Իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւնները վերսկսելու մասին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնը բարոյական կարեւոր նուաճում մըն էր նախագահ Պարաք Օպամայի վարչամեքենային համար: Փետրուարէն ի վեր վեց տարբեր առիթներով միջինարեւելեան ոստաններ այցելող Քերրի, յաջողեցաւ համաձայնութիւն գոյացնել կողմերուն միջեւ եւ վերակենդանացնել երեք տարիէ մահաքունի մէջ գտնուող բանակցութիւններու գործընթացը: Բանակցութիւններու ընթացքը այնքան զգայուն ըլլալով, ոչ ոք կը խօսի անոնց մանրամասնութեան մասին: Անգամ Քերրի՝ կը մերժէ յիշատակութիւն որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել անոնց տարազին վերաբերեալ: Պաղեստինեան աղբիւրներկը յայտնեն, թէ Մահմուտ Ապպաս կարեւոր երաշխիքներ ստացած է Ուաշինկթընէն:
Ժամանակը հասած է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ, ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը վերցնեն մարտահրաւէրներու ձեռնոցը եւ Իսրայէլին պարտադրեն անխուսափելի իրականութիւնը: Պաղեստինցիները պիտի ապրին 1967-ի սահմաններով ծանօթ իրենց հայրենիքին մէջ Արեւելեան Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ մայրաքաղաք: Մինչեւ ե՞րբ Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը արհեստական խոչընդոտներ պիտի ստեղծեն Իսրայէլ-Պաղեստին կողք-կողքի երկու դրացի պետութիւններու ընտրանքին: Տակաւին ոչ շատ հեռու անցեալին՝ 2002-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող Արաբական Լիկայի գերաստիճանի ընթացքին, արաբական աշխարհի քսաներկու պետութիւններ առաջարկեցին կողք-կողքի երկու դրացի պետութիւններու ընտրանքին փոխարէն՝ բնականոն դիւանագիտական, տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատել սիոնական պետութեան հետ, միաժամանակ բաւարար երաշխիքներ տալ Իսրայէլի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն:
Համայն աշխարհ այս օրերուն կը հետեւի պաղեստինցի ժողովուրդին ճառահատ քայլերուն: Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ բնակութեան միաւորներ կառուցելու ծրագիրները, Կազա կը մնայ ծովային, ցամաքային շրջափակումի տակ: Մենք, համեստ մահկանացումներս կը մոռնանք Կազայի շրջափակումը ջնջելու մասին ՄԱԿ-ի թիւ 1860 բանաձեւը, որ շրջափակումը վերացնելու զուգահեռ կը պահանջէ վերաբանալ Կազա տանող ցամաքային սահմանագիծերը: Բանաձեւը միաժամանակ կ՛առաջադրէ ժամանակակից նաւահանգիստով մը օժտել Կազան եւ վերաբանալ Կազայի օդակայանը: Ինչո՞ւ լռութիւն կը պահեն Ուաշինկթընի պետական քարտուղարութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1860 բանաձեւի գործադրութեան առնչութեամբ: Ինչո՞ւ կը լռեն ՄԱԿ-ը, միջազգային քաղաքական եւ հսարակական կառոյձցներ որոշումի տէր հաստատութիւններ: Չի բաւեր միայն պաշարումը ջնջելու կոչեր ուղղել Իսրայէլին, անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել, եթէ անկեղծ են ցանկութւինները:
Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պատգամաբեր Ուաշինկթընը պաղեստինցի ժողովուրդին արդար իրաւունքները չի կրնար մասնատել կամ մեկուսացնել իր դաւանած եւ հետապնդած բարոյական չափանիշներէն: Մնայուն կերպով միջազգային օրէնսդրութիւնը խախտելու իսրայէլեան քաղաքականութեան հանդէպ խօլ ականջ ձեւանալու, բացայայտ կեղծիքի եւ երկակի չափանիշներու դրսեւորումները, ինքնաբերաբար պիտի խորացնեն արաբական աշխարհի մէջ Ուաշինկթընի հանդէպ հիասթափութիւնն ու ատելութիւնը, առաւել բեւեռացումի պիտի մղեն պաղեստինեան դատը Արեւմուտքին դէմ շահագործող արմատական կազմակերպութիւնները: Պաղեստինցիները ինչպէ՞ս վստահին նախագահ Օպամային երբ Միացեալ Նահանգներ մնայուն վեթօ կ’օգտագործէ Իսրայէլը դատապարտող բանաձեւերուն: Միւս կողմէ, ուշագրաւ է, որ իւրաքանչիւր առիթով, երբ նախագահ Պարաք Օպամա պաղեստինցիներուն նպաստաւոր կեցուածք արտայայտէ, Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը հակոտնեայ պատասխանով մը կը հակակշռեն անոր…:
Վերջին շրջանիոն Ուաշինկթըն տնտեսական սպառնալիքներու զէնքը կ՛օգտագործէ Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ, որպէսզի վերջինս հրաժարի ՄԱԿ-ի միջոցաւ պետականութեան ճանաչումէն: Սպիտակ Տունը Ապպասը կը ճնշէ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան: Սակայն, ո՞վ է խաղաղութեան բանակցութիւնները խոչընդոտող կողմը: Պաղեստինցիները անցնող տարիներուն ընդառաջած են իսրայէլեան կողմին գրեթէ բոլոր պահանջներուն: Հակառակ այս պատրաստակամութեան, անոնք ձեռնունայն դուրս ելած են բանակցութեանց սեղաններէն:
Ներկայիս, վարչապետ Նեթանիահու կը մերժէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը: Ան միաժամանակ կը մերժէ բանակցիլ Համասի ներկայացուցիչներ ընդգրկող պաղեստինեան խառն պատուիրակութեան մը հետ: Նեթանիահու ոչ մէկ շահագրգռութիւն կը ցուցաբերէ հողի փոխարէն խաղաղութեան յանձնառութիւնը իրագործելու ուղղութեամբ: Ան տնտեսական օժանդակութիւններ կը խոստանայ Արեւմտեան Ափի բնակչութեան, իսկ Կազան կը պահէ շղթայէ բականներու տակ: Անոր պատկերացումով, պաղեստինեան որեւէ պետութիւն մէկ քանի թաղամասերու տարածութիւն կրնայ ունենալ, ապազինեալ եւ տնտեսապէս կախեալ Իսրայէլէն…:
Մենք զմեզ չխաբենք: Իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւններու վերսկսումը, ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինեան Իշխանութեան ճանաչումը խանգարելու ծուղակ մը կրնայ ըլլայ պարզապէս: Ուրիշ ոչինչ: Տակաւին մինչեւ եր՞բ եւ որքա՞ն զիջումներ կրնան հանդուրժել պաղեստինցիները: Փաստօրէն անոնք լքուած են ամայութեան մէջ, կերպով մըն ալ անոնց թելադրուած է ստիպողութեան տակ համաձայնութիւն կնքել Միջին Արեւելքի Հրէշին հետ:
Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն, Արաբական Լիկա եւ Ռուսիա հրաւիրուած են վճռական կեցուածք ճշդելու իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան: Այս մէկը միասնականութիւն կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն: Միայն նման պարագայի մը լուծում կարելի պիտի ըլլայ գտնել պաղեստինցիներու երկարամեայ ողբերգութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ