Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն: Օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ սկսած է դառնալ զգալի: Մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել:
(Մտաւորականներու հաւաք, Անթիլիասի Մայրավանք, 2022)