Իտալացի սիրուած եւ աշխարհահռչակ դերասան Ճիւլիանօ Ճեմա ինքնաշարժի արկածի մը զոհը դարձաւ: 75-ամեայ դերասանը ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր ստացած վնասուածքներուն հետեւանքով մահացաւ:
Աւելի քան եօթ տասնեակ ժապաւէններու մէջ նկարահանուած Ճիւլիանօ Ճեմա իր ասպարէզը սկսած է 1958-ին: Հոլիվուտէն բազում հրաւէներ ստանալով հանդերձ նախընտրեց մնալ իր հայրենիքին մէջ: Առիթով մը ըսաւ.« Կրնամ մեծ համբաւի հասնիլ Հոլիվուտի մէջ, բայց պիտի կորսնցնեմ ընտանիքս ու զաւակներս…»: