Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ իր երկրին կարողութիւնները բաւարար են իւրանիոմի մինչեւ 90 առ հարիւր հարստացման համար: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
«(Իրանի հակառակորդները) կ՛ուզէին կանգնեցնել Ֆորտոյի հիւլէական կայանը, սակայն ատիկա տեղի չէ ունեցած: Հիւլէական ուժանիւթի մեր կազմակերպութիւնը կրնայ իւրանիոմ հարստացնել մինչեւ 20 առ հարիւր եւ 60 առ հարիւր: Եւ եթէ օր մը մեր հնոցի աշխատանքին համար 90 առ հարիւր հարստացուած իւրանիոմի պէտք ըլլայ, մենք կրնանք զայն արտադրել», ըսած է նախագահը:
Ռուհանի աւելցուցած է, որ Թեհրան չի պատրաստուիր Արաքի ծանր ջուրի հնոցէն հրաժարելու: