Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանի գրականութիւնը ընթերցողներուն հասանելի պիտի դառնայ ելեկտրոնային սպասարկման միջոցով, որ պիտի մեկնարկէ 2013 Յունուարին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` զրուցելով գրադարանի տնօրէն Յասմիկ Կարապետեանի հետ: Ըստ վերջինիս` ելեկտրոնային սպասարկման միջոցով ընթերցողը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեղեկանալու իրեն անհրաժեշտ գրականութեան առկայութեան, բացակայութեան կամ գիրքի վերադարձման վերջնաժամկէտին մասին` խնայելով ժամանակը:
«Յատուկ server-ի միջոցով իւրաքանչիւր ընթերցող կ’ունենայ մուտք գրադարանի էլեկտրօնային տիրոյթ, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ տանը նստած ընթերցել կամ պատուիրել այն գրականութիւնը, որն անհրաժեշտ է»,- ըսած է Կարապետեանը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ գրադարանի այս ծառայութենէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է ներկայանալ գրադարան, արձանագրուիլ եւ համապատասխան գաղտնաբառ ստանալ:
Ելեկտրոնային սպասարկումը սկզբնական շրջանին պիտի կիրառուի փորձնական տարբերակով: Գրադարանի ելեկտրոնային սպասարկման անցումը իրականացած է Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաներու գիտական ուսումնարանին կողմէ: Ուսումնարանի մշակած «Ել գրադ» գրականութեան թուայնացման ծրագիրը մեկնարկած է 2004-էն` այս ընթացքին թուայնացնելով շուրջ 200.000 էջ գրականութիւն:
«Թուայանացուած գրականութեան «Ոսկէ շղթան» են կազմում դպրոցական գրականութիւնը, յատուկ տեսողական խնդիրներ ունեցող մարդկանց համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնները»,- իր հերթին նշած է ուսումնարանի տնօրէնի տեղակալ Արման Քուչուկեան` աւելցնելով, որ այս ծրագրի իրականացումը կը գտնուի նաեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին:
Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ ընթերցողներուն ընձեռուած է համակարգիչէն եւ համացանցէն օգտուելու անվճար հնարաւորութիւն: Ուսանողներուն հետաքրքրած թեմաներուն շուրջ աշխատակիցները մասնագիտական յատուկ կայքերու յղումներ կը տրամադրեն անոնց` աւելի մատչելի եւ օգտակար դարձնելով աշխատանքը:
Ամենամսեայ վիճակագրութեան համաձայն` Աւ. Իսահակեանի ընթերցողներու թիւը շուրջ 35.000 է, որ անցեալ տարուան համեմատ աճ արձանագրած է: