ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմէնիա»․- Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի ապահովութեան ուժերը միացեալ մարզումներ կատարեցին, հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը:
«Ատրպէյճանի ապահովութեան ուժերուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք անփոփոխ նուիրուածութեան եւ վճռականութեան համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Միացեալ մարզումներուն նպատակը եղած է ապահովական ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը եւ ամրապնդումը: