Յոյն իմաստասէր Սոկրատի՝ Ծանիր Զքեզ արտայայտութիւնը անհատներու չի վերաբերիր լոկ: Ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ հասարակական որեւէ համակարգի համար յոյժ անհրաժեշտ է ինքնաճանաչումն ու ինքնագնահատումը, որոշելու, հասկնալու համար յատկութիւնները, կարողութիւնները, կարելիութիւնները, իր ուժերը ու տկարութիւնները եւ մանաւանդ խոցելի կողմերը: Այս անհրաժեշտութիւնը աւելի կ’արժեւորուի, մանաւանդ երբ որեւէ նախաքայլի նախօրէին յատուկ քննարկենք մեր քայլին նպատակը, նպատակայարմարութիւնը եւ անոր հետեւանքները:
Երբ կը թերթենք հայոց պատմութեան էջերը, իսկոյն կը նշմարենք որ հայ ժողովուրդը մինչեւ օրս, իր հին ու նոր ձախողութիւններու, պարտութիւններու եւ կորուստներու պատճառները մեծամասնութեամբ՝ տեսած է իրմէ դուրս՝ արտաքին երեւոյթներու մէջ եւ յատկապէս ուրիշներու վերաբերմունքի, արարքներու եւ գործունէութեան մէջ: Հայ ժողովուրդը հազուադէպօրէն միայն, այն ալ շատ հազուադէպ փորձած է իր մէջ փնտռել գտնելու համար իր բազմաթիւ պարտութիւններուն եւ կորուստներուն հիմնական պատճառները: Դժբախտաբար մեր մէջ այն հոգեբանութիւնը արմատացած է, թէ մեր դժբախտութիւններուն հիմնական պատճառները օտարներն են կամ՝ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմանները: Այս տեսութիւնը կամ ինքնարդարացումը կրնայ մօտ ըլլալ տրամաբանութեան, մասամբ՝ համոզիչ, սակայն արդեօ՞ք միշտ արտաքին դրդապատճառներու հետեւանք են մեր դժբախտութիւնները: Ոմանք նոյնիսկ կը զգուշանան խօսելու այս մասին, կարծիք արգիլուած նիւթերու շարքին դասուած ըլլար ան…:
Պարզ օրինակ մը եւ համեստ հարցադրում մը, բաւարար է բացայայտելու, թէ այնքան ալ համոզիչ եւ առարկայական պիտի չըլլան մեր տեղատուութիւնները այլոց վերագրելու պատճառաբանութիւնները. Հայոց Ցեղասպանութենէն մօտաւորապէս 99 տարիներ ետք տակաւին կը զլանանք իրաւական հարթութեան վրայ ըստ պատշաճին ներկայացնելու հատուցման մեր իրաւունքները, չըսելու համար՝ Ցեղասպանութեան թղթածրարը: Ամենապարզը՝ տակաւին անորոշ կը մնայ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը, ուր մնաց օտարներու կարծիքը: Եր՞բ սկսաւ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը. 1895-ի՞ն, 1908-ի՞ն, 1915-ի՞ն, 1918-ի՞ն…: Ինչպէ՞ս գնահատել եւ սահմանել անոր հետեւանքները: Աւարտա՞ծ է արդեօք Հայոց Ցեղասպանութիւնը…: Ինչո՞ւ չենք քննարկեր հատուցման թղթածրարը: Երբեւիցէ հաշուետուութեան ենթարկա՞ծ ենք մենքզմեզ, կշիռքի նժարին վրայ դրա՞ծ ենք մեր իրագործումները եւ բացթողումները…: Բեմերէն կը խօսինք ու կը ճառենք, սակայն քաւ լիցի, ոեւէ մէկը եթէ խօսի բացթողումներու մասին: Ինչո՞ւ կը թերանանք ազգային այս գերագոյն պարտականութեան հանդէպ… օտարներն են հաւանաբար խանգարողները…:
Դժբախտաբար, հայ ժողովուրդը հազուադէպօրէն իր ձախորդութիւններուն, կորուստներուն եւ նահանջներուն պատճառները փնտռած է ազգային հոգեբարոյական վիճակի, նկարագիրի, ըմբռնումներու եւ իր անհատական ու հաւաքական վերաբերմունքին մէջ:
Այս առումով, խիստ կարեւոր է որ մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս մեր պետականութիւնն ու մտաւորականութիւնը թէկուզ ուշացումով անդրադառնան եւ համապատասխան լրջութեամբ, առարկայական եւ պետական մօտեցումով ուսումնասիրեն, վերլուծեն եւ բացայայտեն, թէ արդեօք վերոյիշեալ իմաստով՝ մեր ազգային հմտութիւնը, ունակութիւնը, իրատեսութիւնը եւ վերաբերմունքը որքանո՞վ օգնած են, կամ՝ կ’օգնեն եւ արդեօ՞ք բաւարար են լուծելու համար մեր ազգին առջեւ ծառացած կենսական խնդիրները: Առաջին հերթին բաւարարեն, երաշխաւորելու հայութեան ֆիզիքական եւ ներկայ Հայաստանի տարածքային անվտանգութիւնը, տնտեսական զարգացումը եւ անոր անհրաժեշտ հոգեմտաւոր բարձր մակարդակը:
Մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին ազգային պետականութենէ զրկուած ըլլալով, գտնուած է ազատազուրկ վիճակի մէջ եւ ենթարկուած երկարատեւ հալածանքներու, ճնշումներուն ընդհուպ իր կարեւոր մէկ հատուածին եղենագործման ու աշխարհասփիւռ կեանքին՝ տարբեր երկիրներու կրօններու, մշակոյթներու, լեզուներու, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններու տակ:
Պարզորոշ է, որ երկարատեւ այս իրավիճակը բացասական ազդեցութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդին նկարագրին ու հոգեբանութեան վրայ, մանաւանդ անոր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ազգային քաղաքացիական ինքնագիտակցութեան, պետական մտածողութեան ընկալումին վրայ: Վերոյիշեալ իրողութիւնը ժխտական անդրադարձ ունեցած է մեր ժողովուրդին վրայ, մեզի զրկելով բազմաթիւ չափանիշներէ, յատկապէս իբրեւ հաւաքական կազմակերպուած ուժ ներկայանալու եւ հաւաքական շահերու պաշտպանութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններնէն:
Այս կացութենէն դուրս գալու եւ իրավիճակը յեղաշրջելու համար կենսական պահանջ է , որ հայ ժողովուրդը վերաճանչնայ, վերագնահատէ իր կարողութիւնները, իր բարոյահոգեբանական ներաշխարհէն դուրս բերէ այն բոլորը, որոնք անոր պարտադրած են տիրակալներ, բռնակալներ, կեղեքիչներ՝ կենսազրկելու համար անոր՝ ազատ, գերիշխան եւ իբրեւ պետականութիւն ապրելու իրաւունքէն եւ տեսլականէն: Այլ խօսքով՝ բարգաւաճելու, հզօրանալու եւ անվտանգ ապրելու ձգտումէն: Այս առումով, մեր ժողովուրդին համար ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենայ դէպի արմատ վերադարձը, ազգային, տոհմիկ, հարազատ կերպարին վերադարձը, անոր ազգային հաւատամքին ճանաչումը, բարոյական արժէքներու վերականգնումը, որոնք միաժամանակ մարդկային բարձրագոյն արժէքներ են: Անհրաժեշտ է վերապրիլ, գործադրել զանոնք մեր ամենօրեայ կեանքէն ներս՝ անձնական, ընտանեկան, ընկերային եւ ազգային յարաբերութիւններու մէջ:
Համոզուած ենք, որ ինքնաճանաչումի հրամայականը, այլ կէտերու կողքին, մեր ժողովուրդը պիտի խնայէ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ տակաւին անվտանգութեան նոր արկածախնդրութիւններէ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ