Իրան յայտարարած է մեծ քանակով ամերիկեան արտադրութեան զէնքերու գրաւման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը:
Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի սահմանապահ ծառայութեան հրամանատար զօր. Մոհամետ Ահմատին յայտնած է զէնքի գրաւման եւ զինավաճառի ձերբակալման մասին:
Անոր խօսքով, վերոնշեալ զինամթերքը կարելի է օգտագործել երկրին մէջ խափանարարական գործողութիւններ կատարելու համար: Ահմատին յայտնած է, որ զէնք վաճառողը կը տեղափոխէ մեծ քանակով հում նիւթ, որ անհրաժեշտ է հրազէնի արտադրութեան համար:
Զինավաճառը ձերբակալուած է Ջուղայի սահմանամերձ շրջանին մէջ: