Սկզբունքով, այսօր՝ Ուրբաթ եւ վաղը՝ Շաբաթ խորհրդարանի անդամները հանրապետութեան նախագահին պիտի փոխանցեն երկրին գործադիր իշխանութիւնը գլխաւորող հեղինակութեան անունը: Անձնաւորութիւն, որ շնորհիւ իր վայելած անհատական փորձառութեան ու ճարտարութեան պիտի հրաւիրուի հմտօրէն դիմակալելու Լիբանանի պատմութեան ամենանուրբ մէկ ժամանակահատուածը: Քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային տարբեր ոլորտի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ Լիբանան: Քաղաքական հոսանքներու միջեւ խորացող տարակարծութիւնները, միջհամայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւնը, ապահովական անակնկալ բռնկումները, կենցաղային, աշխատաւորական եւ այլեւայլ թնճուկներու առջեւ թիաւարող նաւը ճկուն նաւապետի մը անհրաժեշտութիւնը ունի ներկայիս: Ընդդիմութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան միջեւ ծագած առարկայական ու արհեստական վէճերը, ի վերջոյ մղեցին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականին:
Հաւաքական գերլարում եւ ազգային գիտակցութիւն դրսեւորելու հրամայականին առջեւ, ոմանք չէզոք տարազով ու դիմագիծով կառավարութիւն մը կը պահանջեն: Հարց է, թէ անմերձենալի եւ անողորմ կեցուածքներով ծանօթ հոսանքները ինչպէ՞ս հաւանութիւն եւ հաւատարմութիւն պիտի յայտնեն անդիմագիծ անունի մը, երբ նոյնինքն՝ քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչներն են պարտադիր խորհրդակցութիւններուն մասնակիցները: Պատկերացնենք, որ համաձայնութիւն գոյացաւ չէզոք անձնաւորութեան մը շուրջ, գլխաւորելու՝ նոր կառավարութիւնը, ո՞վ պիտի երաշխաւորէ, որ նախարարներու պարագային նոյնպէս պիտի գործադրուի միեւնոյն սկզբունքը: Որքան տարօրինակ, նոյնքան՝ ցաւալի, քաղաքական հոսանքներու միջեւ այժմէն իսկ բզկտոց տեղի կ’ունենայ նախարարական պաշտօններու շուրջ…: Միւս կողմէ, չենք կրնար անտեսել Մարտ 8-ի եւ 14-ի զօրանոցներէն դուրս իսկական հայրենասէր եւ ազգային դիմագիծով արժանաւորներ գտնուելու իրողութիւնը, բայց վերոյիշեալ հոսանքները որքանո՞վ պատրաստ պիտի ըլլան ընդունելու նման հեղինակութիւններ, երբ փոխադարձաբար կը մերժեն հակադիր կողմէն ներկայացուած ոեւէ անուն կամ՝ առաջարկ: Անորոշ ելքերով խաչմերուկի մը առջեւ կը գտնուի Լիբանան:
Քաղաքական բեմին վրայ ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել չէզոք եզրը: Քաղաքական տեսակէտներէ եւ կողմնորոշումներէ զուրկ անդիմագիծ անձնաւորութիւն մը հաւանաբար: Պատկերացնենք մեր նոր կառավարութիւնը. տուեալ համայնքէն անդէմ անհատ մը, շրջապատուած տարբեր համայնքներէ նմանօրինակ բարեմասնութիւններով օժտուած անհատներով: Տրամաբանակա՞ն է արդեօք քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական տագնապներու դէմ յանդիման նման կառավարութեան մը պահանջը, մանաւանդ որ նախորդ կառավարութիւնը ժողովրդային խաւերու մօտ կորսնցուցած է պետականութեան վայելած վարկն ու հեղինակութիւնը: Ցաւալին այն է, որ քաղաքական հոսանքներու մեծամասնութիւնը միտումնաւոր կերպով կը պահանջէ թոյլ կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի լուծում չգտնուի ընտրական օրինագիծին, երկիրը դիմագրաւող ապահովական վերիվայրումներուն, Սուրիոյ հակամարտութեան հանդէպ չէզոք դիրք որդեգրելու կոչերուն: Թոյլ կառավարութիւն մը ինքնաբերաբար յանդգնութիւն պիտի չունենայ քննարկելու ընտրական նոր օրինագիծին թղթածրարը: Թոյլ կառավարութիւնը ինքնաբերաբար դիտորդ պիտի ըլլայ ապահովական զարգացումներուն:
Միւս կողմէ, չէզոք կառավարութիւն պահանջող հոսանքներուն կարծիքով, նուազագոյնի կրնան հասնիլ լիբանանեան առօրեայէն ներս Սուրիոյ հակամարտութեան ներազդեցութիւնները եւ քաղաքական կողմերը ինքնաբերաբար յարգած պիտի ըլլան Պաապտայի Յայտարարութիւնը: Անոնք համոզուած են, որ անգոյն կառավարութեան մը ներկայութեան պիտի վերակենդանանան ազգային երկխօութեան նիստերը: Սակայն ո՞վ խախտեց Պաապտայի Յայտարարութիւնը, նոյնինքն չէզոք կառավարութիւն պահանջող կողմերը, որոնք զէնք ու զինեալ սկսան առաքել Սուրիա: Հետեւաբար, ինչպէս երէկ, վաղը նոյնպէս՝ զէնքի հոսքը պիտի շարունակուի դէպի Սուրիա: Իսկ հակադարձութիւններու պարագային, չէզոք կառավարութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլա՞յ կանխելու ապահովական որեւէ զարգացում, երբ խաղին ղեկավարները կը գտնուին կառավարութեան կազմէն դուրս: Իւրաքանչիւր կողմ իւրովի կը մեկնաբանէ չէզոք հասկացողութիւնը:
Քաղաքական այս խառնաշփոթ կացութեան մէջ Պքերքէ եւ Այն Էլ Թինէ կը փորձեն հասարակաց յայտարար ստեղծել երկու գլխաւոր բեւեռներուն միջեւ: Այն Էլ Թինէի մէջ Հինգշաբթի առաւօտեան տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովին ընթացքին, Պըրրի նախ յաջողեցաւ լուծում բերել ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Աշրաֆ Ռիֆիի շուրջ ծագած վէճին, երբ ընդունեց անոր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նպատակով 69 երեսփոխաններու ստորագրութիւնը կրող դիմում մը: Ան միաժամանակ յաջողեցաւ հարթել Մարտ 8-ի ճակատէն ներս ստեղծուած տարակարծութիւնները եւ ընտրական նոր օրինագիծին վերաբերեալ փոխհասկացողութեան եզր ստեղծել Մարտ 14-ի ճակատին հետ: Միեւնոյն օրը՝երեկոյեան, Պքերքէի մէջ համախմբուած մարոնի քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչները Ուղղափառ Հանդիպումէն բխած ընտրական օրինագիծէն հրաժարելու տրամադրութիւն մը յայտնեցին, պայմանաւ, որ հիմնապէս մոռացութեան մատնուէր 1960-ի օրինագիծը: Փաստօրէն, ընտրական նոր օրինագիծ մշակելու տրամադրութիւն մը յայտնուեցաւ Պքերքէի մէջ: Երկխօսութեան եւ փոխադարձ զիջողութեան ուղեգիծն է, որ անհրաժեշտ զարգացնել քաղաքական խմբաւորումներուն միջեւ եւ այդ մէկուն լաւապէս կը տիրապետէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Անձնաւորութիւն մը, որուն դերկատարութիւնը օրըստօրէ աւելի անհրաժեշտութիւն կը դառնայ լուծումներու եւ փոխհասկացողութեան բացակայութեան:
Յանուն ազգային համախոհութեան, գործնապէս տրամաբանական կը նկատենք նոր վարչապետի անուան շուրջ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները մէկ քանի օրով յետաձգելու քայլ մը՝ յաւելեալ փոխհամաձայնութեան նպատակով: Ամենայնդէպս, ողջմտութիւնը լիբանանցիներուն կը թելադրէ հեռու մնալ անգոյն ու անդէմ կառոյցներէն, ընդհակառակը՝ համախմբուիլ համալիբանանեան շահեր հետապնդող ազգային փրկութեան կառավարութեան մը շուրջ: Կառավարութիւնը հովանաւորող անձին անունը այնքան ալ հիմնական պիտի չըլլայ այս պարագային, այնքան ժամանակ, որ վարչապետը եւ կառավարութեան մնացեալ անդամները յանձնառու կը մնան իրենց ազգային առաքելութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ