ՊԱՅՔԱՐ- 264
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
“Փափա Քիւնցլէր Եւ Հայերը” խորագրեալ յուշագիրքով, հեղինակը` Իտա Ալամէտտին, լիբանանցիի տիկին, կը ներկայացնէ իր հօր` Եագոպ Քիւնցլէրի կեանքն ու գործունէութիւնը, որ անգլերենէ թարգմանած է Թորոս Թորանեան եւ հրատարակուած “Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ”ի կողմէ թիւ 36, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, Լիբանան, 1999, միջակ չափի 190 էջ:
Հայոց Գողգոթայի օրերուն` 1915-ին, հեղինակը հինգ տարեկան եղած է: Երբ ան իր ծնողքին կենսագրութիւնը կը գրէ` հայ տառապանքին պատմութիւնը կու տայ, որուն ընթացքին ցաւալի արկած մը պատճառ կը դառնայ, որ Եագոպ Քիւնցլէր կորսնցնէ իր աջ թեւը: Այնուհետեւ հեղինակը կը ներկայացնէ Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայոց վիճակը Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի` զիրար խաչաձեւող շահերու լոյսին տակ: Իտա Ալամէտտին կ’եզրակացնէ, թէ իբր քաղաքական խաղերու արդիւնք ապրած հայոց տառապալի վիճակը կը մղէ Եագոպ Քիւնցլէրը հայ ժողովուրդին մէջ գործելու եւ ծառայելու:
Եագոպ Քիւնցլէր ծնած է 1871-ին, Զուիցերիոյ Ավենցել քանթոնի Հունտվիլ գիւղը: Ինը տարեկանին հայրը կը մահանայ եւ ան հօրեղբօր տունը կը փոխադրուի, ուր կ’օգնէ տան գործերուն եւ իր երկու փոքր եղբայրներուն հոգ կը տանի: Քանի մը ամիս ետք մայրն ալ կը մահանայ եւ ան մանուկ հասակին որբ կը մնայ, որմէ ետք իր միւս հօրեղբօր տունը կը փոխադրուի: Դպրոցական ժամերէ դուրս ան իր ատաղձագործ հօրեղբօր կ’օգնէ, ապա Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքը կը մեկնի: Սկիզբը իբր որմնադիր կ’աշխատի, որմէ ետք աւետարանական հիւանդանոցի մը մէջ իբր հիւանդապահ կը գործէ:
Եագոպ Քիւնցլէր վիրաբուժութեան հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ունենալով, մարդակազմութեան գիտութեան կը հետեւի, վիրաբուժական գործողութիւններու ներկայ կ’ըլլայ եւ անոնց վերաբերեալ գիրքեր կը կարդայ: Այնուհետեւ կը փոխադրուի Պազէլ քաղաքի քաղաքապետական հիւանդանոցը, ուր երիտասարդ բժիշկ Հերման Քրիսթին օգնականը կը դառնայ: Եդեսիոյ գերմանակական առաքելութեան հիմնադիրը` դոկտ. Եոհաննէս լեփսիուս 1895-ին երբ Պազէլ կը հասնի, Եագոպ Քիւնցլէրը իր քով կը կանչէ ու զայն Հալէպ կը ղրկէ` միսիոնարութեան միանալու համար: Հոն մէջ կը ծանօթանայ գերմանուհի Էլիզապէթ Պէնտըրին, որ չորս տարեկանին որբացած էր եւ մանկութիւնը Երուսաղէմի գերմանական որբանոցին մէջ անցուցած:
Եագոպ Քիւնցլէր Հալէպէն կ’անցնի իր ապագայ գործունէութեան վայրը` Եդեսիա, որու վաթսուն հազար բնակչութեան քսան հազարը հայ էր: Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցի պատասխանատուն էր նոյն տօքթ. Հերման Քրիսթը: Երբ ան Եդեսիա կը հասնի, բժիշկը երեք օրուան համար ճամբորդած կ’ըլլայ: Ստիպողական պայմաններու տակ հիւանդանոցին մէջ Եագոպ Քիւնցլէր իր առաջին յաջող վիրաբուժական գործողութիւնը կը կատարէ: Հիւանդանոցին դեղագործը` Սուրիական Բողոքական Գոլէճէն (ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան- Յ. Ի.) վկայուած հայ Աբրահամ էֆենտին էր:
1895-ի կոտորածներուն ատեն, երբ Աբրահամ էֆենտին քիւրտ հիւանդ մը բուժելու գացած էր քանի մը օրով, իր տան շրջանը թուրքերու կողմէ յարձակման կ’ենթարկուի: Վերադարձին Աբրահամ էֆենտի իր կինն ու զաւակները ողջ կը գտնէ բարեբախտաբար: Շատ հայեր կ’իսլամանան` վտանգներէ զերծ մնալու համար: Սակայն Եագոպ Քիւնցլէրի ջանքերով անոնցմէ շատերը իրենց քրիստոնէական հաւատքին կը վերադառնան:
Եագոպ Քիւնցլէր կ’որոշէ Եդեսիոյ որբացած հայ մանուկներուն համար որբանոց մը բանալ: Ան թրքական կառավարութեան Տիգրանակերտի ներկայացուցիչներուն կը դիմէ արտօնութեան համար: Մինչ այդ որբանոց մը բանալու կապակցութեամբ գերմանացիներուն եւ թուրքերուն միջեւ վէճ ծագած էր: Քիւնցլէր կը միջամտէ փորձելով այդ դժուարութիւնները հարթել եւ այդ ընթացքին գերմանական հիւանդանոցը կը զարգացնէ ու կը բարելաւէ: Ան անձամբ հիւանդապահուհիներ կը պատրաստէ: Հիւանդները զայն շատ կը սիրեն եւ անոր այցելութիւններուն կարօտով կը սպասեն: Բոլոր հիւանդները երախտագիտութեամբ դուրս կու գան հիւանդանոցէն:
Եագոպ Քիւնցլէր ամենէն դժուար գործերու ձեռնամուխ կ’ըլլայ ու կը յաջողի: Ան ճամբորդելու, վիրաբուժական գործողութիւններ կատարելու եւ արկածախնդրութեանց դիմելու մեծ հակում ունեցած է, նաեւ բոլորին, մանաւանդ քիւրտ երեւելիներուն հետ բարեկամ եղած է:
Եագոպ Քիւնցլէր հիւանդապահուհի Էլիզապէթ Պէնտըրի համակրած ըլլալով անոր մասին կը մտածէ: Ան կը նամակցի Էլիզապէթի հետ, երբ վերջինս արտասահման կը գտնուի: Նախապէս ժամադրուելով անոնք կը հանդիպին Պաղեստինի Եաֆա քաղաքը, ուր Էլիզապէթ միսիոնարական գործով կը գտնուէր: Իրարու հետ կը մտերմանան եւ կ’ամուսնանան Սաֆատ քաղաքին մէջ 1905-ին: Ամուսնական ամոլը Եդեսիա կը փոխադրուի: Էլիզապէթ տան գործերու կողքին գերմանական հիւանդանոցին մէջ կ’աշխատի իբր հիւանդապահուհի: 1910-ի վերջերը Քիւնցլէր զոյգը կը բախտաւորուի աղջիկ զաւակով մը` Իտա:
Եագոպ եւ Էլիզապէթ Քիւնցլէր բոլորին կ’օգնեն անսակարկ: Անոնք կ’որդեգրեն թշուառ եւ հիւանդ հայ աղջնակ մը` Վարդուհի-Ռոզան ու լաւ հոգ կը տանին անոր: Զայն իրենց տան մէջ խնամելէ եւ չափահասութեան հասցընելէ յետոյ, կ’ամուսնացնեն եդեսիացի հայ երիտասարդի մը հետ:
1908-ին Իթթիհատի Յեղափոխութիւնը մեծ հրճուանք կը բերէ ժողովուրդին: Թուրքերն ու հայերը, իսլամներն ու քրիստոնեաները իրարու հետ կը գրկախառնուին փողոցներուն մէջ: Ամէն կողմ եղբայրութիւն կը քարոզուի: Քրիստոնեաներուն կ’արտօնուի զինուորական ծառայութեան մտնել: սակայն խանդավառութեան ալիքը երկար չի տեւեր: Հայաստանի արեւմտեան հատուածի զանազան շրջաններուն մէջ քիւրտերը հայոց եւ ասորիներու վրայ կը յարձակին ու կը կոտորեն: Ատանայի եւ շրջակայքի մէջ թուրքերը 30 հազար հայեր կը ջարդեն: Ամբողջ տարի մը անհանդարտութիւն կը տիրէ: Երիտթուրքերու կառավարութիւնը ինքզինք կ’ամրացնէ ու օսմանցիութեան եւ համիսլամականութեան գաղափարները իրականացնելու կը ձգտի:
Եագոպ Քիւնցլէր ընտանեօք Հալէպ կ’երթայ 1909-ին եւ հոնկէ կը մտադրէ Զուիցերիա մեկնիլ: Հոն ան կ’իմանայ Ատանայի Ջարդերուն մասին: Քանի մը հայ հոգեւորականներ որոնք դէպի Ատանա կ’ուղղուէին հաւաքական հանդիպում մը ունենալու համար, հազիւ կրնան Օսմանիէյի աւետարանական ժողովարանը ապաստանիլ: Թուրք եւ քիւրտ ջարդարարները կը յարձակին ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ աւետարանական ժողովարանին վչայ ու կը հրկիզեն զայն: Միայն երկու հոգի մահէ կը փրկուի: Հոն զոհ կ’երթայ Եդեսիոյ հինգ հազարնոց ասորի համայնքին առաջնորդը, որ Եագոպ Քիւնցլէրի լաւ բարեկամն ու աշխատակիցն էր եւ վերջինս աղքատ ասորիներու համար դպրոց մը բանալու ձեռնարկած էր:
Երբ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը կը պայթի 1914-ին, Միսիոնարական Առաքելութեան տնօրէնը` տօքթ. Վիսշեր ընտանեօք Զուիցերիա կը գտնուէր: Ան մինչեւ 1919 չի կրնար Եդեսիա վերադառնալ: Քիւնցլէրները առանձին կը մնան եւ պատերազմի ընթացքին բոլոր գործերը իրենք կը վարեն հսկայական դժուարութիւններ դիմագրաւելով:
Թուրքերը Եագոպ Քիւնցլէրը Եագուպ էֆենտի կը կոչեն: Ան կը շարունակէ հիւանդներուն եւ որբերուն ծառայել: Ժանտատենդի համաճարակը տարածուած էր Եդեսիոյ մէջ: Նախապէս ժանտատենդէ բռնուած ըլլալով, Եագուպ էֆենտի կրնայ այդ հիւանդութեան դիմադրել եւ անկէ վարակուածներուն ծառայել, որ սկիզբը միայն հիւանդապահ մը ըլլալով կրցած էր բժիշկի մը փորձառութեան տիրանալ: Ան ինքնաշխատութեամբ եւ գիրքեր կարդալով բժշկական բազմաթիւ գործողութիւններ կը կատարէ, երբ դեղօրայքի պակաս ըլլայ դեղերը ինք կը պատրաստէ:
Այսպէս կ’անցնին պատերազմի չորս տարիները, որմէ ետք Եագոպ Քիւնցլէր կը վերակազմակերպէ որբանոցն ու հիւանդանոցը, սակայն երկար չի կրնար մնալ Եդեսիա: 1923-ին ան ընտանիքին եւ որբերուն հետ Լիբանան կը մեկնի, ուր կը շարունակէ ծառայել որբերուն եւ հիւանդներուն մինչեւ իր կեանքին վերջը: