Իտալական բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:
Իտալական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերի, դեսպանատան առաջին քարտուղար Էմմանուէլ Տանտրասի, Իտալական բարգաւաճման գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Լուքա Մասթիպիերի, Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Ալեսանտրա Փիերմաթիերի, իտալական «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց ներկայացուցիչներ, ներկայ էին նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան բարգաւաճման ծառայութեանց կեդրոնի տնօրէն Պերնատեթ Քրէյտի:
Քաղաքապետ Պօղոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի եւ շրջանի բնակչութեան դիմակալած տագնապներուն հետքերը` պահանջատիրական բողոքի շարժումներէն մինչեւ «Քորոնա» համավարակը եւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումն ու տնտեսական, կենցաղային ու կենսոլորտային տագնապները: Պօղոսեան նաեւ թուեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դիմակալած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները այս պայմաններուն մէջ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան` անոր նպաստած բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներուն վերացման գծով յատկացուցած օժանդակութեանց համար` մաղթելով երկարատեւ գործակցութիւն ծաւալել իտալական կողմին հետ:
Դեսպան Պոմպարտիերի իր գոհունակութիւնը յայտնեց «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց Պուրճ Համուտի մէջ գործելու ընտրանքին գծով: Ան յայտնեց, որ մարտահրաւէրները մեծ են եւ հասարակաց եզրեր կան` հաւաստիացնելով, որ քաղաքապետ Պօղոսեան Իտալական բարգաւաճման այս գործակալութեան մէջ պիտի գտնէ վստահելի գործընկեր մը: Դեսպանը նաեւ ընդգծեց, որ իտալական կողմը ճիգ պիտի չխնայէ նշեալ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման համար:
Իր կարգին, Լուքա Մասթիպիերի յայտնեց, որ Իտալական բարգաւաճման գործակալութեան տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան` մօտէն ծանօթանալու գործակալութեան եւ անոր գործակիցներուն: Ան խիստ լուրջ նկատեց քաղաքապետ Պօղոսեանի արծարծած մտահոգութիւնները` վստահեցնելով, որ իր գլխաւորած գործակալութիւնը պիտի գործակցի քաղաքապետութեան հետ` դիմակալելու եւ հարթելու համար դժուարութիւնները: Ան աւելցուց, որ կարգ մը հարցեր կը կարօտին տարբեր քաղաքական ու տնտեսական նախաձեռնութիւններու, բայց ընկերային, կենսոլորտային թէ բարգաւաճման հարցերուն գծով կարելի է գործակցաբար աշխատիլ` թեթեւցնելու եւ հարթելու համար անոնց հետեւանքները:
Իրենց կարգին, «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց կատարած վերակառուցման աշխատանքները` շնորհակալութիւն յայտնելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իր գործակցութեան եւ զօրակցութեան համար: Անոնք նաեւ պարզեցին դեռ եւս գործադրելիք իրենց վերակառուցման աշխատանքի ծրագիրները:
Ապա պատուիրակութեան անդամները քաղաքապետութեան պատասխանատուներուն հետ շրջեցան Պուրճ Համուտի փողոցները եւ մօտէն ծանօթացան յատկապէս այն փոքր հաստատութիւններուն, որոնք կը ստանան իտալական զօրակցութիւն եւ իտալական մարմիններուն յատկացուցած շինարարական եւ վերակառուցման անհրաժեշտ սարքերն ու կազմածները: Անոնք նաեւ այցելեցին նաւահանգիստի պայթումէն ետք իտալական օժանդակութեամբ վերակառուցուած երկու բնակարաններ եւ մօտէն տեղեկացան կատարուած աշխատանքներուն մասին: