Մինաս Գոճայեան
Համոզուած եմ՝ ՌԴ-ն եւ իր հայաստանեան մանկլաւիկները հայերը իրարու դէմ հանելու նոր հնար մըն ալ յառաջ բերին: Նման բաներու մէջ նշանաւոր են ԲՈԼՈՐ կայսերական ուժերը ԲՈԼՈՐ ժամանակներու մէջ:
Ինծի համար այլեւս կասկածէ վեր է որ Կրեմլինի բռնատէրերը «Իսկանդար-միսկանդար»ի խնդիր մըն ալ նետեցին մէջտեղ, որպէսզի միջակութեան մարմնացում մեր իշխանութիւնները, ընդդիմադիր կոչուած բախտախնդիրները եւ անոնց միամտաբար հետեւող բազմաթիւ խաբուածներ, վշտահարներ ու յուսալքուածներ իրարու իյնան:
Այսպէս մտածելուս համար վերջին 24 ժամերուն ստացած լուրերուս համաձայն զանազան եւ բազմալեզու լրատուութիւններէն այն է, որ ՌԴ իշխանութիւնները չեն ուզեր (եղեր) ՀՀ-ի մէջ տիրող այս խառնակ կացութեան միջամտել: Ինչո՞ւ միջամտել, երբոր մեր հայրենիքը՝ «պզտլիկ» «Արմյանսկի ռեսպուբլիկա»ն աւելի՛ պիտի խրուի ճահիճի խորքը, աւելի՛ պիտի քաոսանայ երկիրը եւ ՌԴ-ին նոր առիթ մը եւս պիտի ներկայանայ այս անգամ երկու ափերու մէջ առնելու մեր երկիրը, եւ ասոր պիտի ըսեն՝ Ռուսական «խաղաղապահ ուժերը» միջամտեցին եւ զինադադար հաստատեցին…(Շաաա՜տ երախտապարտ ենք «դավարիշչի»): Հակառակը թող ապացուցեն ինծի պէս չմտածողները:
Վերջիններէս կը խնդրեմ նաեւ որ չհամարձակին զիս ԱՄՆ-Արեւմտամէտ յորջորջել: Իսկական բարեկամը (եթէ ՌԴ-ն էր…) վաղու՜ց այնպէս չէր վարուեր ինչպէս վարուեցաւ մեզի հետ: Ստորութիւնը հոն է, որ հակառակ այն իրողութեան որ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը աւանդաբար, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին առնուազն հակա-ռուս չէ եղած, ուր որ ռուս մը տեսած է՝ հարազատի պէս մօտեցած է:
Այսօրուան Ռոսաստանը կարծես կուրացած է, կա՛մ չի տեսներ կամ չ’ուզեր տեսնել ինչ որ բաներ: Աստուած փրկէ վաղուան Ռուսաստանն ու ՀՀ-ն:
Բարի եկար նեո-ցարականութիւն: