Բժշկութեան ամենահիմնական հասկացողութիւններէն մէկն է՝ նախ ախտաճանաչել տուեալ հիւանդութիւնը, բացայայտել անոր պատճառները,ապա՝ անցնիլ բուժումի գործընթացին: Առանց ախտաճանաչում կատարելու կամ ժամանակաւոր դարմանումներու պարագային, հիւանդութիւնը ինքնաբերաբար իր ճիրաններուն մէջ պիտի հիւծէ հիւանդը..:
Գիտական այս տարրական հասկացողութեան գործադրութիւնը չընկալելու մէջ կը կայանայ լիբանանեան տագնապին ամբողջ ողբերգութիւնը: Փոխանակ կեղծ կարգախօսներու մէջ խարխափելու ՝ անհրաժեշտ է հայրենիքի շուրջ համախմբել լիբանանցիները: Ազատ, գերիշխան եւ անկախ հայրենիքի մը շուրջ: Անցնող դարու վաթսունականներէն սկսեալ,շահարկելով լիբանանցիներու անմիաբանութիւնը, արաբական աշխարհի որոշումի տէրերը իրենց տոնքիշոթեան պատերազմներուն թատերաբեմին վերածեցին Լիբանանը, որպէսզի պահպանեն իրենց գահը, աթոռը, դիրքը, հարստութիւնը եւ իշխանութիւնը:
Վերոյիշեալ մեծամեծները յաջողեցան Տրովադայի ձիեր յայտնաբերել Լիբանանի մէջ: Տարիներու ընթացքին հետզհետէ սկսան խախտիլ մեր պետականութեան հիմքերը: Լիբանանը դարձաւ զանազան կարգախօսներու զոհը: Միացեալ եւ հզօր պետականութեան փոխարէն, Լիբանանի մէջ յառաջացան շրջանային եւ միջազգային պետութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող «փոքր պետութիւններ»…:
Ամիս եւ աւելի լիբանանեան խորհրդարանը կը ճգնի ընտրելու երկրին նոր նախագահը: Շաբաթ մը առաջ, մեր պաշտօնաթերթի՝«Զարթօնք»ի առաջին էջի քաղաքական լուրերու բաժինէն գրեցինք, թէ լիբանանեան կարգ մը հոսանքներ, իրենց յամառ ընթացքով կը յիշեցնեն, քսան եւ հինգ տարիներ առաջ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին, Պէյրութ կատարած այցելութեան առիթով պետական քարտուղար Ռիչարտ Մըրֆիի հռչակաւոր յայտարարութիւնը՝ Միխայիլ Տահէր կամ՝ անիշխանականութիւն: Մըրֆիի հռչակաւոր յայտարարութենէն քսան եւ հինգ տարիներ ետք, դարձեալ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին զուգադիպելով, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ: Արդեօք ին՞չ կրնար թելադրել պետական քարտուղարը իր լիբանանցի բարեկամներուն: 1988-ին, Մըրֆի Լիբանան կ’այցելէր զգուշացնելու անիշխանականութեան եւ նախագահութեան դիրքին վրայ ստեղծուելիք թափուրին հետեւանքներէն: 2014-ին, անիշխանականութիւնը եւ թափուրը կանխեցին Ճոն Քերրիին…: Մըրֆիին դիմաւորեց Լիբանանի նախագահը: Քերրիի ժամանումէն առաջ երկրին առաջին դէմքը մեկնած էր Պաապտայի պալատէն: Մըրֆիի այցելութեան միջոցին, միջազգային եւ շրջանային ուժեր վեթօ-ներ դրած էին կարգ մը թեկնածուներու դէմ: Այսօր՝ արտաքին վեթօներ չկան, փոխարէանը՝ տեղական հոսանքներ վեթօ կ’օգտագործեն թեկնածուներու դէմ եւ կը խանգարեն ընտրական գործընթացը:
Ու՞ր հասաւ Լիբանանը յատկապէս վերջին ինը տարիներուն: Ահաբեկչութիւնը հարուածեց երկրին տարբեր շրջանները: Մէկէ աւելի կոտորածներ պատահեցան հարաւէն՝ հիւսիս: Կորսնցուցինք փունջ մը արժէքաւոր հեղինակութիւններ,որոնց մէջ անկասկած Ռաֆիք Հարիրին: Ազգային հիմունքներու մէն մի տողի, տառի շուրջ վիճեցանք ու տակաւին կը շարունակենք վիճիլ: Տնտեսութիւնը տուժեց: Արտագաղթը նոր թափ ստացաւ: Արտաքին ճնշումներու ստիպողութեան տակ կնքուեցան հարկադրական համաձայնութիւններ: Զլացանք օգտուելու ներկայացող առիթներէն: Երկրին ընդհանուր պարտքը հասաւ 65 միլիառ տոլարի առաստաղը: Կամքի եւ միջոցներու բացակայութիւն: Ոմանք կը սպասեն ծովային նաւթէն քաղելիք եկամուտները: Քուլիսներու ետին, ոմանք նախագահութեան հասնելու համար նաւթի եկամուտներուն հաշւոյն զիջումներ կը խոստանան իրենց ընդդիմախօսներուն…: Գործադուլները կը հարուածեն երկիրը: Ընկերային տագնապը արիւնաքամ կը դարձնէ համեստ օրապահիկով ապրող քաղաքացին: Վարչական բարեկարգութիւններու թղթածրարը կը մնայ սառած: Քաղաքական այս գորշ մթնոլորտին մէջ ոմանք կը պահանջեն վերատեսութեան ենթարկել Թայէֆի համաձայնագիրը: Ուրիշներ կը խօսին անհամատեղելիութեան մասին եւ համայնքային բաժանումներու աշխարհագրական տարազներ կը ներկայացնեն աջ ու ձախ: Այս բոլորին մէջ ո՞վ նախանձախնդիր է այնքան մը՝ պահպանելու Լիբանանի պետականութիւնը, անոր սահմանադրական կառոյցները, տնտեսութիւնը,
Քաղաքական դէտերու մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, թէ թափուրը պիտի ըլլայ երկարատեւ: Մեծագոյն ապացոյցը սոյն կասկածանքին ներկայացաւ հանրապետութեան նախագահին մեկնումէն անմիջապէս ետք կառավարութեան գումարած երկրորդ նիստին ընթացքին, երբ օրակարգի վրայ դրուեցաւ գործադիր իշխանութեան կողմէ երկիրը կառավարելու մեխանիզմի մը մշակումը…: Այստեղ եւս բացայայտուեցան լուրջ տարակարծութիւններ: Կառավարութեան անդամները պահ մը մոռնալով նախագահական մտահոգութեան հրատապութիւնը, սկսան քննարկել կառավարութեան լիազօրութիւնները: Եթէ նախագահական ընտրութիւնները մօտալուտ ըլլային, ոեւէ քաղաքական կողմ յանդգնութիւն պիտի չունենար ներկայացնելու նմանօրինակ առաջարկ: Երկրորդ մտահոգիչ երեւոյթը՝ քաղաքական հոսանքներէն գրեթէ ոչ ոք լուրջ երկխօսութիւն վարելու տրամադրութիւն կը յայտնէ յառաջիկայ նախագահին յատկանիշներուն շուրջ: Երրորդ ապացոյց մը՝ քաղաքական բազմաթիւ հոսանքներ տակաւին գրաւը դրած են շրջանային զարգացումներու վրայ: Եգիպտոսի, Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները, Իրաքի խորհրդարանական ընտրութիւնները ոչինչ կ’ըսեն լիբանանցիներուն:
Ինչպէ՞ս դուրս գալ քաղաքական սառցապատումէն: Երկխօսութեամբ անկասկած: Ինչո՞ւ սպասել Մըրֆիներու եւ Քերիներու զգուշացումներուն, երբ լիբանանցիները իրենք են տիրող անիշխանակութեան առաջին եւ վերջին պատասխանատուն: Ժամանակն է, որ մարդիկ տրամաբանութեամբ դատեն եւ երկիրը փրկեն անելային կացութենէն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ