Իրանի նախագահը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ այցելած է իրանաիրաքեան պատերազմի ընթացքին զոհուած Էդուին Շահմիրեանի եւ Ժորժ Քէշիշ Յարութիւնեանի ընտանիքներուն:
«Հասան Ռուհանի ըսած է, որ իրանահայերը Իրանի հասարակութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին եւ մեծ յարգանք կը վայելեն»,-ըսած է ան:
Իրանագէտ Արմէն Իսրայէլեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է, որ 1980-1988 թուականներուն իրանաիրաքեան պատերազմին մասնակցած են 17.000 իրանահայեր, որոնցմէ 260-ը նահատակուած են: