Հիւսիսային Իռլանտայէն 64-ամեայ Փոլ Մանուկը վստահ է, որ իր մեծհայրը սպաննուած եւ հողին յանձնուած է հայկական եղբայրական գերեզմանին մէջ: Տղամարդը բրիտանական եւ իռլանտական կառավարութիւններուն կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու ցեղասպանութեան զոհերը: Այս մասին կը գրէ News.am-ը` վկայակոչելով «Coleraine Times»-ը:
Անոր խօսքով, շուրջ մէկ դար առաջ ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող գիւղերէն մէկուն մէջ իր մեծհօր` Մանուկ Տիշչէքենեանին, այլ տղամարդոց հետ ներառած են շարասեան մէջ, եւ անկէ ետք անոնց ոեւէ մէկը չէ տեսած: Փոլ Մանուկի կարծիքով, անոնց ողբերգական ճակատագիր բաժին հասած է, կը գրէ armeniangenocide100.org -ը:
«Ես կը զգամ, որ օսմանեան զինուորները բոլորին սպաննած են ու թաղած եղբայրական գերեզմաններուն մէջ»,- ըսած է Փոլ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իր մեծմայրը անմիջապէս հասկցած է ամէն ինչ ու որդիին եւ չորս դուստրերուն հետ փախած է գիւղէն: «Իմ հայրս վերապրած է ցեղասպանութիւնը: Ան 6 տարեկան եղած է,- նշած է ան:
Իռլանտայի մէջ ՄԱԿ-ի նախկին զինուոր եւ խաղաղութեան շարժման գործիչ Էդուարդ Հորկանն ալ յայտարարած է, որ Տուպլինի մէջ յատուկ խումբ մը ստեղծուած է` այս հարցը աշխուժօրէն բարձրացնելու համար:
Փոլ կ’ենթադրէ, որ Մեծ Բրիտանիան Հայոց ցեղասպանութեան թեմային չի ցանկար անդրադառնալ աշխարհաքաղաքական նկատառումներէն ելլելով: «Իսկ իռլանտան, ամենայն հաւանականութեամբ, կը հետեւի Լոնտոնի օրինակին, քանի որ այն փոքր երկիր է, եւ անոր Բրիտանիոյ հետ շատ բան կը կապէ»,- աւելցուցած է Փոլ Մանուկ: