Երէկ` 22 նոյեմբեր 2021-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան ընդունած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող քաղաքական-անվտանգային իրավիճակը եւ անոր վերաբերեալ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտին մէջ ձեւաւորուած դիրքորոշումը: Հանդիպումին խօսուած է նաեւ Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական ճգնաժամային իրավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ հայ համայնքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Կողմերը քննարկած են երկուստեք մտահոգող հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մակարդակի վրայ Հայաստան-Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ջանքերու աւելի արդիւնաւէտ գործադրման կարեւորութիւնն ու կարելիութիւնները: