ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պարտաւոր էինք աջակցիլ 10 Մարտին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւին. անտարբեր մնալը «անընդունելի պատասխանատուութեան բաժնեկցութիւն» պիտի ըլլար: Այս կարծիքը արտայայտեցին իտալացի պատգամաւորներ՝ «5 Աստղ» շարժման ներկայացուցիչ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ եւ «Լեկա» կուսակցութեան անդամ Սուզաննա Չեքարտի, որոնք պաշտպանած էին բանաձեւը:
Ըստ «Ակնեցիա Նովա» (Agenzia Nova) գործակալութեան` Քասթալտo նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն բռնի ուժով արմատախիլ ընել բնիկ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը»:
«Յուշարձաններ, միջնադարեան վանքեր, եկեղեցիներ, դամբարաններ. յարգանք չկայ թէ՛ ողջերուն եւ թէ մեռածներուն նկատմամբ: Անցեալը ջնջելով` Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն արդարացնել տարածաշրջանին համար իրենց մտածած ապագան, սակայն մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ տեղի ունենայ: Եւրոպայի խորհրդարանը պէտք է յստակ ըլլայ եւ խնդրէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն՝ անյապաղ վերջ դնելու այս բարբարոսական վանտալիզմին եւ սկսիլ տարածաշրջանին մէջ կառուցողական եւ ներառական երկխօսութեան», յայտնեց Մասիմօ:
Ան նշեց, որ իրենք կ՛աջակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան` դատապարտելով այդ առաքելութիւնը խոչընդոտելու՝ Պաքուի գործողութիւնները:
«Պատմութիւնը կարելի չէ վերաշարադրել ծաւալապաշտական նկրտումները արդարացնելու համար: Պարտաւոր էինք աջակցիլ այս բանաձեւին, որ ընդունուեցաւ ճնշող մեծամասնութեամբ եւ անիկա մեծ կարեւորութիւն ունի», եզրափակեց Մասիմօ:
Սուսաննա Չեքարտի նշեց, որ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան` եկեղեցիներուն, թանգարաններուն, նաեւ գերեզմանատուներուն հասցուած վնասը նպատակ ունի ջնջել ամբողջ ժողովուրդի մը դարաւոր յիշողութիւնը: Ան շեշտեց, որ անթոյլատրելի է համակերպիլ այս տարողութեան մշակութային ցեղասպանութեան: «Հայկական մշակոյթը արդէն անցեալ տարիներուն ենթարկուեցաւ իր պատմութեան հատուածներու համակարգուած ջնջումին, ինչպէս 2005 թուականին, երբ Նախիջեւանի Ջուղայի գերեզմանատունը մուրճով աւերուեցաւ. միջնադարեան տուֆի վրայ նրբօրէն փորագրուած հազարաւոր խաչքարեր մէկընդմիշտ վերացուեցան: ԵՈՒՆԵՍՔՕն պարտաւոր է, ինչպէս նշուած է մեր որդեգրած բանաձեւին մէջ, այցելել տարածաշրջանը, գոյքագրել եւ պահպանել ժառանգութիւնը: Անտարբերութիւնը անընդունելի մեղսակցութիւն է», ըսաւ Չեքարտի