ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Սեյէտ Մեհտի Ֆարշատանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները 21 Դեկտեմբերին այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը` Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի ղեկավար Գէորգ Պապոյեանի ընկերակցութեամբ։
Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի հիմնադրութեան պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ պատմութիւնը Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ տեղադրուած երեք խաչքարերու, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի տարածքին հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներուն ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:
Իրանէն եկած պատուիրակութեան անդամները, որոնց կարգին էին նաեւ Իրանի խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորներ Արա Շավերդեան եւ Ռոբերթ Բեկլարեան, ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:
Անոնք նաեւ շրջագայեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: