ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 13 Հոկտեմբերին ընդունեց Իրանի գլխաւոր դատախազ Մոհամմետ Ճաֆար Մոնթազերիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սիմոնեան ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն, երկու երկիրներուն միջեւ զգալիօրէն աշխուժացած է քաղաքական երկխօսութիւնը, որ ամուր հիմք է տարբեր ոլորտներու մէջ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման։ Ան ունի այն համոզումը, որ Մոհամմեդ Ճաֆար Մոնթազերիի այցելութիւնը իր ներդրումը պիտի ունենայ երկկողմ բարեկամական կապերու ամրապնդման մէջ։
Փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման առումով, կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական գործակցութիւնը` Ալէն Սիմոնեան վստահեցուց, որ իբրեւ օրէնսդիր մարմինի ղեկավար` պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներու շահերէն բխող որեւէ նախաձեռնութեան իրականացման: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել խաղաղութեան, զարգացման, քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան օրակարգով առաջնորդուող երկիրներուն համար: Ըստ Սիմոնեանի՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման եւ կայունութեան հաստատման առումով Իրանի դերակատարութիւնը եւ ներուժը ակնյայտ են, եւ ասոր վառ օրինակն է Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ Իրանի յստակ դիրքորոշումը։
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի ոստիկանութեան կողմէ Որոտան գիւղի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ երկու իրանցի բեռնատարներու վարորդներու ձերբակալութեան:
Մոհամմետ Ճաֆար Մոնթազերի միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման պարունակին մէջ ընդգծեց խորհրդարանի առանցքային դերակատարութիւնը: Իրանի գլխաւոր դատախազը, առաջնահերթ համարելով տարածաշրջանի անվտանգութիւնը՝ կարեւոր նկատեց պայքարը ահաբեկչական խմբաւորումներու ներթափանցման դէմ: Ըստ անոր՝ Իրանի համար իր եւ դրացիներուն անվտանգութիւնը շատ կարեւոր է եւ փոխադարձաբար աղեռս ունեցող: Արձանագրուեցաւ, որ միայն տարածաշրջանին մէջ յարատեւ եւ կայուն անվտանգութեան պայմաններու մէջ կարելի է երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու արդիւնաւէտ զարգացումը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով Արսէն Աւագեան նշանակուեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան: Նախագահին այլ հրամանագիրով մը Արտաշէս Թումանեան յետս կոչուեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն: