ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը 17 Մայիսին հաղորդեց, որ ի պատասխան Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ վերջին քննադատութիւններուն, Իսրայէլի խորհրդարանի մեծ թիւով անդամներ պատրաստակամութիւն յայտնած են սատարելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նորագոյն արշաւին։
Նախաձեռնութեան հեղինակը ընդդիմադիր «Սիոնական ճամբար» դաշինքի առաջնորդ Իցիկ Շմուլին է. նախաձեռնութեան ցարդ միացած են 50է աւելի պատգամաւորներ, իսկ անոր ի նպաստ արտայայտուած են կառավարութեան ազդեցիկ անդամներ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի փոխադրական հարցերու եւ հետախուզութեան նախարարը:
Իսրայէլեան «Ռեքա» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Շմուլի ըսած է, որ պատգամաւորները մտավախութիւն ունին, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, ապա աւելցուցած է. «Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ այս հարցը իրեն չ՛առնչուիր, այլ հակադարձութիւն մըն է այն իրողութեան, որ Էրտողան քաղաքական լայնածաւալ պատերազմի մը սկսած է Իսրայէլի դէմ եւ մեզի այլընտրանք չէ ձգած»:
Միւս կողմէ, այս արշաւը դատապարտուած է նախկին պատգամաւոր Եոսիֆ Շակալի կողմէ, որ պնդած է, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը վնաս պիտի հասցնէ Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն։