Իրանը կ՛աջակցի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասիր Քենաանի:
Ան կարեւոր նկատած է «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը եւ աւելցուցած, որ համաձայնութիւն գոյացած է` ձեւաչափի երկրորդ նիստը Թեհրանի մէջ կատարելու վերաբերեալ: «Հարցերը, որոնք այդ ձեւաչափի ծիրին մէջ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին, կը ճշդուին, եւ ատոր համար ժամանակ կը պահանջուի», ընդգծած է ան: