Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւորդ կամ մեկնաբան չի կրնար աչքաթողի ձգել թուրք-քրտական հակամարտութեան հետեւանքները Իրաքի, Իրանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի զարգացումներուն վրայ: Թէպէտ ծածուկ, թուրք-քրտական հակամարտութիւնը, կը սպառնայ Թուրքիոյ գերիշխանութեան եւ աշխարհագրականօրէն ճանչցուած սահմաններուն: Միւս կողմէ, պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը հետապնդող արաբական երկիրներ, վերջաւորութեան պիտի գտնուին քրտական նոր պետութիւն մը ճանչնալու իրողութեան առջեւ:
Ինքզինք Միջին Արեւելքի ՙկառավարիչ՚ յորջորջող Ռէճէպ Թայիփ Էրտողան, աստիճանաբար կը համոզուի, թէ ապարդիւն դուրս եկան օսմանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու իր երազները£ Էրտողան, տակաւին չի կրնար հաշտուիլ երազի ու իրողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն հետ: Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ փորձերը չարաչար ձախողեցան£ Եւրոպայի դուռը փակ պիտի մնայ Թուրքիոյ առջեւ£ Էրտողան քաջատեղեակ է այս իրողութեան: Արաբական աշխարհը մերժեց ՙնոր՚ օսմանականութեան քրմապետ Ահմէտ Տաւուտօղլուի յորդորները: Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ բազմաթիւ արաբական պետութիւններ բացայայտօրէն մերժեցին Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու Թուրքիոյ յաւակնութիւնները£ Խորքին մէջ միակ պետութիւնը, որուն հետ Թուրքիա կրնայ գործակցիլ Իսրայէլն է, իր երէկի «գուցէ եւ այսօրուան ծածուկ» ռազմական դաշնակիցը, Միջին Արեւելքի մէջ, ՆԱԹՕ-ի երկու վստահելի ներկայացուցիչները…:
Սակայն, շրջանային այլ պետութիւններու ներքին զարգացումներուն միջամտութիւններ, թելադրութիւններ, սպառնալիքներ արձակող Անգարան կը գտնուի բաժանումի եւ ինքնաքայքայումի եզրին: Բիւզանդական վէճերու մէջ խրած Լիբանանի քաղաքական միտքը գրեթէ անտեղեակ է 15 Յուլիսին, Տիարպեքիրի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովէն ուր Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ յայտարարուեցաւ քրտական ինքնավար պետութիւն, Տիարպեքիրը ունենալով իբրեւ մայրաքաղաք:
Քիւրտերու այս քայլը ցնցած է Թուրքիան: Այդ յայտարարութենէն մինչեւ օրս, Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը, հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ սպաննած է աւելի քան քսան թուրք զինուոր£ Պաշտօնական Անգարա ահաբեկչական գործողութիւններու պիտակ կու տայ կատարուած իրադարձութիւններուն£ Խորքին մէջ, Անգարա կը գտնուի քաղաքական յստակ ընտրանքի առջեւ£ Թուրքիոյ տարածութեան հսկայ մէկ շրջանը կը մերժէ ճանչնալ Անգարայի իշխանութիւնը£ Փորձը ցոյց տուած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը համեմատաբար աւելի դիւրին է, քան քաղաքական ապստամբութիւն:
Էրտողանի կառավարութիւնը չի կրնար անտեսել Տիարպեքիրի խորհրդաժողովը: Աւելի քան 850 քիւրտ քաղաքական դէմքեր, առաւել եւս թրքական խորհրդարանի երեսուն քիւրտ երեսփոխաններ «խորհրդարանի անդամ ընտրուած հինգ այլ երեսփոխաններ արգելափակուած ըլլալով բացակայեցան»: Թուրքիոյ քիւրտերուն յայտարարութիւնը ջղագարութեան մատնած է Էրտողանը: Քիւրտերուն դիմած քայլը Թուրքիոյ համար քայքայումի նախանշանն է: Էրտողանի կառավարութիւնը ապօրէն յայտարարեց Տիարպեքիրի խորհրդաժողովին որոշումները եւ սկսաւ հետապնդել խորհրդաժողովին մասնակիցները£ Անգարա, մինչեւ իսկ սպառնաց դադրեցնել խորհրդաժողովին մասնակից քիւրտ երեսփոխաններու անդամակցութիւնը խորհրդարանէն, սակայն անմիջապէս նշմարեց, թէ իր վրայ պիտի կեդրոնացնէ Արեւմուտքի քաղաքական լուսարձակները:
Թուրքիոյ օրինակով, մօտաւորապէս այդ օրերուն Սուրիոյ մէջ նոյնպէս տեղի ունեցան ուշագրաւ զարգացումներ£ Արդարեւ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Սուրիոյ քիւրտերը համախմբուեցան եւ ստեղծեցին Քիւրտ Ժողովուրդի Միութիւն անունը կրող կազմակերպութիւն մը: Անոնք ինքնավարութիւն պահանջեցին նախագահ Պաշշար Ասատէն, կամ առնուազն որոշակի ինքնավարութիւն մը Սուրիոյ մէջ…:
Սուրիոյ քիւրտերը սերտ յարաբերութիւններ կը պահեն հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի իշխանութեան հետ: Վերջինս, Ուաշինկթընի եւ Իսրայէլի ռազմավարական սերտ դաշնակիցն է Միջին Արեւելքի նոր հաւասարակշռութեան մէջ: Հետզհետէ, դանդաղ բայց ինքնավստահ քայլերով կը բացայայտուի Միջին Արեւելքի նորագոյն հանելուկներէն մէկուն լուծումը£ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերուն համար ստեղծել նոր պետութիւն մը: Այսօրուան դրութեամբ, իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավար մարզը ունի իր նախագահը, սեփական դրօշակը, ղեկավարութիւնը, խորհրդարանը եւ բանակը£ Իրանի քիւրտերը հեռու չեն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ իրենց հայրենակիցներուն քայլերէն:
Իսրայէլի կառավարութիւնը պաղեստինեան պետութեան ճանչման փոխարէն, քաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ կþառաջարկէ Քիւրտիստանի մը ստեղծումը: Շրջանին մէջ ինքնավարութեան պահանջը պիտի մղէ մէկ այլ ժողովուրդի ինքնավարութիւնը ճանչնալու ստիպողութեան:
Իսրայէլի տեսանկիւնէն, եթէ Յուդայի եւ Սամարայի երկու միլիոն հաշուող պաղեստինցիները արժանի են պետականութեան, ինչո՞ւ 18 միլիոն հաշուող քիւրտերը, հարիւր եւ աւելի տարիներ շարունակ զրկել հայրենիք ունենալու իրաւունքէն…:
ՄԱԿ-ի մէջ, պաղեստինցիներուն համար կիրառելի ճանաչման իրաւունքը ինքնաբերաբար կիրառելի պիտի ըլլայ նաեւ քիւրտերուն£ Թուրքիա, Իրաք, Սուրիա եւ Իրան այս ընտրանքին առջեւ կը գտնուին ներկայիս: Փաստօրէն, Իսրայէլի թշնամի չորս պետութիւններ կրնան փուլ գալ, պարզապէս հարաւային Սուտանի օրինակով, անոր դաշնակից պետութիւն մը ստեղծելու գնով:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com