Վեր. Փոլ Հայտոսթեանին Խօսքը`
Մայիսեան Ժողովրդային Հաւաքին
103 տարիներ անց, մեր այս պէյրութեան հայրենասէր ու հայաշունչ տօնախմբումով կը նշուի 1918-ի պանծալի նոր սկիզբը, դարեր շարունակ սպասուած ծնունդը սաղմնային հանրապետութեան մը, արդի պատմութեան գիրքին մէջ հայկական պետականութեան մը:
Ուստի, տօն է այսօր` Սարդարապատի եւ այլ ճակատներու հերոսամարտերու իրագործումներուն եւ հանրապետութեամբ ստեղծուած հնարաւորութիւններուն: Տօն է այսօր, նոյնիսկ եթէ 2021-ի զգացումները ըլլան վհատած, հայկական երկինքը թուի մթագնած, հայրենի հողը` ոտնահարուած, հեղինակութիւններու վարկը` նսեմացած եւ, բնականաբար, մեր մտքերը` ծանրաբեռնուած:
Հակառակ այդ վիճակին, տօն է այսօր: Տօն է, որովհետեւ` կը գոյատեւէ անկախութեան տօն կատարող ժողովուրդ մը, եւ կայ պատմահոգեբանական հարուստ աւանդ մը: Պատմական աւանդ, այսինքն` պատովն ու անոր պատումովը, հոգեբանական, այսինքն` յուսադրուած հոգիներու ղօղանջով եւ ազատութեան բուրմունքով:
Անկասկած կան տօնակատարութեան զանազան կերպեր: Կայ հրճուանքի եւ զուարճութեան կերպ, անկախ` նիւթէն ու առիթէն: Կայ նաեւ տօնական ազնիւ, ծանրակշիռ, նամանաւանդ արժանապատիւ կերպ, աւելին ` կայ հոգեկան յանձնառութիւն, ուր տօնականը կը տարածուի մարդու ամբողջ էութեան վրայ, անոր մտքին, երեւակայութեան, հոգիին ու մարմնին մէջ: Մեր նշածը, մեր փնտռածը, այդ արժանապատիւն է` Սարդարապատի: Այո՛, ռազմավարութեան հարցերը անթիւ են, եւ նիւթերը` բարդ: Սակայն կան քաղելիք խոր դասեր բոլոր ժամանակներուն համար:
Ծանօթ է մեզի, որպէս հաւատքի աշակերտներ, թէ բուն վախազդուն մարմինը սպաննողը չէ, այլ հոգին կործանողը: Այո՛, մարմինը ունի բարձր արժէք, բայց գաղտնիքը հոգիին մէջ է: Անձը ունի մարմին, պետականութիւն մը ունի հող, սահման ու սահմանադրութիւն, ազգ մը ունի շօշափելի քաղաքակրթութիւն ու մշակոյթ, իսկ բոլորին անսակարկ պահպանութիւնն ու զարգացումը կենսական են մեր ինքնութեան սիրոյն: Բայց նամանաւանդ գիտենք, թէ այդ բոլորին խորքին մէջ կայ ոգի, աւելի ճիշդը` հոգի, ուրեմն հոգիի ու հոգեկանի անկումով, ի վերջոյ պիտի կորսուի ու կործանի ամէն թագաւորութիւն, եւ սնանկանայ ամէն շարժական ու անշարժ կալուած: Ընտանիքներ կը կործանին սիրոյ պակասէն, եկեղեցիներ կը նուաղին հաւատացեալներու ջերմեռանդ աղօթքի բացակայութենէն, միութիւններ կը թուլնան անդամներու նուիրումի պակասէն, քաղաքներ կը խռովին քաղաքացիներու օրինազանցութենէն, իշխանութիւններ փուլ կու գան պատասխանատուներու տեսիլքի պակասէն, պատեր կը ճեղքուին արմատներու թուլութենէն կամ միաւորող նիւթերու տկարութենէն, բանակներ կը կորսուին ղեկավարի անխոհեմութէնէն կամ զինուորներու անփթութենէն, եւ շարժումներ կը հալին պատեհապաշտներու շահախնդիր երազներէն:
Մշտապէս ստեղծողն ու յաղթանակողը նախ հոգեկանն է, թէեւ միջոցները կրնան ըլլալ մարմնային, տնտեսական, գիտական, քաղաքական կամ ռազմական: Հայ ժողովուրդը այս բոլորին ծանօթ է մարտիրոսութեան ու արեան գնով:
Այսօր, ինչպէս յիշեցինք, տօն է յաղթանակի: Ուստի խօսինք գալիք յաղթանակներու եւ անոնց պայմաններու նիւթով: Անցեալին, նոյնիսկ 1918-ին, կային աննպաստ գործօններ, որոնք մեր կամքէն կախեալ չէին, եւ կան գործօններ այսօր, որոնք դարձեալ մեզի նպաստաւոր չեն:
Մենք մտածենք այն բոլորին մասին, որոնք իրապէս ՄԵԶՄԷ կախեալ պիտի մնան:
Խօսինք ազատութեան եւ անկախութեան մասին:
Սարդարապատով սորվեցանք սահման դնել ոսոխին, որովհետեւ մեզի տրուած բաժինը կատարեցինք ճիշդ ժամանակին, համոզումով, անկախութիւն կերտելու բազմակողմանի ջանքերով եւ սրտաբուխ նուիրումով: Մեր ժողովուրդը, թէեւ խստօրէն կոտորուած ու տեղահանուած, դարաւոր ծարաւը ունէր ազատութեան: Անշնչացած չէր հայու կամքը, զիջած չէր անոր պատմական երազը:
Պտուղը` այդ օրերու հնարաւորութիւններով ազատութեան եւ անկախութեան իրագործումն էր:
Երկիր եւ ազատութիւն:
Երկրագունդին վրայ կան լայնատարած դաշտեր, լեռներ ու ձորեր, որոնք բնակեցուած չեն մարդ արարածներու կողմէ: Շատ տեղերու մէջ տիրութիւն կատարող ալ չկայ: Սակայն, անբնակ տարածքի մը տիրանալը չի նշանակեր ազատութիւն:
Հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն, պատմական փորձն ու գործը, սխրագործութեան ու մարտիրոսութեան օրինակները, ջանքի ու ստեղծագործութեան մշակոյթը, միասնական կամքն ու հաւատքով տեսիլք կերտելու եւ ապահով ու միահամուռ հաւաքականութիւն ստեղծելու եւ այլոց հետ պատիւով ու կշիռով յարաբերելու ու փոխանակումի առիթները… Ասոնք են ազատութեան գրաւականները:
Ժողովուրդ եւ անկախութիւն:
Մարդկային ընկերութեան մէջ կան քմահաճ կերպով գործող անհատներ, որոնք ամէն օրուան հետ կը փոխեն տրամաբանութիւն ու վարուելակերպ: Անզուսպ կեանքը, սակայն, հաւասար չէ անկախութեան: Անկախը ինքնագլուխը չէ, անհաստատը չէ, այլ լրջօրէն յանձնառուն է` ըլլայ այդ պետութիւն թէ անհատ: Անկախը բոլորին համար գործողն է, բոլորին ազատ ու պատուաբեր ապագայ կերտողն է: Անկախը սրտանց ծառայողն է:
Մարդկային ազատութիւնն ու պետութիւններու անկախութիւնը կը յատկանշուին բարձրօրէն մշակուած արժէքներով եւ հաւատալիքներով: Մարդոց եւ հաւաքականութիւններու անկախութեան մակարդակը կը չափուի կեանքի, հաւաքական կեանքի, պատիւի եւ զարգացումի կշիռներով: Թշնամիներ հաշուի կ՛առնեն զիրար ոչ միայն թիւերու կամ զօրքերու առաւելութիւններով, այլ նաեւ դիմացինին ներքին բարոյականով, ամրացնող արժէքներով, համաշխարհային համակարգին մէջ գործունէութեամբ, ժողովուրդի վայելած անկաշկանդ զարգացումով:
Եսն ու իմսը կեանքի մէջ ունին որոշ բաժին: Սակայն մենքն ու մերը կ՛որոշեն ապագան: Նոյն դասին քաջ ծանօթ ենք նաեւ Լիբանանի մեր ճգնաժամին մէջ: Մարդ կը մնայ թերզարգացած վիճակի մէջ, եթէ ընտրէ այսօրուան իր շահաբաժինը, փոխան կայուն ապագայի, ամբողջ երկրի ու ազգի, բոլորին հասարակաց բարօրութեան:
Սարդարապատի յաղթանակը միայն բարոյական դաս չէ: Այսօրուան հայրենի հողին եւ հանրապետութեան հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները բնական շարունակութիւնն են նաեւ Սարդարապատի ձեռքբերումներուն եւ անոնց հետեւող պտուղներուն:
Ազատութեան հետ ունինք մշտական ժամադրութիւն: Ըլլանք միշտ պատրա՛ստ դիմաւորելու իսկական ազատութեան ամէն առիթ, պատրաստուինք եւ պատրաստենք: Ըլլանք միշտ պատրաստ ստեղծելու առիթներ եւ օգտուելու ամէն զարգացումէ` ամրապնդելու համար մեր հայրենի անկախութիւնը: Միշտ պատրաստ ըլլանք նուիրուելու` խոհեմութեամբ ու քաջութեամբ, երբ ասպարէզը բացուի:
Այս անկախութեան տօնի նշման օրը ո՞րքան բան կրնանք փոխել կացութիւններուն մէջ` պիտի հարցնենք: Պատասխանը` շատ բան: Շատ բան, եթէ ինքնագիտակից ջանքով, համազգային անանձնական կեցուածքով ամրապնդենք մեր ներքին տունը, մեր արժեչափերը, պետական, համայնքային, անձնական:
Ապագան չի պատկանիր պարզ յաջողակներուն: Ապագան կը պատկանի ուրբաթ օրուան մէջ կիրակիին հաւատացողներուն, ապրիլի մէջ մայիսին սպասողներուն, անկման պահուն վերականգնում ծրագրողներուն: Միամիտ կամքով, բայց սրամիտ գործով: Այսպէս է ոչ միայն մեր հաւատքը, այլ նաեւ մեր դարաւոր պատմութիւնը: Ըլլանք պատրաստ` պատմութեան նոր էջերուն եւ պահենք անկեղծութիւնը մեր սրտերուն, հարուստ ինքնութիւնը նոր սերունդներուն:
Թող Աստուած գօտեպնդէ հայն ու հայրենիքը, կենսունակ պահէ մեր հոգին, որպէսզի պատուաբեր նուիրուածութեամբ պատրաստուինք բոլոր մակարդակներու պայքարներու եւ յաղթանակներու:
Եւ պիտի ծագի նոր արեգակ: