Երկուշաբթի 18 Մարտ 2019-ին, Լացիօ Մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն մէջ խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն, անոնց պատմական ճշմարտութեան համար մղած պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումին։
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդէն, Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը, ներկայացուցած էր Լացիօ Մարզի Խորհրդարանի անդամ՝ Սերճօ Փիրոցցին, որ այս առթիւ Հայհամայնքին ուղղած իր նամակին մէջ յայտնեց թէ «այս քայլը պիտի հանդիսանայ ճշմարտութեան ու զօրակցութեան պարտաւոր ու անկեղծ արտայայտութիւն մը, ի նպաստ ազգի մը որ զոհ եղած է տեղահանութիւններու ու ահռելի ջարդերու»։
Տիար Փիրոցցի ապա յոյս յայտնած է, որ այս մէկը՝ երիտասարդներուն ու ապագայի սերունդներուն համար ըլլայ«ազդակ» մը, որպէսզի այդպիսի ոճիրներ երբեք չի կրկնուին։
Լացիօ Մարզը կը հանդիսանայ Իտալիոյ տարածքին մէջ 136-րդ խորհրդարանը, որ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։
Ընդհանուր ցանկին կարելի է ծանոթանալ այստեղ. http://www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricorda/