ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա»․- Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի ղեկավար Մոհամետ Ռեզա Փուր Մոհամմետի յայտնեց, թէ, նկատի ունենալով միջազգային առեւտուրին զարկ տալու շրջանին առաջնահերթութիւնը, պատրաստ է սահմանային շուկայ ստեղծելու Հայաստանի հետ:
«Եթէ Հայաստան եւս ունենայ սահմանային այդ շուկան ստեղծելու փափաքը, մօտիկ ապագային մենք կը յաջողինք զայն ստեղծել», Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ ան: