10 Յուլիսին աւարտեցաւ իրանահայ երաժիշտ, երգահան Ռազմիկ Օհանեանի նոր ստեղծագործութեան ձայնագրութեան աշխատանքները:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ Իրանի հեռուստատեսութեան երաժշտական բաժինի պատուէրով գրուած մաեստրօ Ռազմիկ Օհանեանի «Իրան» ստեղծագործութեան բառերու հեղինակը Ալիռեզա Ղազուեն է, իսկ երգը կը կատարէ անուանի երգիչ Սալար Աղիլին:
Երաժշտական իւրայատուկ ոճով գրուած «Իրան» ստեղծագործութիւնը նախատեսուած է սիմֆոնիկ նուագախումբի, երգչախումբի եւ մենակատար թենոր ձայնածաւալի համար: Մաեստրոյի ստեղծագործութեան խորքին մէջ թաքնուած է անոր ազգային-հոգեւոր մտածողութիւնն ու երաժշտական հարուստ փորձը, որոնք ալ վճռորոշ նշանակութիւն ունեցած են անոր ստեղծագործութեան ամբողջացման գործին մէջ:
Մաեստրօ Ռազմիկ Օհանեան, խօսելով «Իրան» ստեղծագործութեան ոգեշնչման աղբիւրներու մասին, կ՛ըսէ. ««Իրան»-ը կը յիշեցնէ ազգանուէր իրանահայ երաժիշտներուն ու արուեստագէտներուն, ներառեալ` Ռուբիկ Գրիգորեանին, Համբարձում Գրիգորեանին, Լիւդուիգ Բազիլին, Արամայիս Աղամալեանին, Ելենա Աւետիսեանին եւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնք քալեցին ու անցան մեր պատմութեան էջերով, որոնց իւրաքանչիւրի կեանքը լի է ստեղծագործական փայլուն գործունէութեամբ»