Լիբանանեան զարգացումներուն մօտէն հետեւորդ մը պիտի նշմարէ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, քաղաքական հոսանքները համախմբուեցան ընդհանուր յայտարարի մը շուրջ:
Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի հոսանքները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, իրենց վստահութիւնը յայտնեցին վարչապետի պաշտօնին Թամամ Սալամի թեկնածութեան: Դժբախտաբար մշակուած յայտարարը բաւական դիւրաբեկ է տոկալու՝ Լիբանանէն ներս եւ դուրս, քաղաքական եւ ապահովական ցնցումներուն առջեւ: Հրաժարեալ վարչապետ՝ Նեժիպ Միքաթի եւ զինք յաջորդող Թամամ Սալամ մեծ դերակատարութիւն ունեցան վերոյիշեալ քաղաքական հրաշքը իրականութեան վերածելու յաջողութեան մէջ: Բայց առանցքային դերակատարը Ուալիտ Ճոմպլաթն էր անկասկած:
Երկու տարի առաջ, Ուալիտ Ճոմպլաթ օգնութեան ձեռք մեկնեց Մարտ 8-ի ուժերուն եւ Հըզպալլային՝ վար առնելու Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու իր եւ Միքաթիի մասնակցութեամբ: Այսօր, ան նոյնքան վճռական դերակատաութիւն ունեցաւ Միքաթիի կառավարութեան հրաժարականին մէջ: Ճոմպլաթի քայլերը ոչ միայն վերատեսութեան ենթարկեցին լիբանանեան հոսանքներու խաղաքարթերը, այլեւ՝ Սաատ Հարիրիի մեկնումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, Սէուտական Արաբիա վերադարձաւ լիբանանեան քաղաքական բեմ: Վերջին տարիներուն, Ռիատ իր դիրքը զիջած էր շրջանային այլ դերակատարներու: Սակայն Սալամի նշանակումը կը խոստանայ ազդանշան դառնալ Սէուտական Արաբիոյ Լիբանան վերադարձին:
Թամամ Սալամ Լիբանանի անկախութեան հերոսներէն Սայէպ Սալամի զաւակն է: Ճիշդ պիտի չըլլար զինք ամբողջութեամբ ընդունիլ իբրեւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչը, սակայն՝ շատ մօտիկ անձնաւոութիւն մը: Այսուհանդերձ, նոյնիսկ Սէուտական Արաբիոյ վերադարձը եւ քաղաքական խմբաւոումներու միջեւ վարչապետի անուան շուրջ համաձայնութիւնը, բաւարար երաշխիքներ չեն Սալամի գլխաւորելիք կառավարութեան յաջողութեան: Սալամ խոստացաւ կազմել ներկայացուցչական կառավարութիւն մը: Այսպիսի արտայայտութիւններ ողջունելի են բոլորէն, սակայն նոր վարչապետը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ իր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիիրը: Սալամի կառավարութիւնը պիտի հովանաւորէ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Լիբանանեան հոսանքները տակաւին չեն համաձայնած ընտրական որեւէ օրինագիծի շուրջ: Վարչապետը կը մաղթէ համախոհական օրինագիծի մը հիման վրայ կայացնել ընտրութիւնները : Այս թղթածրարին շուրջ ծագած տարակարծութիւնները կրնան շատ աւելի հեռու երթալ, քան՝ ոմանց նախատեսութիւնները: Կառավարութեան կազմութիւնը եւ անոր վստահութիւն շնորհելու քննարկումները կրնան ուշանալ, Հըզպալլայի զէնքին վերաբերող պարբերութեան շուրջ տիրող տարակարծութիւններուն պատճառով: Նախորդ կառավարութիւնները այս հարցը ձեւակերպած էին՝ բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն ծանօթ կարգախօսով: Այսօր բազմաթիւ հոսանքներ կը մերժեն խնդրոյ առարկայ դրոյթին շարունակութիւնը: Ոմանք պիտի փորձեն սահմանափակել Հըզպալլայի վայելած մենաշնորհը, աչքի առջեւ ունենալով սիւննի-շիի միջհամայնքային լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ Հըզպալալյի դերակատարութիւնը: Այս տարակարծութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ նորակազմ կառավարութիւնը փուլ գայ, նախքան իր անդրանիկ նիստը: Նոր կառավարութիւնը միաժամանակ աւելի յստակ հիմքերու վրայ պիտի փորձէ դնել Սուրիոյ զարգացումներուն վերաբերեալ իր կեցուածքը: Այս բոլոր օրակարգերը բաւական լուրջ մարտահրաւէրներու դիմ յանդիման պիտի բերեն համեմատաբար անփորձ վարչապետը:
Նոր վարչապետ նշանակելու նախօրէին տիրող մթնոլորտը լիբանանցիներուն յիշեցում մըն է, որ քաղաքական փոքր տագնապ մը իսկ, ակնթարթի մը ընթացքին կրնայ ազգային հակամարտութեան վերածուիլ եւ հակառակը: Լիբանանեան տագնապներու լուծումը միշտ ալ եկած է դուրսէն՝ շրջանային ուժերու միջեւ գոյացած փոխհասկացողութեամբ: Համաձայնութիւնը անմիջապէս կը փոխանցուի անոնց լիբանանեան հետեւորդներուն եւ այսպէս…: Այս իրողութիւնը միաժամանակ կ’ապացուցէ արտաքին եւ շրջանային զարգացումներու վերաբերեալ լիբանանցիներու միջեւ տեսակէտներու ծով տարբերութիւնը:
Նոր կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ ժամանակ խլել: Բանավէճերն ու տարակարծութիւնները կրնան անդամալուծել սահմանադրական կառոյցները: Բայց արդեօ՞ք շրջանային եւ միջազգային պետութիւններուն ձեռնտու է քաղաքական անորոշութիւն եւ պարապութիւն ստեղծել Լիբանանի մէջ: Նման զարգացում մը վստահաբար պիտի հարուածէ Սուրիոյ հակամարտութեան վերաբերեալ անոնց շահերուն:
Ոմանք դիտել կու տան, թէ նոր կառավարութիւնը ժամանակաւոր ըլլալու պատճառով, քաղաքական հոսանքները ուշադրութիւն պիտի չդարձնեն անոր գործունէութեան եւ պիտի կեդրոնանան միայն ընտրական համախոհական ծրագիր մը մշակելու ճիգերուն վրայ : Այս մէկը լաւագո՛ն լուծումը պիտի ըլլայ, եթէ լիբանանեան խոհանոցի խոհարարները եւ անոնց վարպետները կը փափաքին իրենց յաճախորդներուն հիւրասիրել անհամ եւ անբոյր պնակներ: Այս ընտրանքը կրնայ չըլլալ իրենց նախասիրածը, բայց այնքան մը բաւարար՝ կէսօրուան ճաշի համար:
Լաւագոյնը որ լիբանանցիները պիտի ընեն անորոշութիւններով լեցուն այս հանգրուանին, փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնն է, հովանաւորելու՝ համախոհական ընտրական օրինագիծի մը հիման վրայ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, երկիրը փրկելու անորոշութեան եւ անդամալուծութեան սպառնալիքներէն: Ահաւասիկ քննութեան առիթ մը համախմբուելու ազգային շահերու շուրջ: Առիթ մը զգաստութեան: Այլապէս՝ անցեալի սուղ դասերը մոռնալով, աւելի վտանգաւոր եւ աղիտաբեր հանգրուանի մը մէջ մխրճուելու անձնասպանութիւն…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ