ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երբ ատրպէյճանական բանակը գովազդային տեսահոլովակով կը ցուցադրէր 18էն 22 Սեպտեմբեր 2017 տեղի ունեցած զօրավարժութիւններուն ընթացքին իր կիրարկած զինատեսակները, դիտողները նկատեցին չեխական արտադրութեան ռազմական արհեստագիտութիւն, որոնց շարքին՝ 18 քմ. հեռահարութիւն ունեցող «Տանա» ինքնագնաց «հաուպիս»ներ եւ 20 քմ. հեռահարութիւն ունեցող Rm-70 հրթիռային կայանքներ:
Սկիզբը յայտնի չէր, թէ այդ զէնքները ինչպէ՛ս հասած էին Պաքու՝ նկատի ունենալով, որ Չեխիոյ Հանրապետութիւնը արտօնութիւն չէր տուած իր արտադրողներուն՝ նմանօրինակ զէնք վաճառելու Ատրպէյճանին: Համաձայն Չեխիոյ օրէնսդրութեան՝ արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները պէտք է հաստատեն արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան առաջարկած զէնքի վաճառքի վերաբերեալ դիմումները:
Նոյն ժամանակ, Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) յանձնարարած են, որ իրենց անդամ երկիրները զէնք չմատակարարեն Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ Արցախեան հակամարտութեան պատճառով:
Բացի այդ, Ատրպէյճանի զէնքի վաճառքը կրնայ խախտել ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ 29 Յուլիս 1993ին ընդունուած թիւ 853 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ընէր անդամ պետութիւններուն՝ «ձեռնպահ մնալու մատակարարելէ որեւէ տեսակի զէնք եւ զինամթերք, որոնք կրնան յանգեցնել (Ղարաբաղեան) հակամարտութեան խորացման եւ տարածքներու շարունակական գրաւման»: Արդէն քանի մը երկիրներ խախտած են Անվտանգութեան խորհուրդի այս բանաձեւը, ներառեալ՝ Իսրայէլ, Թուրքիա, Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Փաքիստան:
Իբրեւ պատասխան՝ Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Եան Պէյշեք յայտարարեց. «Նախարարութիւնը չէ հաստատած զէնքի որեւէ տեսակի արտածում դէպի Ատրպէյճան»: Մինչ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Իրէն Վալենթովա Փրակի «Տէյլի Մոնիթոր» (Daily Monitor) թերթին յայտնեց. «Թոյլտուութիւն չէ տրուած ռազմական արհեստագիտութեան դէպի Ատրպէյճան արտածման, իսկ 2016-2017ին մերժուած են արդիականացուած «Տանա Մ1» «հաուպիս»ներու եւ RM-70 հրթիռային կայանքներու արտածման որոշ արտօնութիւններ, եւ Եւրոպական Միութեան գործընկեր երկիրները տեղեակ պահած են այդ մերժումէն»:
«2016ին Ատրպէյճան Չեխիոյ Հանրապետութենէն գնած է մէկ միլիոն եուրօ արժողութեամբ ոչ մահացու զէնք, որ երեք անգամ քիչ է՝ երեք տարի առաջ ձեռք բերուածէն», կը հաղորդէ «Հոսփոտարսքէ Նովինի» (Hospodarske Noviny) թերթը:
Նախապէս, երբ Ատրպէյճան փորձած էր զէնք ներածել Չեխիայէն, ռազմական այսպիսի առաքումներու համար թոյլտուութիւնը մերժուած էր:
«Չեխիոյ իշխանութիւններն ու գաղտնի ծառայութիւնները կ՛ուսումնասիրեն, թէ չեխական զէնքերը ինչպէ՛ս հասած են… Կովկաս», կը հաղորդէ «Տէյլի Մոնիթոր» թերթը:
Նոյն ատեն, «Սլովաք Սփեքթէյթըր» (Slovak Spectator) թերթը 17 Ապրիլ 2018ին բացայայտեց հետեւեալը. «Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլավայի օդակայանը օգտագործուած է իբրեւ տարանցիկ կէտ՝ չեխական հրթիռային կայանքները եւ «հաուպիս»ները մաքսանենգ ճանապարհով Ատրպէյճան հասցնելու համար…: Կը հաղորդուի, որ զէնքը արտադրուած է Czechoslovak Group Holding-ի կողմէ, որուն սեփականատէրը չեխ գործարար Եարոսլաւ Սթրնատն է, ըստ Չեխիոյ հեռատեսիլին…»: Սլովաքեան զէնքի արտադրութեան MSM ընկերութեան աշխատակիցներէն մէկը պատմած եւ նկարագրած է, թէ ինչպէս հին զէնքերը վերանորոգուած են Սլովաքիոյ Թրենչին քաղաքի իրենց գործարանին մէջ, իսկ ապա Իսրայէլի միջոցով տեղափոխուած Ատրպէյճան, կը հաղորդէ TASR-ը:
MSM ընկերութեան պաշտօնեան, ըստ Սլովաքիոյ TASR լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութեան, Չեխական հեռատեսիլի ընկերութեան լրագրողներուն ըսած է. «Ամբողջ գործընթացը կը սկսի «Տանա» տեսակի հին «հաուպիս» բերելով, որ ընկերութեան կողմէ մասերու կը բաժնուի…: Նոր սարքաւորումները, ներառեալ՝ նաւարկումի, տեսախցիկային եւ կապի համակարգեր, կը ղրկուին Իսրայէլէն: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք պայմանագիր ստորագրած են 18 «հաուպիս» եւ 15 հրթիռային կայանքներ այս տարի, եւ նոյն քանակութեամբ յաջորդ տարի մատակարարելու վերաբերեալ…: Ընկերութիւնը հաստատած է «Տանա Մ1» եւ RM-70 համակարգերու մատակարարումը Իսրայէլի»:
«Սլովաք Սփեքթէյթըր»ը նոյնիսկ արձանագրած է զէնքի այսպիսի տեղափոխում տեսախցիկներու միջոցով, ինչ որ կը հաստատէ զէնքի առաքումը Իսրայէլ եւ այնտեղէն՝ մաքսանենգ ճանապարհով դէպի Ատրպէյճան: «Հրթիռի մը տեղափոխումը իրականացած է 27 Դեկտեմբեր 2017ին, Թրենչինէն դէպի Պրաթիսլավայի օդակայան, ուր անիկա տեղափոխուած է ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւններու պատկանող «Սիլք Ուէյ» (Silk Way) օդանաւով: Այնուհետեւ օդանաւը մեկնած է Թել Աւիւ՝ Իսրայէլ, ուր կը գտնուի «Էլպիթ» ընկերութիւնը, որ ներկայացուած է որպէս վերջնական սպառող», կը տեղեկացնէ «Սլովաք Սփեքթէյթըր»ը: Աղբիւրը նաեւ պարզած է, որ օդանաւը շարունակած է իր ճամբան դէպի Պաքու, Ատրպէյճան:
«Իսրայէլի մէջ օդանաւէն բան դուրս չէ եկած, այլ օդանաւը Իսրայէլ կանգ առած է միայն փաստաթուղթերու ճշդման համար», Չեխիոյ հեռատեսիլին ըսած է MSM-ի պաշտօնեան: «Օդանաւը Իսրայէլի օդակայանէն ուղիղ թռիչք կատարած է դէպի Ատրպէյճան», կը գրէ «Սլովաք Սփեքթէյթըր»ը:
Խորհուրդ կու տայի Հայաստանի պաշտօնեաներուն՝ անմիջապէս բողոքներ ներկայացնելու Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն՝ իրենց արտածման դրոյթները շրջանցելու, եւ ԵՄ, ԵԱՀԿ եւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ առաջարկած արգելքները խախտած ըլլալնուն դէմ:
Եթէ նման բողոքներ չներկայացուին, ապա այս երեք եւ շարք մը այլ երկիրներ կը խրախուսուին՝ Ատրպէյճան առաքելու աւելի մահաբեր զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին հայ զինուորներ եւ քաղաքացիներ սպաննելու եւ վիրաւորելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ