ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Փաստօրէն ազգովին տագնապի, յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան հոգեբանական վիճակ մը կ՛անցընենք:
Հարուածը այնքան մեծ է ու ցնցիչ, որ դժուար պիտի ըլլայ կազմակերպելը, վերականգնելը, այս մղձաւանջը թօթափելը:
Փաստօրէն հայոց բանակին, քաղաքական վերնախաւին, իշխանութիւններուն փտածութիւնը, անհեռանկար եւ առանց տեսիլքի ղեկավարելու գործընթացը մեզ հոս հասցուցին:
Կեանքի մէջ կան փուլեր, երբ անցածին վերաքաղ մը կ՛ընես, աւելի ճիշդ` պահ մը կանգ կ՛առնես, կը մտածես, թէ ի՞նչ ըրի, ի՞նչ կ՛ընեմ եւ ինչո՞ւ հոս հասայ:
Անհատական, անձնական, հաւաքական, քաղաքական, ընկերային թէ հասարակական աշխատանքներու մէջ ընդհանուր ալիքին հետ կը քալես սովորաբար, սակայն տեղ տեղ կանգ կ՛առնես, կը նայիս, թէ ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասանք:
Չեմ ուզեր օրինակներով խօսիլ, որովհետեւ կրնայ զգայնութիւններ ստեղծել, բայց միջազգային քաղաքական դէմքերուն մէջ նայեցէք, օրինակ Եւրոպայի մէջ` Միթերանէն ետք մինչեւ Մաքրոն` իբրեւ անհատ նախ եւ առաջ, ո՛ւր էին, ո՛ւր հասան:
Ամերիկան նոյնպէս, Քանատան ալ, Իտալիոյ վարչապետին անունը մեծամասնութեամբ չենք ալ գիտեր, որովհետեւ ընթացիկ գործավարի մակարդակով է ալ:
Այսինքն երկամեայ, եռամեայ, քառամեայ հաշուետուութիւնները շատ կարեւոր են:
Կարեւոր է, որ ամէն բանէ առաջ անկեղծ, յստակ, առանց նախատրամադրութեան եւ առանց նախապայմանի քննարկուին հարցերը: Քննեն, քննարկեն ոչ միայն ներկան, այլ նաեւ անցած ուղին, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ, թէ ո՛վ է պատասխանատուն ներկայի վիճակին, ինչո՛ւ ճիշդ ձեւով քննարկումներ չեղան օրին, եւ ի՞նչն է պատճառը անոնց չըլլալուն:
Այսօր, ամէն բանէ առաջ, սխալներու հաշուետուութիւն պէտք է կատարել: Կարելի չէ, որ իրենք զիրենք չփաստած եւ սխալներու կուտակումները ծածկած անձերը վերականգնին:
Քաղաքական, ընկերային, հասարակական կեանքին մէջ ետդարձը արդէն մահացու քայլ է:
Դէպի առաջ, դէպի աւելի լաւը, դէպի յստակը, թափանցիկը, անշահախնդիրը, դէպի հաւաքող, կարողութիւններով օժտուած մարդոցմով աշխատելու կամքը հաստատող:
Հիմնական ձախողութիւնը կը կայանայ վստահելիներով աշխատելու գործելաձեւի որդեգրումին մէջ:
Յաջողած բոլոր հաստատութիւններուն, կառոյցներուն, պետութիւններուն գաղտնիքը այլազանութեան համախմբումին մէջ կը կայանայ:
«Ինչո՞ւ հոս հասանք»-ին գիտնալն ալ չի բաւեր, «Ինչպէ՞ս ոտքի պիտի մնանք»-ի գաղտնիքը վերանորոգուելու եւ ամբողջական զօրակցութիւն ապահովելու, մասնաւորաբար անկեղծ ու թափանցիկ ախտաճանաչումներ ընելու մէջ է:
Առիթ է, որ մեկնարկ մը ըլլայ: Առիթ է, որ նոր սկիզբ մը դրուի:
Սակայն նախ պէտք է գիտնանք առաջնահերթութիւնները: