ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Պաղեստինեան Իշխանութեան անդամակցութիւնը, աննկարագրելի հակադարձութիւն մը ստեղծեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շրջանակներէն: Անոնք անմիջապէս դադրեցուցին միջազգային կազմակերպութեան իրենց նիւթական յատկացումները: Իսրայէլ երկու քայլ առջեւ երթալով կասեցուց Պաղեստինեան Իշխանութեան փոխանցուող ամսական դրութեամբ յատկացումները եւ անմիջապէս ձեռնարկեց կառուցելու բնակութեան նոր միաւորներ: Իսրայէլեան կառավարութեան հակադարձութիւնը հասկնալի էր, սակայն տարօրինակը Միացեալ Նահանգներու կեցուածքն էր:
Նախագահ Պարաք Օպամա ինքզինք կը ներկայացնէ բարոյական չափանիշներու ՙկնքահայր՚ը: Սակայն ո՞վ կրնայ անոր յորջորջած բարի առարկներէն նմոյշ մը ցոյց տալ Միջին Արեւելքի արաբ ժողովուրդին: Նախագահ Օպամա նախապէս կը յայտարարէր, թէ յանձնառու կը մնար պաղեստինեան պետութեան, որովհետեւ պաղեստինցիները արժանի են ունենալու իրենց հայրենիքը: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս քաջալերուելով Օպամայի յորդորներէն դիմեց ՄԱԿ-ին, ձեռք բերելու ինքնավարութիւն, սահմաններու ճանաչում եւ միջազգային ընտանիքին մէջ ունենալու դիրք: Ուաշինկթըն անմիջապէս վեթոյով սպառնաց կասեցնել պաղեստինցիներու հայցը: Երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նման մշակութային կազմակերպութեան մը անդամակցութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ Ուաշինկթընին, ՄԱԿ-ի ընտանիքին մաս կազմելը վստահաբար պիտի ըլլայ անընդունելի: Մանաւանդ երբ պաղեստինեան դիմումը անյարիր է Իսրայէլի կեցուածքներուն: Երկակի չափանիշն է Ուաշինկթընի միջինարեւելեան ռազմավարութեան ուղեցոյցը: Այնքան մը, որ նոյնիսկ պատրաստ է իր շահերը զոհելու յանուն Իսրայէլին: Մինչդեւ երէկ արաբները քաջատեղեակ էին, որ կարելի չէր վստահիլ Նեթանիահուի խոստումներուն, այսօր անոնք համոզուեցան, որ կարելի չէր հաւատք ընծայել Օպամայի խօսքերուն: Նախապէս յուսախաբութիւն կը տիրէր անոր մեղրածորան խոստումներէն, երբ Օպամա կը շռայլէր խոստումներ, սակայն երբ գործելու պահը հասաւ, Օպամա փայլեցաւ իր խոստումնադրժութեամբ:
Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան սայթաքումները վերլուծաբաններուն մօտ կասկած արթնցուց հարցնելու թէ արդեօ՞ք դէպի ո՞ւր կþերթայ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութիւնը, եթէ ոչª դէպի քայքայում: Ամերիկեան հեղինակազրկումին մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կþիյնայ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի եւ անոր փոխանորդ Տիք Չէյնիի ուսերուն վրայ: Այս զոյգին ութ տարուան միահեծան իշխանութեան ընթացքին ՙՆէոքոն՚ներու անհաշիւ եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը ծանր հարուած հասցուց Ուաշինկթընի հեղինակութեան: Ամերիկեան միակողմանի եւ յաճախ ոչ նպատակասլաց ու հակասական քաղաքականութիւնը աւերներ գործեց Միջին Արեւելքի մէջ: Ճիշդ այս սխալը սրբագրելու մտահոգութեամբ Գահիրէի մէջ, նախագահ Պարաք Օպամա, Յունիս 2009-ին, իր հռչակաւոր արտասանած խօսքին ընթացքին փորձեց սրբագրել նախորդ վարչամեքենային գործած աւերները: Սակայն Օպամա խուսափեցաւ ներողամտութիւն հայցելու արաբական աշխարհէն, փոխարէնըª ան խոստացաւ զարգացնել արաբական աշխարհին հետ համագործակցութիւնը,վերադառնալ անցեալի համեմատաբար չափաւոր քաղաքականութեան: Յաջորդող ամիսները եկան ապացուցելու այդ խոստումներուն զուտ օդային պարունակ կրելու իրողութիւնը: Իրաքի եւ Աֆղանիստանի անտեղի եւ աւերիչ պատերազմները պատճառ դարձան Իրանի նման շրջանային ուժերու յայտնութեան, որոնք ուղղակի մարտահրաւէր սկսան կարդալ Ուաշինկթընին: Ամերիկեան վարչամեքենային հեղինակութիւնը այնքան նսեմացաւ, որ միջինարեւելեան բազմաթիւ պետութիւններ, կազմակերպութիւններ սկսան ասպարէզ կարդալ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին եւ անտեսել անոնց սպառնալիքները:
Ամերիկեան բազմակողմանի ձախողութիւնը ակներեւ է Միջին Արեւելքի մէջ: Առաջինը` ան ձախողեցաւ լուծում գտնել արաբիսրայէլեան հակամարտութեան: Երկրորդ` Իրաքի մէջ ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծելու փոխարէն երկիրը բաժան բաժան դարձաւ համայքնային ուժերու տիրապետութեան տակ: Երրորդ` Միջին Արեւելքի մէջ աւելի բացայայտ դարձան հակաամերիկեան կեցուածքները: Նոյնիսկ Թուրքիոյ նման անոր դաշնակիցը նկատուող պետութեան մը ժողովուրդը կþարտայայտէ հակաամերիկեան կեցուածքներ: Իսրաէյլի մէջ, Ճիլատ Շալիթի եւ պաղեստինցի գերիներու փոխանակութեան համաձայնութիւնը կնքուելէ ետք, ժողովուրդը կը հարցնէ` եթէ Համասի հետ կարելի է բանակցիլ Շալիթին համար, ինչո՞ւ չբանակցիլ յանուն երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան: Եւ հետեւաբար, ինչպէս ՙԵտիոթ Ահարոնոթ՚ օրաթերթը կատարած հարցախոյզով կþեզրակացնէ` իսրայէլացիներու 68 առ հարիւրը այն համոզումը ունի, որ Միացեալ Նահանգներ եւ վարչապետ Նեթանիահու հաւատք չեն ընծայեր պաղեստինցիներու հետ խաղաղութեան: Մինչդեռ կþակնկալուէր, որ Շալիթը ազատ արձակելու շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը նպաստէր խաղաղութեան բանակցութիւններու հոլովոյթին: Այսօր բացայայտ իրողութիւն է, որ հարիւրէ աւելի պետութիւններ կը ճանչնան Պաղեստինեան Իշխանութիւնը եւ զօրավիգ են ՄԱԿ-ի մօտ պաղեստինեան պետութեան լիիրաւ անդամակցութեան: Անդամակցութեան դէմ ամերիկեան վեթօ-ն անուղղակի քաջալերանք մըն է Իսրայէլին, շարունակելու` բնակութեան ծրագիրները եւ անտեսելու միջազգային օրէնքները:
Ամերիկեան ռազմավարութեան ձախողութիւնը ակնյայտ է: Մնայուն միակ առանցքը` Թել Աւիւ-Ուաշինկթըն զինակցութիւնն է: Արաբական պետութիւններէն կþակնկալուի հետեւութիւններ քաղել ՙքանդէª որ տիրես, բաժնէ` որ տիրես՚ի այս վտանգաւոր ռազմավարութենէն եւ չգինովնալ Ուաշինկթընի խոստումներով: Արաբական աշխարհը բարեկարգութիւններու խիստ անհրաժեշտութիւնը ունի: Իրողութիւն մը, զորս անկարելի է ժխտել£ Սակայն անոնք պէտք չունին Ուաշինկթընի պառակտիչ եւ քանդիչ միջամտութիւններուն: Արաբական պետութիւններու ներքին անդորրը քայքայելու փոխարէն նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ Ուաշինկթըն ուսումնասիրէ միջինարեւելեան մէջ իր ձախողութեան պատճառները, դասեր քաղէ այդ սխալներէն, արդար ու ամբողջական լուծում պարտադրէ` Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com