Սուրիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծում գտնելու միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի կ’ունենայ Զուիցերիոյ մէջ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կարծիքով, աններելի յանցանք մը պիտի ըլլայ բացակայիլ այսպիսի պատեհութենէ մը , որ առ այսօր, առնուազն հարիւր հազար կեանքեր խլելու կողքին, իննուկէս միլիոն քաղաքացիներու ակամայ տեղահանութեան պատճառ դարձաւ:
Ինչպէ՞ս ծագեցաւ Ժընեւի խորհրդաժողովին գաղափարը: Մայիս 2013-ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրի եւ Սերկէյ Լաւրով, հակամարտութեան երկու կողմերը դէմ առ դէմ համախմբելու համաձայնութիւն մը գոյացուցին: Քերրի, մտահոգութիւն մը եւս յայտնեց, զգուշացնելով, թէ վերոյիշեալ հանդիպումը ձախողելու պարագային, անիշխանականութեան մէջ կրնայ մխրճուիլ Սուրիան: Խորհրդաժողով յառաջացնելու Քերրիի եւ Լաւրովի ծրագիրը այնքան ալ լայն ընդունելութեան չարժանացաւ նախնական շրջանին:
Հարցը զարգացաւ երբ, 21 Օգոստոսին,Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ ծայրայեղականները քիմիական զէնք կիրարկեցին խաղաղ բնակիչներու դէմ: 27 Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկեց, մինչեւ 2014-ի կէսերը՝ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը չէզոքացնելու կամ տեղափոխելու, թիւ 2118 բանաձեւը: Բանաձեւը միաժամանակ ամենակարճ եւ արագ միջոցին, միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու յանձնառութեան տակ դրաւ միջազգային ընտանիքը: Թիւ 2118 բանաձեւը կը թելադրէր «Հակամարտութեան բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը, լուրջ եւ կառուցողական» խորհրդաժողովի մը՝ « Կայունութիւն եւ փոխհասկացողութիւն» ստեղծելու մտահոգութեամբ:
Հասկնալի պատճառերով, մեր ընթերցողներէն շատեր եւ առհասարակ հանրութիւնը անծանօթ կը մնայ Ժընեւի մէջ, 30 Յունիսին, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ կայացած միջազգային խորհրդաժողովին եզրափակիչ հաղորդագրութեան, որ ներկայիս ծանօթ դարձած է, իբրեւ «Ժընեւ -1» խորհրդաժողով:
Ին՞չ կը թելադրէր «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովը: Ահաւասիկ տառացի անոր եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը.
«Քաղաքական որեւէ համաձայնութիւն պիտի յանգի փոխանցման ժամանակաշրջանի մը, որ պիտի երաշխաւորէ Սուրիոյ իշխանութիւնը բոլորին կողմէ բաժնելու կարելիութիւնը: Փոխացման ժամանակաշրջանը յստակ ժամանակացոյց մը պիտի որդեգրէ վերոյիշեալ կարելիութիւնները իրագործելու նպատակով: Գործընթացը տեղի պիտի ունենայ խաղաղ, կայուն եւ հանդարտ պայմաններու տակ: Փոխանցման հանգրուանը պիտի կատարուի արագ եւ անարիւն, առանց՝ վայրագութեան:
Փոխանցման ժամանակաշրջանի հիմնական պայմանները պիտի ներառնեն՝ վարչական բացարձակ լիազօրութիւններով օժտուած անցումային իշխող մարմնի մը կազմութիւնը, որուն,փոխադարձ հասկացողութեամբ, մաս պիտի կազմեն իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ: Այս հանգրուանին պիտի յաջորդեն Սուրիոյ բոլոր հատուածներուն մասնակցութեամբ ազգային երկխօսութեան նիստեր, սահմանադրութեան եւ իրաւական համակարգին մէջ վիճելի հարցերու վերանայում, ազատ եւ բազմակուսակցական դրութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններ, կանանց մասնակցութիւն՝ անցումային բոլոր հանգրուաններուն»:
Վերոյիշեալ հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ’արտայայտէ իշխանափոխութեան մասին: Ոչ ալ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը կրնայ խնդրոյ առարկայ դարձնել: Ամենայնդէպս, սուրիական իշխանութիւնը առաջին իսկ օրէն ընդունեց Ժընեւի առաջին խորհրդաժողովէն բխած որոշումները: Նոյն կեցուածքը որդեգրեց երկրորդին պարագային, երբ անոր արտաքին գործոց նախարարը տակաւին Նոյեմբերին, յստակօրէն յայտարարեց, թէ Սուրիա պատրաստ պիտի ըլլայ մասնակցելու նախատեսուած խորհրդաժողովին:
Ընդդիմութեան պարագային,այսպէս կոչուած Սուրիոյ Յեղափոխութեան Ազգային Համախմբումը եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու մեծամասնութիւնը յայտարարեցին, թէ միայն նախագահ Ասատի հրաժարականին վերաբերեալ Արեւմուտքէն երաշխիքներ ստանալու պարագային պիտի մասնակցին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին: Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը առաջին իսկ պահէն հրաժարեցաւ Ժընեւէն, այն պատճառաբանութեամբ թէ սկզբունքներու խախտում մը պիտի ըլլար, նախագահ Ասատի իշխանութեան հետ սեղան նստելու իրողութիւնը: Ընդդիմադիր այլ խմբաւորումներ,ինչպէս՝ Ազգային Համագործակցութեան Խորհուրդը մերժեց Ազգային Համախմբումին հովանոցին տակ մասնակցիլ խորհրդաժողովին: Քիւրտերը, որոնք կը կազմեն Սուրիոյ բնակչութեան տաս առ հարիւրը նոյնպէս մերժեցին հետեւիլ Ազգային Համախմբումին հրահանգներուն: Խորհրդաժողովին մերժեց մասնակցիլ նաեւ Արեւմուտքին անմիջական զօրակցութիւնը վայելող այսպէս կոչուած Ազատ Սուրիոյ բանակը, որովհետեւ անորշ կը մնար նախագահ Պաշշար Ասատին ճակատագիրը..: Իսկ այսպէս կոչուած Իսլամական Ճակատը սպառնաց՝ իբրեւ դաւաճանութիւն ընդունիլ, Ժընեւի խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը…: Այս բոլորէն հեռու, Սուրիոյ ներքին ընդդիմութիւնը ընդհանրապէս անտեսուեցաւ.. չստացաւ մասանկցութեան հրաւէր:
Միջազգային բեմի վրայ, Սուրիոյ նախագահին ամենակարեւոր դաշնակիցներէն՝ Իրանը, 19 Յունուարին, մասնակցութեան պաշտօնական հրաւէր ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն: Պան Քի Մուն, հրաւէրին առիթով իր համոզմունքը յայտնեց, թէ Իրան մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենար Սուրիոյ հակամարտութիւնը լուծելու աշխատանքներուն մէջ: Սակայն, հրաւէրին լուրը հաղորդուելէ անմիջապէս ետք, Սուրիոյ Ազգային Համախմբումը սպառնաց չմասնակիլ խորհրդաժողովին, պահանջելով յետս կոչել Իրանին յղուած հրաւէրը: Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող ընդդիմութիւնը նախազգաց Ուաշինկթընի ՝ վարած երկդիմի քաղաքականութիւնը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր խելապատիկէն չէր կրնար հրաւիրել Իրանը, առանց Ուաշինթընի հաւանութեան: Ուաշինկթըն, մեկնելով Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իր աշխարհաքաղաքական շահերէն, ինչ որ տեղ հաւանութիւն տուած էր Թեհրանի մասնակցութեան: Արաբական Ծոցի կարգ մը պետութիւններուն պարագային բացայայտ պարտութիւն պիտի նշանակէր Իրանի մասնակցութիւնը: Ճնշումներուն տեղի տալով, Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Ժընեւի ոգիին ընդդիմացող պետութիւն մը, ինչպէս՝ Իրանը, չէր կրնար մասնակցիլ խորհրդաժողովին (Եթէ խօսքը կը վերաբերէր նախագահ Ասատի հրաժարականին, նման մթնոլորտ գոյութիւն չունէր Ժընեւի առաջին խորհրդաժողովին եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ): Միացեալ Նահանգներ կերպով մը տեղի կու տար ընդդիմութեան ճնշումներուն, պահ մը ինքնախաբէութեան դիմելով, թէ «Ժընեւ -1»ը կ’երաշխաւորէր նախագահ Ասատի հեռացումը: Պան Քի Մուն մոռցաւ Իրանի հասցէին օր մը առաջ շռայլած դրուատանքը եւ յանկարծ քննադատութեան տեղատարափ մը տեղացուց Թեհրանի հասցէին.«Սուրիոյ մէջ լիբանանէն թափանցող շիի զինեալներուն օժանդակելու, Հըզպալլային թիկունք կենալու, նախագահ Ասատին կողքին կռուելու» եւ նմանօրինակ պատճառաբանութիւններ..: Այս ալ ՄԱԿ-ի ընհդանուր քարտուղար Պան Քի Մունի սկզբունքայնութեան մասին…:
Իրանի պատասխանը չուշացաւ .« Բոլորը քաջատեղեակ են, որ առանց Իրանի մասնակցութեան, մեծ յոյսեր չեն վայելեր Սուրիոյ հակամարտութիւնը լուծելու կարելիութիւնները…»: Պան Քի Մուն, Ուաշինկթընի ճնշումներուն տակ խորհրդաժողովին հրաւիրեց Աւստրալիան, Լիւքսեմպուրկը, Մեքսիքօն, Հարաւային Քորէան, երկիրներ որոնք տեղեակ ալ չեն Սուրիոյ իրադարձութիւններուն: Բայց մինչ այդ ին՞չ տեղի կ’ունենար քուլիսներու ետին: Դամասկոսի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպերթ Ֆորտ Անգարայի մէջ արտակարգ նիստի մը կը հրաւիրէր Սուրիոյ Ազգային Համախմբումը եւ տնտեսական աջակցութենէ զրկել կը սպառնար Ժընեւի խորհդաժողովէն բացակայող հոսանքներուն : Ամերիկեան սպառնալիքներու տակ, նախագահ Ասատի հետ երկխօսութիւնը մերժող Ազգային Համախմբումը , յանկարծ որոշեց մեկնիլ Ժընեւ: Դեսպան Ֆորտ, Անգարայի մէջ յստակօրէն յայտարարած էր, թէ սալաֆական, ուահապական ծայրայեղական հոսանքները ոչ մէկ դերակատարութիւն պիտի ունենան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ:
Այստեղ կ’արժէ փակագիծ մը բանալ եւ լուսարձակի տակ վերցնել ծայրայեղական կազմակերպութիւներու եւ Ուաշինկթընի միջեւ փոխյարաբերութիւնները:
Ամենածիծաղելին, Ուաշինկթըն երկու դասակարգի բաժնած է Սուրիոյ հակամարտութեան մասնակից Քայիտայի խմբաւորումները: Առաջինը՝ այսպէս կոչուած « Լաւ Քայիտա»ն՝ Իսլամական Ճակատը: Երկրորդը՝ «Թշնամի Քայիտա»ն՝ Ալ Նուսրան՝ Արեւելքի եւ Իրաքի Իսլամական պետութիւնը: Պատկերացուցէք, որ Մոնթրոյի բանակցութիւններուն մասնակից ընդդիմութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէ Իսլամական Ճակատի՝ Ահրար Էլ Շամ թեւին մէկ ներկայացուցիչը: Ի զուր չէր, սուրիական պատուիրակութեան անդամ Պուսէյնա Շաապանի բողոքը, թէ ահաբեկիչներու հետ կը ստիպէին բանակցիլ…: Ուաշինկթընի համոզուած է՝ Իսլամական Ճակատը չի կրնար դառնալյ ժողովրդավար Սուրիոյ նախատիպը: Այս պատճառով իսկ, ընդդիմութեան կարգ մը հոսանքներ արդէն սկսած հարցականի տակ առնել իրենց «դատ»ին հանդէպ Ուաշինկթընի յանձնառութիւնները: Արկածախնդրական քաղաքականութիւններու սիրահար՝ Ուաշինկթըն լաւապէս կ’ըմբռնէ, թէ հակամարտութիւնը դուրս ելած է իր հունէն եւ Սուրիա կրնայ վերածուիլ ծայրայեղականներու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու «երկրորդ Աֆղանիստան»ի մը: Նախագահ Պարաք Օպամա կտրականապէս կը մերժէ այս ռազմավարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու կարծիքով, «Ժընեւ -2» խորհրդաժողովը պիտի դառնայ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ յեղափոխութեան իտէալները իրականացնելու լաւագոյն առիթը: Սակայն հակամարոտութեան երկու կողմերը կը մնան անզիջող: Իշխանութիւններուն համար նախագահ Ասատի հեռացումը մաս չի կրնար կազմել քննարկուելիք օրակարգերուն, իսկ ընդդիմութեան կարծիքով, լուծումի նախապայմանը նախագահին հեռացումն է: Այս բոլորէնանկախ, իրերամերժ այս մթնոլորտին մէջ որեւէ ձեւի համաձայնութեան գործադրութիւնը կը մնայ հարցական: Միացեալ Նահանգներ քաջատեղեակ է, որ Արաբական Ծոցի կարգ մը պետութիւններէն բացի ոչ ոք կը պահանջէ նախագահ Ասատի հեռացումը: Արեւմտեան երկիրներ աստիճանաբար կը համոզուին, թէ Ասատի ներկայութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն: Փաստօրէն, նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Պաշշար Ասատ կը գտնուին միեւնոյն յայտարարին տակ՝ պատերազմ ահաբեկչութեան դէմ: Սուրիոյ պատերազմը կրնայ տարածուիլ անոր սահմաններէն դուրս, որովհետեւ ոմանք պիտի շարունակեն նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւն առաքել ծայրայեղականներուն: Դամասկոսի վարչակարգը փուլ պիտի չգայ: Գաղթականներու տագնապը պիտի խորանայ, դառնայ աւելի անհանդուրժելի: Արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ պիտի շարունակեն ձեւանալ, թէ մտահոգուած են ահաբեկչութեան սպառնալիքներէն: Սակայն ի վերջոյ, բոլորն ալ պիտի հաշտուի իրականութեան հետ եւ վերադառնան բանակցութիւններու սեղան:
Զուիցերիոյ Մոնթրօ քաղաքը ընդհանրապէս ծանօթ է ամրան ընթացքին ճազ երաժշտութեան միջազգային փառատօներով: «Ժընեւ -2» Փառատօնը պիտի աւարտի առանց մրցանակաբաշխութեան..: Աւերն ու քայքայումը պիտի շարունակուի, անմեղներու արիւնը պիտի հոսի..Ոմանք ուշ պիտի արթննան: Ժամանակ մը ետք միայն, կարգ մը պետութիւններ, ֆիզիքական, մարդկային նիւթական յաւելեալ կորուստներ խնայելու գնով, «Ժընեւ-3» մը կազմակերպելու կոչ պիտի ուղղեն միջազգային ընտանիքին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ