ԹԵՀՐԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ հիւլէական համաձայնագիրը միջնորդի կարիք չունի` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է յարգէ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:
«Եւրոպական եւ ամերիկեան ներկայ վարչակարգերը կամ պէտք է լրջօրէն հեռանան անցեալէն ու փաստեն, որ հիւլէական համաձայնագիրին մէջ վստահելի կողմ են, որովհետեւ վստահութիւնը բոլորովին չքացաւ, եւ տեսանք իրենց յանձնառու չըլլալը, կամ ալ պէտք է շարունակեն իրենց նախկին երթը, որուն պայմաններուն մէջ գերագոյն ղեկավարը (Խամենէին) բարձրագոյն մակարդակով յստակ դարձուց մեր պատասխանը», ըսաւ Խաթիպզատէ:
«Կարեւորութիւն չենք ընծայեր խօսքին, այլ` հիմնականը գործն է․ Ամերիկան պէտք է վերադառնայ համաձայնութեան եւ թիւ 2231 որոշումին մէջ նշուած յանձնառութիւններուն», հաստատեց ան:
Խաթիպզատէ ողջունեց նախկին կառավարութեան սխալները սրբագրել փափաքելու Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը` աւելցնելով. «Սակայն մենք յստակ քայլերու կը սպասենք»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Եմէնի մէջ խաղաղութիւնը կախեալ է եմէնցի ժողովուրդին դէմ Սէուտական Արաբիոյ մղած պատերազմին կասեցումէն, ինչ որ պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան ամրապնդման:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր վարչակազմը Իրանի դէմ նախապէս հաստատուած պատժամիջոցները պիտի չջնջէ, մինչեւ որ Թեհրան դադրեցնէ իւրանիոմի հարստացման գործողութիւնները:
«Սի. Պի. Էս.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով հարցումի մը, թէ իր վարչակազմը կը պատրաստուի՞ Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջելու, որպէսզի զայն վերադարձնէ բանակցութեան սեղան, Պայտըն ըսաւ. «Ո՛չ»: