ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Քանի մը ընկերներ կը խօսակցէին վերջերս սրտի անակնկալ տագնապի մը հետեւանքով մահացած բարեկամի մը մասին։
– Ո՛չ մէկ անհանգստութիւն ունեցած էր աւելի առաջ, կը պատմէր մեր ընկերներէն մէկը։ Այդ իրիկուն այցելութեան մը գացեր է։ Երկա՜ր երկա՜ր խօսեր են հաճելի նիւթերու մասին։ Միջոց մը անհանգստութիւն մը զգացեր է։ «Ես զիս լաւ չեմ զգար» ըսեր է եւ գետին է ինկեր։ Այդքան։ Նոյն վայրկեանին իսկ մահացեր է։
– Մաքուր մահ, վրայ բերաւ ուրիշ ընկեր մը։ Կ՛երեւի թէ բարի մարդ է եղեր, առանց քաշելու, առանց տառա-պելու մեռեր է։ Մահ ըսածդ այսպէս պէտք է ըլլայ։
– Ո՛չ, առարկեց ուրիշ ընկեր մը։ Մահ ըսածդ այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Ես իմ հաշուոյս պիտի չուզէի այդպէս բոլորովին անակնկալ՝ հրաժեշտ առնել կեանքէն։ Առանց մնաս բարով մը ըսելու, առանց պատրաստութիւն մը տեսնելու, առանց մինչեւ իսկ տունդ վերադառնալու, անկողնիդ մէջ պառկելու։
Խօսակցութեան հունը փոխուեցաւ։ Հիմա մեր ընկերները երկու խմբակի բաժնուած էին։
Մէկ մասը յանկարծակի մահը կը նախընտրէր կարծես։ Եթէ պիտի մեռնիս, ինչո՞ւ տառապիս, ինչո՞ւ երկար ատեն տանջուիս, մինչեւ իսկ ցաւ քաշես, շուրջիններդ ալ տառապեցնես։ Մէկ անգամէն վերջին շունչդ կը փչես, կը վերջանայ։ Ճիշդ է որ ետին մնացողներուն համար շատ դառն անակնկալ մը կ՛ըլլայ ան, բայց անոնք շուտով կը վարժուին։ Նոյնիսկ քիչ ժամանակ վերջ փառք տալ կը սկսին, որ ամէն ինչ այդքան շուտ եւ մաքուր վերջացաւ։
Բայց ընկերներուն միւս մասը անընդունելի կը գտնէր այդ տեսակ մահը։ Անոնք կ՛ըսէին. մարդ ինչպէս որ է պիտի մեռնի։ Գոնէ անոր տրուի մարդավարի մեռնելու, գիտակցօրէն եւ իր պարտաւորութիւնները կատարելով մեռնելու պատեհութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ ուրիշի մը տան մէջ, կամ փողոցը, իր սիրելիներէն հեռու, յանկարծ, առանց ինչ ըլլալը հասկնալու, հրաժեշտ առնել կեանքէն։
Վերջապէս մէկը ըսաւ.
– Ես կը նախընտրեմ որ հիւանդանամ, ցաւ քաշեմ, տառապիմ, մահը ցանկամ։ Եթէ մահը կը ցանկաս, այն ատեն է որ ան բարի գալուստ ունի, այն ատեն է որ ան մխիթարական է։ Այլապէս մաքուր մահ չկայ։ Դուք մեռնողին հարցուցէք անգամ մը։ Պիտի ուզէ՞ր այդքան անակնկալօրէն եւ այդքան մաքուր մեռնիլ։
**
Եթէ ինծի հարցուի, պիտի ըսեմ որ ո՛չ ոք, մինչեւ իսկ ամէնէն տառապեալը, պիտի չուզէր մեռնիլ։ Բայց ատոր փոխարէն, մարդ, եթէ պիտի մեռնի, պէտք էր իրաւունքը ունենար իր սիրելիներուն մնաք բարով մը ըսելու։ Աշխարհի լոյսով վերջին անգամ մըն ալ զանոնք տեսնելու։ Իր վերջին պատրաստութիւնները տեսնելու, իր անաւարտ գործերը կերպով մը աւարտելու։
Բայց ասիկա ըսելու ձեւ մըն է պարզապէս։ Իրո-ղութիւնն այն է, որ ո՛չ ոք, գրեթէ առանց բացառու-թեան ո՛չ ոք, պիտի կարենայ լրիւ իր պատրաստու-թիւնները տեսնել անդին մեկնելէ առաջ։ Իրական մնաք բարով մը ո՞վ կրցեր է ըսել իր սիրելիներուն։ Բնութիւնը այդպէս ստեղծած է։ Ո՛չ ոք պիտի կարենայ մնաս բարով ըսել, որովհետեւ ո՛չ ոք պիտի գիտնայ թէ ե՞րբ, ճիշդ ու ճիշդ ե՞րբ պիտի մեկնի։ Եթէ գիտնար, ո՜վ գիտէ որքան տաժանելի կ՛ըլլար, որքան տառապալից կ՛ըլլար սպասումը։
Այս աշխարհէն մեկնած ամէն մարդ թերաւարտ համանուագ մըն է։ Այդ համանուագին վերջին մասը, կամ վերջին մեղեդին, կամ վերջին ձայնը կիսատ կը մնայ։ Որքան ալ յառաջացեալ տարիքի մէջ հրաժեշտ առնէ կեանքէն, կամ որքան ալ իրեն առիթ տրուի իր վերջին պատրաստութիւնները տեսնելու, մարդ անպայ-ման չիրագործուած երազներ եւ ծրագիրներ պիտի թողու իր ետին եւ, եթէ հնարաւորութիւնը ունենար միւս աշխարհէն իր ձայնը հասցնելու մեզի, մեզի պիտի ըսէր անպայման. «Ես դեռ ի՜նչեր պիտի ընէի, եթէ քիչ մը եւս ապրէի»։
Այս տպաւորութիւնը կուգայ ո՛չ թէ անկէ, թէ մարդ իսկապէս ընելիք դեռ շատ բան ունի աշխարհի վրայ, այլ անկէ՝ թէ մարդ չի կրնար յագենալ ապրելէ։ Երբ մահամերձը կ՛ըսէ, թէ ես դեռ շատ բան ունէի ընելիք, ան ըսել կ՛ուզէ թէ ես դեռ շատ կ՛ուզէի վայելել կեանքի բարիքները։
Բայց ստոյգ է նաեւ որ անակնկալ մահը, կամ կանխահաս մահը յանկարծ կը չորցնէ աղբիւր մը, որ տակաւին շատ ջուր պիտի տար իրմէ ըմպողներուն։ Պիտի ըսուի որ բնութիւնը իր այդ արարքին մէջ անպատեհութիւն չէ տեսած, որովհետեւ չորցուած իր մէկ աղբիւրին տեղ յանկարծ երկու աղբիւր, երեք աղբիւր կը բանայ։ Բայց նորէն ալ մարդ չի կրնար ինքն իրեն հարց չտալ թէ ինչո՞ւ յանկարծ չորնար, ցամքէր, անգործածելի դառնար սա աղբիւրը, որ այնքան համեղ ջուր կուտար եւ դեռ ալ կրնար տալ։
Միշտ նոյն հարցումը ուրեմն. բնութիւնը բան մը գիտէ՞ իր կարգադրութիւններուն մէջ, թէ ոչ ամէն ինչ արդիւնք է խօլ եւ պատահական հանդիպումներու։