Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 215
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրանեան Տեսանկիւնէ-թիւ 5
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայող իրանցի դիւանագէտներու, պատմաբաններու եւ մտաւորականներու մեծ մասը Օսմանեան Պետութիւնը եւ Թուրքիան իրենց դրացի բարեկամ իսլամ պետութիւն կը նկատեն: Անոնք Հայասպանութիւնը գործադրող թուրք վերնախաւը կ’ամբաստանեն միայն եւ թուրք ժողովուրդը զերծ կը կացուցանեն սոյն ամբաստանութենէն, որ ինչպէս յայտնի է իրականութեան չի համապատասխաներ: Հայրենի պարսկագէտ պատմաբան եւ ուսումնասիրող Էմմա Բեգիջանեան, իրանցի դիւանագէտ Էսմայիլ Ռայինի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ գիրքը կը ներկայացնէ իր հեղինակած «Իրանական Տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» (խմբագիր ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, լոյս տեսած հեղինակային հրատարակութեամբ Էտիթ Պրինթ տպարանէն, Երեւան, 2011, 163 էջ միջին չափի) գիրքին 48-էն 75-րդ էջերուն մէջ:
Էսմայիլ Ռային Հայոց Ցեղասպանութեան չարիքի արմատները յիշելով առաջին հերթին կը մեջբերէ ֆրանսացի անծանօթ հեղինակի տեղեկութիւները ըսելով. ««Le de Rnier ba dugroan soir» գրքի հեղինակը (գրքի հեղինակի անունը Ռայինը չի նշում- Էմմա Բեգիջանեան) բազմաթիւ փաստերով ու վկայութիւններով ապացուցում է, որ կայսրութեան հրեաներն ու համաշխարհային սիոնիզմն այդ վայրագ արարքներում համագործակցել են երիտթուրքերի ու գերմանացիների հետ, եւ որ Ցեղասպանութեան իրագործման ղեկավարներից շատերը հրեայ են եղել» (էջ 51):
Այս նիւթին առնչութեամբ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ յստակացնել. թէ հարկաւոր է զանազանել սիոնիստի եւ հրեայի միջեւ, որովհետեւ ամէն հրեայ սիոնիստ չէ, սակայն սիոնիստները մեծաւ մասամբ հրեաներ են, իսկ ոչ հրեաներ ալ այդ կազմակերպութեան անդամ կ’ըլլան փոխան հսկայ գումարներ վճարելու՝ յառաջ քշելու համար անձնական ծրագիրներ եւ յագուրդ տալու իրենց ոճրային տենչերուն: Վերջիններէն է ամերիկացի յայտնի Ռոքֆելլըր գերդաստանը, որ խնամիացած է գերմանական հրեայ ծագումով Ռոչիլտ սիոնիստ գերդաստանին հետ: Եթէ երբեք որեւէ կողմ մը սիոնիստը հրեայ կոչելով ներկայացնէ, արեւմուտքը լարուած պատրաստ է այդ կողմը անմիջապէս իբրեւ հակասեմականութեամբ ամբաստանելու:
Ցարական Ռուսիոյ լրտեսական եւ հակալրտեսական կազմակերպութեան՝ Օխրանայի փաստաթուղթերուն մէջ կը գտնենք No. 166609 զեկոյցը, որ կ’ըսէ թէ 23 Յունուար 1914-ին Իթթիհատի «Նուրի Օսման» ակումբին մէջ համաժողով մը գումարուած է բանիսլամիստներու եւ իթթիհատականներու միջեւ, որուն մասնակցած են Թալաաթ, Պատրի, Սաիտ եւ Ֆիքրի պէյերը ինչպէս նաեւ հրեայ (սիոնիստ հրեայ- Յ. Ի.) ղեկավարներ, ինչպէս անվտանգութեան վարչութեան անդամ՝ Սամուէլ էֆենտի եւ Ավրաամ պէյը, որ օսմանեան ներքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր: Թալաաթ այդ ժողովին ընթացքին կրքոտ ճառեր արտասանած է հայերու, յոյներու եւ Ռուսիոյ հայերու դէմ: Որոշում տրուած է այս ժողովի աւարտին վերացնել հայերը, քանի որ Հայաստան բանթուրքական քարտէսի կեդրոնը կը գրաւէ (էջ 51): Այս փաստը ոչ միայն սիոնիստներու Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրաւորումի մասին կը վկայէ, այլ կը հաստատէ նաեւ Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը:
Վերոնշեալ վերջին կէտը փաստող այլ հարց մը եւս կը յիշէ Էսմայիլ Ռային: Հայոց Բռնագաղթի ճանապարհի վերջին հանգրուանին՝ գաղթուողներու մահաբեր վիճակին մասին ան կ’ըսէ, թէ այդ դէպքը աննախընթաց չէր: Արդարեւ երիտթուրքերը արդէն փոքր ծաւալով նման դէպք մը կիրարկած են Կ. Պոլսոյ անտէր շուները սպաննելով: Անոնք հաւաքած են փողոցը թափառող այդ շուները եւ Մարմարայի ծովուն մէջ զանոնք կղզի մը նետելով, անօթի ու ծարաւ ձգած են որ սատկին: Այս մասին Էսմայիլ Ռային կ’ըսէ. «Եթէ հայկական լեռնաշխարհից, որտեղից սկիզբ է առնում Եփրատը, գետի հոսանքով շարժուենք դէպի Միջագետքի տափաստանները, կը հեռանանք Եւրոպայի բարեխառն կլիմայից եւ կը յայտնուենք կիսահասարակածային շոգ եւ խոնաւութեամբ յագեցուած բնակլիմայական պայմաններով մի տարածքում: Հետեւաբար բարեխառն բնակլիմայական պայմաններում ապրած հայերի համար այդտեղ աքսորուիլը հաւասարազօր էր մահուան դատապարտուելու, ինչն էլ իրականացւում էր» (էջ 59-60):
Նոյն այս նիւթին առընչուող դէպքերը նկարագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վկայ, միսիոնարուհի Պլանշ Էպի իր «Թուրք Աւազակներու Գութին Ձգուած» խորագրեալ գիրքին մէջ (Պլանշ Ի. Ռեմինկթըն-Էպի, «Թուրք Աւազակներու Գութին Ձգուած», Պեթէլ Հրատարակչատուն, Նիւ Քարլիզըլ, Օհաեօ, Ա. Մ. Ն., 1922, միջակ չափի 285 էջ: MRS. D. C. Eby (Blanche E. Remington-Eby) (Missionary to Turkey), «At the Mercy of Turkish Brigands», The Bethel Publishing Company, New Carlisle, Ohio, U. S. A., 1922, 285 pages):
Տիկին Պլանշ Էպի կը մտորէ. «Այդ տակնուվրայ կացութեան մէջ, այսինքն Ա. Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը՝ 1914-ին, թուրքերը երկա՜ր ատեն ի մտի ունէին հին հարց մը՝ Հայկական Հարցը եւ կ’ուզէին ձերբազատիլ հայերէն: Վերջապէս անոնք յանկարծ զգացին, թէ հայերը բնաջնջելու ոսկի առիթ մը ներկայացած է իրենց: Երբ երիտթուրքերը իշխանութեան գլուխ եկան՝ անտէր շուներ ազատօրէն կը թափառէին Կոստանդնուպոլսոյ թաղերուն մէջ: Երիտթուրքերը փորձեցին քաղաքակիրթ ու ժամանակին հետ քայլ պահող մարդիկ երեւալ եւ իրենք զիրենք «Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն Կուսակցութիւն» կոչեցին: Օրուան կացութիւնը զանոնք շփոթեցուց, որովհետեւ այդ թշուառ, գայլանման արարածները պատիւ չէին բերեր իրենց գեղեցիկ «Ստոմպուլ»ին: Պէտք է ճար մը գտնուէր: Այդ սոված շուները այլեւս պէտք չէ երեւային քաղաքին մէջ: Բան մը պէտք է ընէին, այո՛, բայց ի՞նչ…: Թուրքերը շուները չէին կրնար սպաննել: Սպաննելը «Ալլահ»ի կամքին դէմ է: Սուրբ Քուրանը անոնց կը սորվեցնէր, թէ կեանք մը զուր տեղը պէտք չէ փճացնել: Հայ մը սպաննելը զուր տեղ սպաննել չէր նշանակէր անոնց համար… Սակայն շուն մը սպաննե՞լ…: Անկարելի՛ էր: Այդ՝ մեղք պիտի սեպուէր: Շուները սպաննելու պարագային՝ սպանողները պիտի անիծուէին եւ անոնց զաւակներէն ոմանք մահանային: Ըստ թրքական մտածողութեան, սոսկալի բան մը կրնար պատահիլ վստահաբար: Ուրիշ ելքի մը մասին պէտք էր մտածել: Վերջապէս, երիտթուրքերը ելքը գտան: Շուները հաւաքելով՝ Մարմարա ծովուն մէջ անապատային կղզի մը տարին նաւակներով եւ հոն ձգեցին: Թուրքերը շուներուն առջեւ միսի կտորներ նետեցին իբրեւ անոնց վերջին ճաշը: Անկէ ետք շուները սովահար սատկեցան: Հարցը լուծուած էր այլեւս» (էջ 15-16):
Թուրքերուն համար անլոյծ կը մնար հայերէն ձերբազատուելու հարցը… Պլանշ Էպի կ’ըսէ, թէ Թալաաթ-Էնվեր-Ճեմալ եռեակը իր ժողովներուն մէջ միշտ կը խորհէր Հայկական Հարցը ի նպաստ թուրքերուն լուծելու մասին: Այս եռեակէն առաջ սուլթան Ապտիւլ Համիտ կոտորածներով փորձեց վերջ դնել հայ ազգի գոյութեան, բայց ձախողեցաւ: Յաջողելու համար՝ եռեակը հրէշային եւ սատանայեական գաղափար մը յղացաւ. ան մտաբերեց անապատային կղզիին վրայ Կ. Պոլսոյ անտէր շուներուն սովահար փճանալու նախադէպը եւ որոշեց հայերը բռնի գաղթեցնել դէպի հարաւային անապատները՝ ամբողջ ազգ մը հոն անօթի, ծարաւ, ախտահար եւ թշուառ վիճակի մատնելով փճացնելու համար: Երիտթուրքերը 1915-ին գիտակցեցան, թէ հայերը երկու հարիւր տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իրենց ճիրաններուն մէջ են եւ իրենց գութին ձգուած են (հայոց վրայ թրքական լուծը գրեթէ ինը դարերէ ի վեր կը շարունակուէր – Յ. Ի.): Անոնք որդեգրած էին «Թուրքիան միայն թուրքերուն» նշանաբանը: Այս կը նշանակէր հայ ազգը բնաջնջել Օսմանեան Պետութեան մէջ, որովհետեւ հայութիւնը ամբողջովին թուրքերու գութին ձգուած էր, քանի որ «Քաղաքակիրթ» աշխարհը այդպէս որոշած էր:
Ամէն անգամ որ փաստերով կը յիշուի սիոնական կազմակերպութեան ժխտական դերը Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրաւորման եւ անոր մէջ մեղսակցութեան պարագան, կարգ մը արեւմտամէտ պատմաբաններ, որոնց շարքին հայեր, կը փութան հերքելու այս իրողութիւնը, նախ զարմանք յայտնելով եւ ապա շեշտելով թէ ամէն ինչի մէջ պէտք չէ փնտռել սիոնական դեր մը ու զայն դաւադրութեան տեսութիւն կոչելով: Անոնք իբրեւ եզրակացութիւն կը «հաստատեն» թէ միայն թուրքն է հայուն թշնամին: Վերի փաստագրութիւններով ներկայացուած օտարներու վկայութիւնները՝ սիոնիստներու Հայասպանութեան մէջ ունեցած վճռական դերին մասին պատմական արմատներ ունին եւ անժխտելի իրականութիւն են: Այդ տեսակէտները կը բաժնեն նոյնիսկ հրեայ ոչ-սիոնիստ եւ կամ նոյնիսկ սիոնիստ պատմաբաններ, ինչպիսք են Այիր Օրոն, Իսրայէլ Չարնի, Պերնարտ Լիուիս եւ այլն: