Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Նախորդ մէկուկէս տարիներուն ընթացքին Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցչութիւնը ստանձնած եւ աշխատանքը պատուով կատարած հայ նախարարը իր նախարարութեան յանձնումին յաջորդ օրն իսկ ընդառաջեց եզրափակիչ հարցազրոյց մը ունենալու «Ազդակ»-ի հրաւէրին:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ«Ազդակ»-ի ունեցած այս հարցազրոյցը լուսարձակի տակ կ՛առնէ նախարարին մէկուկէս տարուան աշխատանքը, ջանքերը, նուաճումները, դիմագրաւուած դժուարութիւններն ու հայ համայնքին շահերը պաշտպանելու համար մղուած պայքարը:
«ԱԶԴԱԿ».- Անցնող մէկուկէս տարին Լիբանանի համար եղաւ ահռելի պայմաններու եւ աղէտի տարի մը: Դուք պատասխանատուութիւն ստանձնեցիք նման ժամանակաշրջանի մը, որ լեցուն էր դժուարութիւններով, ի՞նչպէս կը նկարագրէք այդ փորձառութիւնը: Լաւ հետեւողը գիտէ, որ նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան դէմ առաջին օրէն իսկ մերժումի ալիք բարձրացաւ Տիապի տան դիմաց բողոքի ցոյցերէն սկսելով մինչեւ նախարարներուն թուիթըրեան հաշիւներու համացանցահէնութիւնը:
ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Վերջին մատնանշումէդ սկսելով, կ՛ուզեմ հաստատել, որ նախարարներուն դէմ համացանցահէնութիւնն ու ընկերային ցանցերուն վրայ տարուող տեղեկատուական արշաւը, ապատեղեկատուութիւնը եւ անհիմն ու անճիշդ լուրերու տարածումը շարունակուեցաւ նաեւ նախարարութիւնը յանձնելէս քանի մը ժամ ետք:
Տակաւին երէկ պաշտօնապէս յանձնեցի նախարարութիւնը, եւ այդ արարողութենէն ժամեր ետք ընկերային ցանցերու վրայ գործիչ մը իմ անձիս դէմ սկսաւ արշաւի մը` Թուիթըրի կեղծ հաշիւ մը ստեղծելով: Ան յորջորջած է, թէ իմ հաշիւս կրած է «Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար» անունը եւ ոչ թէ իմ անունս, հակառակ անոր որ բոլորը գիտեն, թէ իմ թուիթըրեան հաշիւս «Վարդինէ Օհանեան» անունով է: Ան լուսանկար մը զետեղած է «Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար» անունը կրող հաշիւին փակուելուն վերաբերող հարց տուած է ժողովուրդին, որ ի՞նչու նախորդ կառավարութեան մէջ բոլոր նախարարները իրենց անձնական անունով թուիթըրեան հաշիւներ ունէին եւ միայն այս նախարարն է, որ նախարարութեան անունով հաշիւ ստեղծած էր եւ այսօր` նախարարութիւնը յանձնելէ ետք, փակած է այդ հաշիւը: Կար հաստատում, որ ես իրաւունք չունիմ այդ հաշիւը փակելու, որովհետեւ անիկա պետութեան կը պատկանի: Բարեբախտաբար, նախարարութեան թեքնիք բաժնի պատասխանատուները հաստատեցին, որ այն հաշիւը, որուն մասին կը խօսիս, ան կեղծ է, եւ նախարարութեան թուիթըրեան հաշիւը իր անունով է եւ չէ փակուած:
Այս երեւոյթին կ՛անդրադառնամ շեշտելու համար, որ կառավարութեան կազմութեան առաջին օրէն չէր միայն այս կառավարութեան դէմ արշաւը, այլ շարունակուեցաւ նախարարութեան յանձնումէն ետք:
Հոս կ՛ուզեմ հաստատել նաեւ, որ արշաւը վարչապետ Հասսան Տիապի անձին դէմ չէր, այլ 17 հոկտեմբերին ստեղծուած ժողովրդային շարժումը, ինքնին իշխանութեան դէմ էր իբրեւ ամբողջութիւն: Ուրեմն օրին Տիապի կազմած կառավարութիւնը եղաւ 17 հոկտեմբերի ժողովրդային շարժումին թիրախ դարձուցած իշխանութիւնը մարմնաւորող խորհրդանիշ: Իրենց գնահատումով, մեր կառավարութիւնը եղաւ 30 տարուան կուտակուած փտածութեան եւ գանձերու յափշտակումի պետական ներկայացուցիչներ համախմբող, հակառակ անոր որ մեր կենսագրականները եւ գործունէութիւնը բնաւ կապ չունէին նախկին նախարարներուն ներկայացուցած իրականութեան հետ:
Մենք նախկին նախարարներու ակումբին չէինք պատկաներ, իսկապէս մասնագէտներու կառավարութիւն էր, եւ մասնագէտ նախարարներ էին գործողները: Մենք կ՛ակնկալէինք, որ ժողովուրդը մեզ որդեգրէ, սակայն զարմանալի էր, որ ժողովրդային շարժումին մերժողական ալիքը առաջին օրէն բարձրացաւ մեզի դէմ: Արդեօք ժողովուրդը իր հաւաքական յիշողութեան ընդմէջէն վարժուա՞ծ է ընդունելու այնպիսի քաղաքական դէմքեր, որոնք 30 տարի շարունակ պետական միջոցները շահագործելով «ծառայած» են զիրենք ընտրողներուն:
Կ՛ուզեմ հոս հաստատել, որ անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին բոլորս ալ ահռելի պայմաններ ապրեցանք` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական եւ համաճարակի:
Ճիշդ է, որ չէինք ակնկալեր մեզ ծաղկեփունջերով դիմաւորել, սակայն ժողովուրդը արագօրէն մեզ պատասխանատու նկատեց երկրին բոլոր տագնապներուն, որոնք նախորդող տասնեակ տարիներուն գործած կառավարութիւններուն օրով ծաւալած էին:
Մենք պատասխանատուութիւնը ստանձնեցինք նուազագոյն կարելիութիւններով` լաւապէս գիտակցելով, հնարաւորութիւններով, գիտնալով, որ կացութիւնը վատ է, եւ այլ ելք չկայ: Լիբանանեան ներքին քաղաքական ուժերը եւ արաբական երկիրները չզօրակցեցան այս կառավարութեան, արեւմտեան երկիրներու պետութիւնները ոչ միայն չզօրակցեցան, այլեւ դժուարութիւններ ստեղծեցին` միջամտելով նոյնիսկ ժողովուրդին հետ կապուած անմիջական հարցերու:
Փորձառութեանս մասին հարցումին պատասխանելով` կ՛ուզեմ հաստատել, որ բնական պայմաններու մէջ չէր, որ պատասխանատուութիւն ստանձնեցի, հետեւաբար այդ պատասխանատուութիւնը տասնապատկուած էր:
Սակայն երբ այս բոլորին գիտակցութեամբ կը ստանձնես այդ պատասխանատուութիւնը, յստակ կը դառնայ, որ ահաւոր դժուարութիւններու ներքեւ պիտի ըլլայ աշխատանքը, բայց եւ այնպէս մարտահրաւէրը ընդունեցի, որովհետեւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու փորձառութիւնը աւելի կը համընկնի իմ խառնուածքիս:
Իսկ երիտասրադութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դէմ մերժողական կեցուածքի ցուցաբերումը անհասկնալի էր, սակայն յստակ էր մեզի համար, որ նախարարները ընդհանրապէս կը քննադատուին, ուր մնաց այս ժամանակաշրջանին, երբ կայ արդի մօտեցում մը եւ այդ քննադատութիւնը կը կատարուի «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսին շրջագիծին մէջ:
Ուրախ եմ, որ այս փուլին, այս դժուարին պայմաններուն մէջ ինծի վստահուեցաւ այս նախարարութիւնը, եւ այս կացութեան մէջ դիմագրաւեցի բոլոր խոչընդոտները` կառավարութեան եւ երբեմն իմ անձիս դէմ եղած յարձակումները դիմագրաւելով:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ բացի իմ մօտիկներէս, ընդհանրապէս առանձին գործեցի, հակառակ անոր որ կ՛ակնկալէի, որ լիբանանեան շրջանակներ եւ հայ համայնքի կարգ մը հեղինակութիւններ ու կառոյցներ, որոնք ոչ հայ նախարարներու հանդէպ գուրգուրոտ էին եւ կը հպարտանային անոնց ներկայութեամբ, նման կեցուածք դրսեւորէին, սակայն անոնք հայ նախարարին նկատմամբ վերապահ կը մնային, չըսելու համար աւելին:
«Ա».- Ընդհանրապէս մարդիկ կը կեդրոնանան աշխատանքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, սակայն կ՛ուզեմ նախ սկսիլ դիւրութիւններով, դրական կէտերով եւ ապա անցնիլ դժուարութիւններուն:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Անկարելի է հաւատալ կամ մտածել, որ որեւէ աշխատանք միայն դժուարութիւններ ունի: Անշուշտ կան նաեւ դիւրութիւններ եւ դրական կէտեր: Մարդ արարածը, պատասխանատուն, քաղաքացին ի՛նք կ՛որոշէ, տեսնել այդ դիւրութիւնները կամ` անտեսել զանոնք:
Առաջին դիւրութիւնը, որ ունեցայ նախարարութեան անձնակազմն էր: Առաջին անգամ է, որ կին մը կը ստանձնէ այս նախարարութիւնը եւ այդ պատճառով ալ իրենց համար հետաքրքրական էր տեսնել, որ ինչպէս կին նախարար մը պիտի կարենայ Երիտասարդութեան եւ, մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ստանձնել եւ այդ աշխատանքին հետեւիլ:
Նախարարութեան անձնակազմը առաջին օրէն իսկ գործակցութեան պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց:
Անոնք իրենց առաւելագոյնը տուին եւ հակառակ ճամբաներու փակումին, ապա համաճարակի պատճառով երկրին փակումին, շարունակեցին աշխատիլ` հաստատելով, որ նախարարը նախարարութեան տինամոն է:
Անոնք կը տեսնէին, որ այս նոյն պայմաններուն մէջ նախարարը, տունն ու զաւակները ձգած, նախարարութիւն կը ներկայանայ աշխատանքի, հետեւաբար անոնց աշխատանքի մղիչ ուժը կը դառնար, եւ հեզասահ գործակցութիւն կը ստեղծուէր:
Միութենական նեղ շրջանակներ երբեմն օգտակար եղան: Մեծագոյն զօրակցութիւնը ցուցաբերեց Հայկական երեսփոխանական պլոքը, գլխաւորաբար` պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ իր լայն փորձառութեամբ ուղղեց, որ դժուարութիւնները հարթուին, պատշաճ լուծումներ գտնուին եւ ակնկալուած արդիւնքները ձեռք ձգուին: Դժուարութիւններուն պարագային կարելի է մատնանշել այն իրականութիւնը, որ նախարարութեան մէջ բարձրաստիճան պատասխանատուներ տարբեր առիթներու ցուցաբերած են մերժողական կեցուածքներ, պարզապէս որովհետեւ նախարարը իգական սեռի ներկայացուցիչ է:
Նախարարութեան այդ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մտայնութեան եւ համոզումներուն մէջ առաւելագոյն չափով վիրաւորական եղած է հետեւեալ միտքը. «Կին նախարա՞րը պիտի իշխէ եւ մեր պատասխանատո՞ւն պիտի ըլլայ»:
Անշուշտ կան նաեւ այլ դժուարութիւններ, որոնցմէ հիմնականը կառավարութեան կողմէ այս նախարարութեան տրամադրուած պիւտճէն էր եւ անձնակազմի թիւի պակասն է:
«Ա».- Ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը Լիբանանի համար, հակառակ այն իրողութեան որ կ՛ըսեն, թէ անիկա ամէնէն աւելի լքուած, անկարեւոր եւ աննշան նախարարութիւնն է: Հոս պէտք է անդրադառնալ նաեւ այն իրողութեան, որ ձեր օրով է, որ աւելի եւս շեշտադրուեցաւ այս նախարարութեան երիտասարդութեան ըլլալու իրողութիւնը` մարմնակրթութեան նախարարութիւն ըլլալու զուգահեռ:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.– 2020-ին, երբ ստանձնեցի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, անիկա ամէնէն փոքր պիւտճէն ունեցող նախարարութիւնն էր, որ կը ներկայացնէր կառավարութեան գործունէութեան համար ճշդուած պիւտճէին 0.02 առ հարիւրը:
Առանձինս պայքարեցայ եւ, որովհետեւ 6 ամիս ետք արդէն իսկ հրաժարած կառավարութիւն էինք, խորհրդարանը 2021-ի պետական ամավարկ չվաւերացուց, հետեւաբար կառավարութիւնը գործեց 12-ի տարազի հիման վրայ:
Այս պայմաններուն ներքեւ պէտք էր առանձին գործէի եւ, պաշտօնակատար կառավարութեան հետ գործելով, բարելաւէի նախարարութեան պիւտճէի համեմատութիւնը:
Հիմնական աշխատանքը կատարուեցաւ ելեւմուտքի նախարարին եւ վարչապետին հետ եւ, իբրեւ արդիւնք այդ ջանքերուն, նախարարութեան պիւտճէն կրկնապատկուեցաւ` վերածուելով կառավարութեան պիւտճէին 0.04 առ հարիւրի համեմատութեան:
Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի հետ երեք տարբեր հանդիպումներ ունեցայ` ընկերակցութեամբ նախարարութեան անձնակազմին, անոր բացատրելու համար, որ այդ պիւտճէն բաւարար չէ: Ուազնիի բացատրեցինք, որ երիտասարդութիւնը Լիբանանի ողնասիւնն է, բայց դժբախտաբար անիկա արտագաղթի սուր փուլի մէջ կը գտնուի` հաստատելով, որ արտագաղթող երիտասարդներուն, որոնց մէջ նկատի ունիմ նաեւ բժիշկները, հիւանդապահները եւ այլ մարզերու մէջ գործողները, համեմատութիւնը շատ մեծ է:
Թէ՛ Ուազնիի, եւ թէ՛ վարչապետին հետ հանդիպումներուս կը հաստատէի, որ նախարարութիւնը առանձին չի կրնար պայքարիլ երիտասարդութեան արտագաղթին դէմ, որովհետեւ կառավարութիւնը պէտք է որդեգրէ լիբանանցի երիտասարդը պաշտպանելու քաղաքականութիւնը` ստեղծելով աշխատանքի առիթներ, զայն պահելու համար իր երկրին մէջ:
Նախարար Ուազնին եւ վարչապետը համաձայն էին, հասկացողութիւն ցուցաբերեցին, այդպիսով կարելի եղաւ տնտեսական ու ելեւմտական այս դժուար պայմաններուն մէջ, սեղմումի պայմաններուն մէջ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պիւտճէն կրկնապատկել:
Նշեմ, որ ասիկա միակ նախարարութիւնն էր, որուն պիւտճէն աւելցաւ, իսկ եւ մնացեալ բոլոր նախարարութիւններուն պիւտճէները նուազեցան:
Այս նախարարութիւնը սրտիս խօսած էր այն իրողութեան համար, որ անիկա երիտասարդութեան նախարարութիւն է: Թող մարզիկները չնեղուին ինձմէ, ճիշդ է, որ ես անոնց ալ նախարար էի, սակայն երիտասարդութիւնը շատ աւելի սրտիս կը խօսէր:
Այս նախարարութեան հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ զայն աննշան նկատելու մասին ակնարկութիւնը ճիշդ է, սակայն ինծի համար այս նախարարութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ երիտասարդութեան նախարարութիւնն էր: Այդ պատճառով ալ նախարարութեան կողմէ մշակուեցան մեծ թիւով ծրագիրներ, որոնցմէ վերջինը երիտասարդական խորհրդարանի ծրագիրն էր:
Այսօր, երբ կը մեկնիմ այս նախարարութենէն, ըստ երեւոյթին անիկա սկսած է կարեւոր եւ նշանակութիւն ունեցող նախարարութիւն նկատուիլ, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին այս նախարարութիւնը սակարկութեան նիւթի վերածուեցաւ: Քաղաքական կողմեր այս նախարարութիւնը ձեռք ձգելու եւ յափշտակելու պայքար մղեցին, հետեւաբար, կը հաւատամ, որ այս նախարարութիւնը աստիճանաբար պիտի վերածուի կարեւոր նախարարութեան մը` բոլորին համար:
Կը կարծեմ, թէ այս նախարարութեան մէջ իմ ունեցած համեստ ներդրումս օգտակար եղաւ, որ անիկա կարեւոր նկատուի, եւ բոլորը անդրադարձան, որ եթէ հոն աշխատանք տարուի, ապա ան կարեւորագոյն նախարարութիւններէն կրնայ ըլլալ:
2000-ին, նախարարութեան հիմնուելէն ի վեր ոչ ոք նման ծրագիր մը մշակած է եւ ամբողջացուցած: Նախարարութիւնը նորանշանակ նախարար Ժորժ Քալլասի յանձնելու ընթացքին անկէ խնդրեցի, որ այդ թղթածրարը ներկայացնէ նորակազմ կառավարութեան:
Իրականութիւն է, որ երիտասարդութիւնը հիմքն է այս պետութեան. այո՛, ան կ՛արտագաղթէ եւ աշխատանքի նոր հորիզոններ կը հետապնդէ այլ երկինքներու տակ, սակայն ան պէտք է անդրադառնայ, որ Տիապի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ իրեն վերապահուած հսկայ բաժին մը կար, իսկ նորակազմ կառավարութեան մէջ ոչինչ նշուած է երիտասարդութեան մասին, որուն իրաւունքներուն համար մենք մէկուկէս տարիէ կը պայքարինք:
«Ա».- Մարզական, սկաուտական եւ երիտասարդական մարզերուն մէջ անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին ի՞նչ իրագործումներ արձանագրուեցան:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Նախարարութեան կարեւորագոյն իրագործումը նախարարութեան կառուցային կանոնակարգի վերամշակումն է: Շուրջ երկու տասնամեակ առաջուան պայմաններով գործելը բաւական սահմանափակ էր:
Հետեւաբար կանոնագիրի վերամշակման աշխատանքին մաս կազմեց նաեւ Պետական շուրայէն դատաւոր մը, որուն ներկայութիւնը անձամբ պահանջեցի վարչապետէն` հաստատելով, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ անկարելի է փոփոխութիւն տեսնել, եթէ անոր կանոնագիրն ու օրէնքները չեն արդիականացուած:
Այդ գործին մէջ նկատի ունեցանք շարք մը երկիրներու չափանիշեր, որոնք Լիբանանէն շատ տարբեր չէին, եւ կարելի էր պատշաճեցում կատարել: Այդ երկիրներէն էին Եգիպտոսը, Յորդանանը եւ Ֆրասան:
Այս աշխատանքը աւարտելէ շաբաթ մը ետք պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, եւ կառավարութիւնը հրաժարեցաւ:
Կրնամ ըսել, որ երէկուան արարողութեան ընթացքին նոր նախարարին յանձնեցի 5 ամսուան աշխատանքի արդիւնքը` նախարարութեան կանոնագիրի վերամշակում, թիւ 629 օրէնքի ու թիւ 4481 հրամանագիրի բարեփոխումները, եւ մաղթեցի, որ ան վաւերացնէ նոր կառավարութեան նիստերուն ընթացքին:
Այս օրէնքն ու հրամանագիրը ուղղակիօրէն առնչուած են երիտասարդութեան վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ մարզական եւ սկաուտական խնդիրներուն: Դարձեալ երիտասարդութեան համար կարեւոր նկատուող եւ 2017-ին կառավարութեան կողմէ վաւերացուած երիտասարդական քաղաքականութիւնը նկատի ունեցայ, որովհետեւ անիկա միայն վաւերացուած է, սակայն չէ գործադրուած:
Հետեւաբար նախաձեռնեցի գործակցութեան «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք օրին մասնակցած էին այդ քաղաքականութեան մշակման, նաեւ կապուեցայ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն, որպէսզի 128 կէտերէ բաղկացող այդ քաղաքականութեան գործադրութեան ուղեգիծ մը մշակեն:
Այդ աշխատանքը եւս պատրաստ է, եւ նախարարը կրնայ անոր վաւերացումը ապահովել:
Նախարարութեան պատասխանատուութիւններէն դուրս ստիպուեցանք նաեւ համաճարակին պայմաններուն ընթացքին գործել եւ նախազգուշութիւններով զբաղիլ:
Անխոնջ պնդումներով ուզեցի մաս կազմել «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարի նախարարական յանձնախումբին, որովհետեւ այդ աշխատանքին մէջ ուղղակիօրէն աշխատանքի բաժին պիտի ունենային երիտասարդները, մարզիկներն ու սկաուտները:
Փաստօրէն լիբանանցի մարզիկներ պիտի չկարենային արաբական եւ միջազգային մրցաշարքերու, ինչպէս նաեւ Ողիմպիականի խաղերուն մասնակցիլ, եթէ պատուաստուած չըլլային եւ անոնց համար «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ եւ ռափիտ քննութիւններ ապահովուած չըլլային:
Եգիպտոս այցելութեանս ընթացքին հանդիպումներ ունեցայ եգիպտացի պաշտօնակիցիս հետ, եւ քննարկեցինք երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռք ձգեցինք Սկաուտական Արաբական խորհրդաժողովը Լիբանանի մէջ կայացնելու, ինչպէս նաեւ 2022-ին Պէյրութը արաբական երտասարդութեան մայրաքաղաք յայտարարելու իրաւունքը:
Կը մաղթեմ, որ այս նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները, որոնք արդէն իսկ պատրաստ են, վաւերացուին, ֆինանսաւորուին եւ գործադրուին:
Գործակցութիւն ծաւալեցի նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հետ:
Հիմնական աշխատանքը եղաւ մարզասրահներու աշխատանքը կանոնաւորելու եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին ընթացքին յայտարարուած երկիրը փակելու որոշումին լոյսին տակ` ճիգ գործադրելու, որ նոր չափանիշներու հաստատումով այդ մարզասրահները կարենան գործել` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով ընտանիքներու համար այդ աշխատանքը ապրուստ ապահովելու միջոց է:
Այս աշխատանքը կատարեցի գիտնալով հանդերձ, որ այդ մարզասրահները երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին եւ իրենց արտօնագիրները կը ստանան տնտեսութեան նախարարութենէն:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբին յղուած իմ առաջարկս այն էր, որ նոր օրինագիծ մը մշակուի, եւ մարզասրահներուն աշխատանքին ու անոնց տրուելիք արտօնագիրներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեն երեք նախարարութիւններ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, տնտեսութեան եւ առողջապահութեան:
Օրինագիծը գրեթէ իր վերջնական ձեւին մէջ է եւ խորհրդարանին կողմէ պէտք է վաւերացուի:
«Ա».- Կառավարութեան մէջ ձեր ներկայութիւնը` իբրեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, բաւական մեծ պատասխանատուութիւն էր: Ինչպէ՞ս կրնաք անդրադառնալ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց տէր կանգնելու ձեր ջանքերուն:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.– Ուրախ եմ, որ այս հարցումը կ՛ուղղես: Կառավարութեան մէջ միակ նախարարն էի, որ կը խօսէր իր համայնքին իրաւունքներուն մասին, որովհետեւ մնացեալ բոլոր համայնքները` իբրեւ քաղաքական ուժ կամ դաշնակիցներ, կրցած են իրենց համայնքներուն իրաւունքները ապահովել: Հետեւաբար, իբրեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, առաւելագոյն ճիգ ի գործ դրի, որ ոչ միայն մեր իրաւունքները չոտնակոխուին, այլեւ` կարենանք իսկապէս հասնիլ հոն, որ` իբրեւ Լիբանանի 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկը, ունենանք հաւասարաչափ ներկայութիւն` թէ՛ որոշումի կայացման:
Նախկին նախարար Խաչիկ Պապիկեանէն ետք առաջին հայ նախարարն էի, որ մաս կազմեցի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբին. ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, մաս կազմեցի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու նախարարական յանձնախումբին, նաեւ մաս կազմեցի աղբահանումի յատուկ նախարարական յանձնախումբին` նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը ընդարձակելու եւ բարձրացնելու ծրագիրը միշտ առկայ է:
Կտրուկ կեցուածքով մերժեցի Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման ծրագիրը, որուն համար լուրջ աշխատանք կը տարուէր եւ իրականութիւն դառնալու սեմին կը գտնուէր:
Մեծ դժուարութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով յաջողեցանք ապահովել Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի նշանակումը:
Այլ մարզերու մէջ նաեւ յաջողեցանք լիբանանահայերու նշանակումներ ապահովել, այդ շարքին նաեւ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան յանձնախումբերուն եւ ֆետերասիոններուն մէջ:
Այս մէկը ես կատարեցի համոզումով, որովհետեւ, իբրեւ լիբանանցի նախարար, իմ պարտականութիւններուս կողքին, նաեւ իբրեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ յաջողեցայ կատարել ինծի վստահուած պատասխանատուութիւնը:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք բոլորին նայուածքները ուղղուեցան դէպի մայրաքաղաքի շրջանները, բայց մենք գիտենք, որ Պուրճ Համուտը եւս մեծ վնասներ կրեց:
Այս շրջագիծին մէջ յաջողեցայ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել նաեւ Պուրճ Համուտի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ այս շրջանը նկատի ունենալ իբրեւ պայթումէ տուժած շրջան:
Ներքին գործոց նախարարը` իբրեւ զօրակցութիւն, պայթումին յաջորդ օրն իսկ այցելեց Պուրճ Համուտ:
Առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար, յաջողեցանք լիբանանահայութեան համար յատուկ դասաւորումներ կատարել` սկսեալ Ազունիէէն մինչեւ ընկերային եւ բարեսիրական տարբեր հիմնարկներ, «Քորոնա»-ի պատուաստումի կարելիութիւններ, «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ, դեղորայքի ապահովում, ինչպէս նաեւ ապահովեցինք երկրին փակումին ընթացքին Ափրիկէէն մինչեւ Հայաստանի մէջ մնացած լիբանանահայերու տունդարձը:
Աշխատանքիս ընթացքին ինծի համար յստակ էր երեք համայնքապետերուն զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին զօրակցութիւնը, որ մնայուն էր եւ շարունակական` բոլոր աշխատանքներուս ընթացքին: Անշուշտ արդէն յիշեցի Հայկական երեսփոխանական պլոքին զօրակցութիւնը:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ աշխատանքիս ընթացքին հայկական ազգային կառոյցներու հետ գործակցութիւնը կար եւ հեզասահ էր:
«Ա.»- Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց ձեր վրայ` իբրեւ նախարար: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք անոր անդրադարձը:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.– 4 օգոստոսի աղէտալի պայթումը եւ անոր անդրադարձը` ոչ միայն իմ անձիս ու ընտանիքիս, այլ նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան վրայ, շատ մեծ էր:
Կրնամ ըսել, թէ եղայ առաջին նախարարներէն, որ գետնի վրայ կրցայ գտնուիլ եւ ժողովուրդին ցաւին մօտէն ծանօթանալ` անտեսելով կառավարութեան հանդէպ առկայ բարկութիւնն ու վտանգը:
Դարձեալ ստանձնեցի ընկերային ծառայողի առաքելութիւնս, զոր երբեք չէի լքած, եւ եղայ ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար:
Չեմ կրնար մոռնալ այն պահերը, որ անցուցի Քարանթինայի, Մար Մխայէլի եւ Ժեհթաուիի շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի, Սիսի եւ Արագածի մէջ:
Ինծի համար գոհունակութիւն էր տեսնել, որ հայ եւ ոչ հայ ընտանիքներու կատարած մեր այցելութիւններուն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին ու պլոքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հանդէպ ինչպիսի համակրանք ունէին անոնք, հակառակ պետական խորհրդանիշներու նկատմամբ ցուցաբերուած ժողովրդային ցասումին:
Անոնց վերաբերումը տարբեր էր, մեզ նկատեցին այն տարրերը, որոնք պետական փտածութեան մաս չեն կազմած եւ ոչ ալ նաւահանգիստի պայթումին մէջ պատասխանատուութիւն ունին:
Տիապի կառավարութիւնը պէտք է հրաժարէր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, սակայն Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի, թէ պաշտօնակատար կառավարութիւնը իր հրաժարելէն ետք 13 ամիս շարունակ գործեց` հանգուցալուծումներ գտնելու համար տիրող տագնապներուն, որպէսզի երկրին համար կազմուելիք յաջորդ կառավարութեան համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուին` գործելու եւ գործնականացնելու համար մշակուած ծրագիրները:
Մեր միակ յոյսը այսօր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կազմած կառավարութիւնն է, որուն պէտք է զօրակցինք:
«Ա».- Նախագահ Աունի իբրեւ ներկայացուցիչ բազմաթիւ ձեռնարկներու ներկայ գտնուած էք եւ երկիրներ ճամբորդած. անոնցմէ էր նաեւ Հայաստանը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան105-ամեակին առիթով փոխանցեցիք նախագահ Աունի պատգամը, ինչպէս նաեւ աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաք պետական անձնաւորութիւններու հետ: Խնդրեմ անդրադառնալ ձեր այդ փորձառութեան:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ինծի համար պատիւ էր, որ առաջին լիբանանահայ նախարարն էի, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցի Հայաստանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչումին ընթացքին:
Քաղաքական իմաստով կրնայ երկսայրի սուր ըլլալ, սակայն հայ նախարարի մը կողմէ Լիբանանի նախագահը ներկայացնելը` Հայաստանի մէջ` բաւական նուրբ հարց էր եւ պատասխանատուութիւն:
Այս այցելութիւնը յիշողութեանս մէջ յատուկ ձեւով դրոշմուած պիտի մնայ, մանաւանդ այն իրականութեան համար, որ անիկա կը զուգադիպէր Արցախի յանձնումէն ետք պարզուած ժամանակաշրջանին:
Իմ ունեցած բոլոր պետական հանդիպումներուս եւ տեղեկատուական ելոյթներուս, յայտարարութիւններուս եւ հարցազրոյցներուս ընթացքին օգտագործեցի յանձնում եզրը եւ ոչ թէ պարտութիւն:
Այդ հանդիպումներուն ընթացքին պահանջատէր հայու վայել շեշտով ներկայացուցի մեր յուսախաբութիւնը այս կորուստին առումով:
Բնականաբար այցելեցի Եռաբլուր եւ Պռոշեանի պանթէոն` յարգանքի տուրքս մատուցելու այն հազարաւոր նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան:
Արաբական մամուլը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին, արտաքին գործոց նախկին նախարարին այցելութիւնները իւրայատուկ էին:
Այդ պայմաններուն մէջ Հայաստան գտնուիլս հակասական զգացումներ յառաջացուց մէջս, որովհետեւ Արցախը յանձնուած էր, բայց եւ այնպէս պատուաբեր ձեւով ներկայացուցի Լիբանանը` յարգելով արարողակարգը, յարգելով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին հանգամանքը:
Շատ կարեւոր էր այդ հակասական զգացումները հաւասարակշռել, որպէսզի կարենամ Լիբանանը եւ անոր նախագահը լաւապէս ներկայացնել Հայաստանի մէջ, եւ նպաստել Լիբանան-Հայաստան փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ շահերու ամրապնդումին, որ դրսեւորուեցաւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրութեամբ:
Միաժամանակ սակայն մնացի պահանջատէր լիբանանահայ երիտասարդը, ու ամէնուր ձայն բարձրացուցի եւ պետական որոշումի դիրքերու վրայ գտնուող պատասխանատուներուն ներկայացուցի լիբանանահայութեան մերժողական կեցուածքը` Արցախի յանձնումին, հաստատեցի լիբանանահայութեան պահանջատէր հայու տեսակի պահպանումը եւ Հայ դատի պայքարով թրծուած մնալու իր ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութեան կառչած մնալու եւ զայն ամրապնդելու գաղութին նախանձախնդրութիւնը:
«Ա».- Ի՞նչպէս կը գնահատէք ձեր փորձառութիւնը իբրեւ կին նախարար եւ ի՞նչ ունիք ըսելիք քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ ներկայացուելուն եւ որոշում կայացնելու դիրքի վրայ գտնուելու մասին:
Վ. ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Վարչապետ Տիապ պայման դրած էր, որ կառավարութեան մէջ վեց կին նախարարներ ներկայացուին: Վարչապետ Միքաթիի համար, ըստ երեւոյթին, դժբախտաբար, որոշում կայացնելու սեղանէն կնոջ բացակայութիւնը այդքան ալ մեծ խնդիր չէ:
Ըստ երեւոյթին, նաեւ ցասումի ու բարկութեան մէջ գտնուող ժողովրդային շարժումը, որ անպայմանօրէն կիներուն ներկայացուցչութիւնը կը պահանջէր, այսօր կարեւոր չի գտներ այդ օրակարգը, կամ անիկա գոյութիւն չունի այլ օրակարգերու կողքին:
Հաւանաբար, այդ օրակարգերը մոռցուեցան կամ` պարտադրուեցաւ, որ մոռցուին: Կը խօսիմ իրաւական հաշուեքննութեան, իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարներու վերադարձի ապահովումին, ելեւմտական բարեկարգումներուն, ապօրինի հարստացման, փտածները հաշուետուութեան ենթարկելու մասին:
Սակայն, իբրեւ կին նախարար, հետաքրքրական փորձառութիւն ունեցայ:
Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ինծի համար այս գործին մէջ այր թէ կին ըլլալու խնդիր գոյութիւն չունէր, կարեւորը կառավարութեան սեղանին վրայ, նիստի ընթացքին իմ կեցուածքներս յստակօրէն կը ներկայացնէի եւ ոչ մէկ զիջում կը կատարէի, երբ իմ կեցուածքներուս ընդդիմացող ըլլար` այր կամ կին նախարար:
Հետեւաբար, ինծի համար քաղաքական կեանքին մէջ կին եւ այր նոյն ձեւով պէտք է աշխատին: Կարեւորը օրուան հարցերուն համապատասխանող կեցուածք ունենալու քաջութիւնն է:
Սակայն հոս կ՛ուզեմ ցաւով արտայայտուիլ, որ, հակառակ այն պահանջներուն, որոնք կնոջական կազմակերպութիւններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կ՛ունենան, կամ նոյնիսկ մեր համայնքին մէջ յաճախ կնոջ իրաւունքներու մասին կը խօսուի, դժբախտաբար պիտի արձանագրեմ, որ ես չտեսայ այն նեցուկը, որ պէտք էր ունենայի` ոչ միայն ինծի, այլեւ` միւս կին նախարարներուն նկատմամբ:
Եթէ մենք իսկապէս կ՛ուզենք, որ կիները հասնին եւ ներկայութիւն ըլլան քաղաքական կեանքին մէջ` մասնաբաժինով կամ առանց անոր, հաւասարազօր ներկայութիւն ունենան, ապա կիները բոլոր մակարդակներու վրայ պէտք է շարժին, որպէսզի զօրակցին անոնց, որոնք արդէն իսկ կառավարութեան եւ կամ խորհրդարանին մէջ կը գտնուին:
Ինծի համար պատիւ էր ըլլալ լիբանանահայ առաջին կին նախարարը: Նաեւ պէտք է ըսեմ, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ կրտսերագոյն կին նախարարն էի:
Այս բոլորին կողքին, ինծի համար անհասկնալի էր, ոչ միայն իմ անձիս, այլ բոլոր կին գործակիցներուս նկատմամբ ցուցաբերուած վրէժխնդրական հալածանքը, յատկապէս` կիներու կողմէ, որոնք իրենց քննադատութիւնները վերածեցին անձնական քննադատութիւններու, վիրաւորական խօսքերու, նախարարներու անձերու եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ քննադատութիւններու: Նոյն վերաբերումը չկար այր նախարարներուն հանդէպ:
Կը յուսամ, որ այս փորձառութիւնը լիբանանցիներուն համար դրական փորձառութիւն մը ըլլայ, որպէսզի վաղուան Լիբանանի կառուցման մէջ գիտնայ, որ երիտասարդութիւնը դերակատար է, նաեւ կիները դերակատար են:
Հետեւաբար, եթէ երիտասարդութիւնը երիտասարդներուն չզօրակցի եւ կիները զիրենք ներկայացնող կիներուն չզօրակցին, չեմ կարծեր, թէ այն բարեկարգումներուն եւ բարեփոխումներուն, որոնց մասին կը խօսուէր, շատ յուսալի աւարտ մը կ՛ունենան:
Ուրախ եմ, որ ինծի ընձեռուեցաւ քաղաքական փորձառութիւն ունենալու առիթը, թերեւս լաւ պայմաններու մէջ շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կրնայի արձանագրել: Սակայն այն փորձառութիւնը, զոր ունեցայ` հարցերուն ծանօթանալու եւ զանոնք սերտելու, այն հորիզոնները, որոնք բացուեցան դիմացս, պիտի ուզեմ զետեղել մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ:
Պիտի մնամ ժողովուրդին ծառայութեան առաքելութեան մէջ: Աթոռը չէ, որ մարդը կը յաջողցնէ, այլ մարդը` իր աշխատանքով, գործն ու աթոռը կը յաջողցնէ:
Կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր պատուաբեր աւարտ ոչ միայն առիթ կու տայ աշխատանքիդ արժեւորումը կատարելու, այլ նաեւ դռներ կը բանայ այլ առիթներու եւ դաշտերու մէջ գործելու` նոյն կորովով ու խիզախութեամբ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ գիտելիքներով ու եռանդով աշխատելու: