ԱԺ-ի մէջ կը շարունակուի Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան հարցին քննարկումը:
«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեան, ըստ Aravot.am-ի, իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Առաջին անգամ 6 տարուան մէջ, որ ես ԱԺ պատգամաւոր եմ, վերջապէս այստեղ է Սերժ Սարգսեանը եւ կրնանք անոր հարցեր տալ, ելոյթներ ունենալ, անոնք կապ չեն ունեցած ոչ մէկ բանի հետ: Մենք այնպիսի պետական կառավարում ունինք ՀՀ-ի մէջ, որ ունինք սխալ պաշտօնեաներ, սխալ մարդիկ, սխալ հիմնարկներ: Այնպիսի պետական կառավարման համակարգ ձեւաւորուած է, որ ինչ կ՝ըսենք, կ՝ըսեն՝ մենք կապ չունինք, ձեր նկարը ցոյց կու տան, կ՝ըսեն՝ իրեն հարցուր»:
Ան նաեւ հարցուց՝ «Պարո՛ն Սարգսեան. մենք կը զարմանանք ուղղակի, այդ մարդոց դուք ուրկէ՞ կը գտնէք, Հանրային հեռուստաընկերութեան նախագահը կու գայ ՝ այստեղ կը խօսի, ելոյթ կ՝ունենայ, ո՛չ հայերէն կը խօսի, ո՛չ ռուսերէն…վերջին անգամ «Հայլուր» հաղորդումը ե՞րբ նայած էք, այդ հաղորդումը ձեզի համար հաճելի՞ է: Ձեր առողջապահութեան նախարարը կը մտածէ ամէն օր ինչ ընէ, որ մարդոց համար անյարմար ըլլայ, ձեր փոխադրամիջոցի նախարարը կը կարծէ, որ երկրի թիւ մէկ խնդիրը աջ ղեկն է ու ինքը պէտք է ատով զբաղի, ուրկէ՞ կը գտնէք այդ մարդոց: Ես ուղղակի ապշած եմ՝ ինչպէ՞ս կարելի է հաւաքել մարդիկ, որոնք զբաղած են չեմ գիտեր ինչով, բայց այն, ինչ կը յուզէ ՀՀ քաղաքացին, իրենք ատով զբաղած չեն»: Ան նաեւ հարցուց. «Մէկ հատ պարզ հարց՝ Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհի կառուցումը չէ վերջացած, 10 տարի է՝ ատոր մասին կը խօսինք: Խնդիրը այն է, որ բոլորն ալ գիտեն՝ դուք ոչ մէկ բան փոխած էք, բոլորը կը կարծեն, որ դուք պիտի շարունակէք, պիտի պահպանէք այս համակարգը: Միակ փոփոխութիւնը, որ եղած է, մեր յարգելի Գալուստ Գրիգորիչն է, ուրիշ փոփոխութիւն չենք տեսած: Բոլորը գիտեն, որ դուք դառնաք վարչապետ՝ Էդիկ Նալպանտեանը պիտի նշանակէք նորէն արտաքին գործոց նախարար, մարդ մը, որ արտաքին քաղաքականութիւնը ձախողած է, պիտի նշանակէք նոյն առողջապահութեան նախարարը, փոխադրամիջոցի նախարարը»:
Մարուքեանը ըսաւ, որ վարկ կը վերցնեն ճանապարհաշինութեան համար, վարկը կայ, դրամը կայ, բոլորը հարուստ են ու երջանիկ՝ ճանապարհը չկայ. «Այստեղ ո՛չ մէկ հարց կը լուծուի, ինչ կը քննարկենք, մարդիկ կը նային ձեր նկարին: Մենք եկած ենք այստեղ ձեզի ըսելու, որ մենք դէմ ենք՝ ձեր երրորդ պաշտօնավարման ժամկէտին: Կայ երկու աշխարհ՝ կայ ձեր աշխարհը ու մեր աշխարհը: Ձեր աշխարհին մէջ ձեզ շրջապատած էք մարդոցմով, որոնք չեն ըսեր ձեզի ինչ կը կատարուի: Եթէ կ՝ըսեն, ուրեմն պէտք է փոփոխութիւններ ըլլային…Մենք յայտնուած ենք ճահիճի մէջ, ասիկա ճահիճ է, սխալ կառավարման համակարգ: ՀՀԿ-ականները կ՝ըսեն՝ ժողովուրդը մեզի ընտրած է, մենք պէտք է ըսենք, ո՞վ պէտք է ըսէ: Ձեր նշանակած դատաւորները տեսէք, քաղաքապետները տեսէք: Մարդիկ կան, որ ժողովուրդը կ՝ըսէ՝ մեր վրա՞յ կը խնդաք, այս մարդը ի՞նչ կ՝ուզէ մեզմէ»:
Ան անդրադարձաւ բողոքի ցոյցերուն. «Այս պահին հազարաւոր մարդիկ փողոցներու վրայ են, ժամեր անց դուք կը դառնաք ՀՀ վարչապետը՝ ձեր ձեւաւորած սահմանադրութեամբ, ոստիկանապետը ուղղակիօրէն կ՝ենթարկուի ձեզի, մէկի քիթէն արիւն եկաւ՝ ձեզ պիտի մեղադրեն: Մեր թիւ մէկ խնդիրն է, ամէն ինչ ընել, որ ուժ չկիրառուի հիմա խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ»:
Մարուքեան ըսաւ, որ Սարգսեանը ոչ իրական աշխարհէն է, որ կը հարցնէ՝ ո՞վ դրամ բաժնած է ընտրութիւններուն. «Կ՝ըսեն՝ քաղաքական հայեացքներու համար մարդիկ կա՞ն բանտարկուած, կ՝ըսէք՝ չկայ, մէկը կա՞յ ըսէ՝ Անդրիաս Ղուկասեանը ինչո՞ւ համար բանտարկուած է, այդ տօնածառի համար բռնուած տղան ինչո՞ւ բանտարկուած է, որ տօնածառը վերջացաւ, հիմա ալ նոր գործով է: Պարոն Սարգսեան, բազմաթիւ հարցեր կան»: