Մեր առօրեայ եւ հասարակական կեանքին մէջ շատ յաճախ կը խօսինք փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին: Յաճախ կը շարժինք, առանց դոյզն պատկերացում ունենալու առնելիք քայլերու հետեւանքներէն: Յաճախ կը շարժինք, մոռնալով, որ փոփոխութեան անուան տակ կատարուող քայլեր յուսախաբութեան կրնան մատնել մեզ ու շրջապատը: Բայց աւերը արդէն գործուած է…: Երազներու փլուզում եւ ողորմելի իրականութիւն: Եթէ ցանկութիւնները բարի են, շահադիտութիւններէ հեռու, ենթահողը պատրաստ, քայլերը սերտուած եւ պայմանները նպաստաւոր՝ փոփոխութիւնները անկասկած պիտի ունենան դրական ներազդեցութիւն: Ինքնանպատակ, կամայական փոփոխութիւնները ՝ եպերելի հետեւանքներով արկածախնդրութիւններու առջեւ կրնան դնել ենթական ու հաւաքականութիւնը:
Պետութիւններու պարագան չի տարբերիր անհատներու տրամաբանութենէն: Խօսքով՝ բոլորը կը ձգտին ընկերային արդարութեան: Բայց թէ ինչպիս՞ի ճանապարհներով կը փորձեն հասնիլ իրենց ձգտումներուն, ինչպիս՞ի պատճառաբանութիւններով պիտի փորձեն հիմնաւորել իրենց արարքները, այստեղ կը բացայայտուի նպատակներու եւ միջոցներու արդարացիութեան ակօսը: Շատ յաճախ, նպատակը չ’արդարացներ միջոցը եւ՝ հակառակը: Անձ, հաւաքականութիւն եւ կամ՝ պետութիւն, սկզբունքը միեւնոյնն է՝ առարկայական ենթահողի բացակայութեամբ փոփոխութիւնները դատապարտուած են ձախողութեան, լաւագոյն պարագային, ի սպառ՝ հիւծում:
Դարերու ընթացքին, մարդկային քաղաքականութեան եւ մշակոյթին տիտաններ նուիրաբերած արաբական աշխարհը ինչո՞ւ պիտի մնայ մենատիրական, ստրկական վարչակարգերու խորհրդանիշ…: Բողքն ու ընդվզումը տեղին էր ու արդար: Սակայն արաբական աշխարհին զարգացումներուն դիտորդ ոեւէ վերլուծաբան, անմիջապէս պիտի կռահէ, թէ ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական պայմանները բարելաւելու նպատակով ժողովրդային պոռթկումները, արտաքին ուժերու մեղսակցութեամբ վերածուեցան անիշխանականութեան ազդանշան:
Փոփոխութեան կամ բարեկարգութիւններու չափանիշը անկասկած պիտի ըլլայ օրէնքի գերակայութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը: Ժողովուրդներ այլ բան չեն պահանջեր, եթէ ոչ՝ հասարակարգեր, որոնք պիտի երաշխաւորեն քաղաքացիին իրաւունքը: Հասարակարգ, ուր իշխանութիւնները հաշուետու պիտի մնան խորհրդարանին ու ժողովուրդին առջեւ: Մէկ խօսքով՝ հաւաքականութեան շահերը գերադասող համակարգ:
Գարնանային դալարագեղ մթնոլորտ ստեղծելու փոխարէն,սփռուեցաւ, արիւն, ահ ու սարսափ, աւեր՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային փլուզում: Խաթարեցաւ արաբ մարդուն բարոյահոգեբանական նկարագիրը: Անիկա ակամայ ներգրաւուեցաւ միջհամայնքային, յարանուանական բախումներու մէջ: Ծայրայեղականութիւնը դարձաւ յեղափոխութեան խորհրդանիշ..: Արտաքնապէս անմեղ թուացող ընդվզումներուն տակ սկսան բացայայտուիլ օտար պետութիւններու թելադրութեամբ անազնիւ եւ չարամիտ դիտաւորութիւններ: Արդար պահանջները շահագործուեցան: Ժողովուրդներ դարձան սին հաշիւներու զոհ:
Արաբական աշխարհը հարուածող յեղափոխութիւններու մեծամասնութիւնը, պարարտ ենթահողի բացակայութեան եւ արտաքին միջամտութիւններու հետեւանքով, անորոշութեան ահազանգ հնչեցուցած է բոլորին մօտ: Ո՞վ կրնայ վերլուծել, թէ այսօրուան դրութեամբ, ստոյգ ին՞չ տեղի կ’ունենայ Լիպիոյ, Թունուզի, Եգիպտոսի, Պահրէյնի, Եմէնի, Իրաքի եւ վերջապէս Սուրիոյ մէջ: Ո՞վ կրայ կռահել, թէ վաղուան օրը ին՞չ կը խոստանայ այդ պեութիւններուն: Ժողովրդավար հասարկարգերու կերտու՞մ՝ ամենեւին: Ընդհակառակը՝ ֆիզիքական եւ տնտեսական քայքայում:
Այս բոլորին զուգահեռ, կամայ թէ ակամայ նսեմացաւ արաբական աշխարհի ղեկավարութեան վարկը: Արեւմտեան պետութիւններու ներկայացուցիչներ պիտի որոշեն անոց ամենօրեայ քայլերը, ելոյթներուն բովանդակութիւնը եւ ճակատագիրը: Ոմանց պարագային, Արեւմուտքը միանշանակ վճիռ կ’արձակէ, երբ նոյն պահուն կը քօղարկէ ուրիշներու վայրագութիւնները: Այսօր, Միջին Արեւելքի բնական հարստութիւններուն վրայ ձեռք դնելու ահեղ պայքարի այս իրականութեան մէջ, արաբական աշխարհը՝ իր անմիաբանութեան եւ անհեռատես ղեկավարութեան պատճառով ետդարձ կը կատարէ դէպի ցեղային, աշիրեթական ժամանակներ…: Արեւմուտքը աստիճանաբար կը տիրանայ անոր բնական հարստութիւններուն, իսկ արաբը հաճոյաբար ճանապարհ կը բանայ Արեւմուտքին առջեւ:
Նոր Միջին Արեւելք ստեղծելու փորձեր կը կատարուին շրջանին մէջ: Ժողովրդավարական կարգախօսի տակ արիւնահոսութիւնը, դաւադրութեան անբաժան մասը դարձած է անկասկած: Հարցականի տակ դրուած է նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ճակատագիրը: Դժուար չէ կռահել, թէ ինչպիսի դիմագիծ պիտի ունենայ Միջին Արեւելքը տասնամեակ մը ետք…:
Ժողովրդավարութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը կը մնան ժամանակակից եւ հզօր պետականութեան խորհրդանիշ: Յաւակնութիւն չունինք պաշտպանելու մենատիրական վարչակարգեր, միապետութիւններ, սակայն կը մերժենք ժողովուրդներու ազնիւ զգացումներուն չարաշահումը, արտաքին միջամտութիւններու շնորհիւ, արաբական երկիրները ապակայունացնելու, անոնց բնական հարստութիւնները յափշտակելու, գաղութատիրական նոր վարչաձեւ ստեղծելու փորձերը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ