Երէկ երեկոյեան Իրանէն Պէյրութ ուղղուող իրանեան «Մահան» ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւերէն մէկը իսրայէլեան կործանիչներու կողմէ ենթարկուեցաւ խոչընդոտումի:
Իսրայէլեան կործանիչներ Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ, յատկապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի վերեւ, խոչընդոտեցին իրանեան ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւին թռիչքը, որուն հետեւանքով օդային ելեւէջը պատճառած են վիրաւորներ:
Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ «Մահան» ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւը էջք կատարած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, ուրկէ վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով տեղի ունեցածին, յայտարարեց, թէ տեղեկութիւններ կը հաւաքէ եւ կ՛ուսումնասիրէ արկածին հետ կապուած մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, թէ տեղեակ պահած է Իրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան (որ Միացեալ Նահանգներու շահերու ներկայացուցիչ կը նկատուի), թէ արկածի ենթարկուած իրանեան օդանաւի դէպի տուն վերադարձին ընթացքին, որեւէ վատ պատահարի պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Միացեալ Նահանգները: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն բովանդակութեամբ նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին: