողջունելով այն իրողութիւնը, որ «Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ ռազմական եւ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութիւնը կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ»:
Ալիեւ նաեւ ընդգծեց այս տարուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած բազմաթիւ համաձայնագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Կերասիմով նշեց, որ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Կերասիմով հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Նաճմետտին Սատըքովի հետ, որ պնդեց, թէ Արցախի հակամարտութիւնը «հիմնական սպառնալիքն է տարածաշրջանի ապահովութեան համար»:
Նշենք, որ Կերասիմով Պաքու ժամանած էր հանդիպում մը ունենալու Եւրոպայի մէջ ՆԱԹՕի միացեալ զինուած ուժերու հրամանատար Քըրթըս Սքափարոթիի հետ, ինչ որ այս տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երկրորդ կը հանդիսանայ: