Օգոստոսի 18-ին երիտասարդական բանակումի մը մասնակիցներուն տուած այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղեցան ներքին եւ արտաքին խնդիրներու վերաբերեալ շարք մը հարցումներ: Անոնցմէ մէկը յատկապէս արժանացաւ մեծ ուշադրութեան` նախագահին անսպասելի պատասխանին պատճառով:
Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն Հայաստանի համար ո՞ր թեկնածուն աւելի նախընտրելի է հարցումին տուած պատասխանով նախագահ Սարգսեան զարմացուց բոլորը` նախապատուութիւնը տալով գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերընտրութեան:
Սովորաբար, երբ քաղաքական գործիչներուն կը հարցնեն, թէ ո՞վ է իրենց նախընտրած թեկնածուն օտար երկրի մը ընտրութիւններուն, անոնք ձեռնպահ կը մնան որեւէ կարծիք յայտնելէն կամ պարզապէս կը յայտարարեն, որ այդ մէկը տուեալ երկրի ընտրողներուն որոշումն է: Այս պարագային նախագահ Սարգսեան չխուսափեցաւ իր յստակ նախապատուութիւնը յայտարարելէն եւ բացատրեց, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի համար նախընտրելի է Հոկտեմբերին նախագահ Ալիեւի երրորդ անգամ ընտրուիլը.
«Հայաստանի համար, եւ ոչ միայն Հայաստանի համար, ժողովրդավարութեան ճանապարհով ընթացող հարեւաններն են ձեռնտու: Այստեղից էլ` եզրակացութիւն, որ որպէս հարեւան, յատկապէս որպէս բանակցային գործընկեր` մեզ միանշանակ ձեռնտու է ժողովրդավարական Ատրպէյճանը: Բայց եթէ այս հանգամանքը մի կողմ դնենք, հարցի պատասխանը հետեւեալն է` մեզ համար թերեւս ամենաձեռնտուն կը լինէր, որ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը յաղթէր: Մենք անկախ նրանից, որ դժուարին, բայց երկար բանակցային ճանապարհ ենք անցել, եւ գրեթէ ուրուագծուել է խնդրի լուծման ճանապարհը, գոնէ` Մինսկի խմբի համանախագահների առաջարկած սկզբունքները հրապարակաւ ընդունուելը: Դրանց շուրջ արդէն չորս տարի է աշխոյժ բանակցութիւններ ենք վարում: Ճիշդ է, հիմա ես չէի ասի, որ բանակցային գործընթացը շատ աշխոյժ է ընթանում, բայց այնուհանդերձ, բաւական ճանապարհ ենք անցել, եւ եթէ ընտրութիւններից յետոյ Իլհամ Ալիեւը կարողանայ կամք դրսեւորել եւ վեր կանգնել հայատեացութեան իր այդ մոլուցքից, ես կարծում եմ` մեզ համար ամենաընդունելի եւ նախընտրելի տարբերակը դա է”:
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը անմիջապէս քննադատութեան արժանացաւ ինչպէս մեր երկրի, ինչպէս նաեւ, ինչ որ զարմանալի չէ, Ատրպէյճանի մէջ:
Երեւանի մէջ ընդդիմութեան առաջնորդները ապշած էին, որ Հայաստանի նախագահը կրնայ արտայայտուիլ ի նպաստ վերընտրութեան նախագահ Ալիեւի, որ բազմիցս սպառնացած է յարձակիլ Արցախի վրայ: Անոնք զարմացած էին, թէ ինչպէս կրնայ Ատրպէյճանի բռնակալ եւ ռազմատենչ նախագահը օգտակար ըլլալ Հայաստանի համար: Ատրպէյճանի ղեկավարները եւս դժգոհ էին Սերժ Սարգսեանի յայտարարութենէն: Նախագահ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Նովրուզ Մամետով խստօրէն քննադատեց Հայաստանի նախագահը` վերջինիս պնդման համար, որ Հայաստանի համար առաւել ձեռնտու է Ալիեւի վերընտրութիւնը: Նաեւ, Մամետով քննադատեց Ատրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները` Սարգսեանի յայտարարութիւնը իրենց «աղտոտ ընտրապայքարի մէջ” ընդդէմ Ալիեւի շահարկելու համար: Մամետով պարծենալով` եզրափակեց, որ Ատրպէյճանի նախագահը Սարգսեանի օժանդակութեան կարիքը չունի, քանի որ Ալիեւը կը վայելէ այնպիսի հեղինակաւոր համաշխարհային առաջնորդներու աջակցութիւնը, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Մինչ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կը պայմանաւորէ ի նպաստ Ալիեւի, ըստ էութեան, Արցախի բանակցութիւններուն շարունակական յառաջընթացով, կարելի է մտածել նաեւ յաւելեալ պատճառներու մասին, թէ ինչու Հայաստանի համար առաւել ձեռնտու է Ալիեւի վերընտրութիւնը.
– Նախագահ Ալիեւ խոցելի ղեկավար է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կը դատապարտուի իբրեւ բռնակալ, կաշառակեր եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտող:
– Ալիեւ վատնած է իր երկրի քարիւղային հսկայ եկամուտները` հարստացնելով ինքզինք, իր ընտանիքն ու մտերիմները:
– Ան միլիառաւոր տոլարներ ծախսած է գնելու համար զինամթերք, որ անոր չէ օգնած նոյնիսկ մէկ թիզ հող վերագրաւելու Արցախի տարածքէն:
– Անճարակ Ալիեւի վերընտրութիւնը վնասակար է Ատրպէյճանին եւ օգտակար` Հայաստանին: Եթէ Ալիեւը կորսնցնէ նախագահի պաշտօնը, զինք փոխարինողը կրնայ ըլլալ աւելի գործունեայ ղեկավար, որ կրնայ իսկական վտանգ ներկայացնել Հայաստանին եւ Արցախին:
– Սարգսեանի կողմէն Ալիեւի նախընտրութիւնը կը նուազեցնէ անոր վստահելիութիւնը ատրպէյճանական ժողովուրդի աչքին, որ կը զարմանայ, թէ ինչու Հայաստանի ղեկավարը, որ կը ներկայացուի իբրեւ Ատրպէյճանի թշնամի, կը սատարէ իրենց նախագահին: Այս իրավիճակը Ատրպէյճանի պարարտ նիւթ ընձեռած է դաւադրութեան տեսաբաններուն համար: Քանի որ Ալիեւի վերընտրութիւնը կանխորոշուած է` նկատի առնելով երկրին աւանդաբար կեղծիքներով լի ընտրահամակարգը, Սերժ Սարգսեանի կողմէն Ալիեւին նախապատուութիւն տալը չի կրնար յանգեցնել անոր պարտութեան, սակայն, անշուշտ, կասկածի ստուեր կը նետէ անոր արդէն իսկ վարկաբեկուած հեղինակութեան վրայ:
Վերջապէս, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կարեւոր է ունենալ կանխատեսելի գործընկեր` ըլլայ անիկա դաշնակից թէ թշնամի: Նախագահ Ալիեւի վերաբերումը Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ մինչեւ օրս եղած է միանգամայն կանխատեսելի: Վրացի լրագրող Գէորգի Լոմսածէն EurasiaNet.org կայքէջի մէջ շատ դիպուկ ներկայացուցած է Սարգսեանին կողմէ ի նպաստ Ալիեւի կատարուած յայտարարութիւնը. «Նախընտրելի է այն սատանան, զոր գիտես, քան թէ այն, զոր չես գիտեր»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը