Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի անդամները եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները 25 յունուարին հիւրընկալուած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մէջ:
Բարեկամական խումբի ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ընդգծած է, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած ամուր կապերը խթան են քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման: Ան նշած է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ այս տարիներուն զգալի ձեռքբերումներ արձանագրուած են:
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաճատի նշած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման մէջ որեւէ սահմանափակում չկայ, եւ Իրան պատրաստ է բոլոր բնագաւառներուն մէջ խորացնելու համագործակցութիւնը: Դեսպանին համաձայն, կնքուած համաձայնագիրներուն կեանքի կոչուելու պարագային կարելի է յոյս ունենալ, որ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալը շատ մեծ աճ պիտի արձանագրէ: