Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 135
Իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան իր այս գիրքին մէջ կը քննարկէ Հայկական Հարցը միջազգային օրէնքներու լոյսին տակ: Այս ուղղութեամբ ան հիմնականօրէն կը խօսի 1878ի Պերլինի Վեհաժողովին, 1915ի դաշնակից երեք պետութիւններու՝ Անգլիա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա Հայաստանի վերաբերեալ յայտարարութեան, Սեւրի ու Լոզանի դաշնագիրներուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Պատերազմական Ոճիրներու Յանձնախումբի որոշումներուն, Մ. Ա. Կ.ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1948 Դեկտեմբերի յայտարարութեան (Երբ ցեղասպանագէտ Ռաֆայէլ Լեմքին «Ցեղասպանութիւն» բառը յօրինեց, իսկ անկէ երկու տասնամեակ ետք լիբանանցի իրաւաբան Մուսա Փրէնս յղացաւ «Հայասպանութիւն» բառը, որ հայերը դժբախտաբար միայն առաջինը կը գործածեն եւ երկրորդը չեն գործածեր՝ փոխանակ ամէն օր զայն հնչեցնելու- Յ. Ի.), Միջազգային Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբի եւ Փարիզի Մնայուն Դատարանի 1984ի յայտարարութեանց, նաեւ այլ միջազգային օրէնսգիտական որոշումներու մասին: Ան իր մօտեցումները համադրած, մէկտեղած ու հրատարակած է «Հայկական Հարցը Միջազգային Ընդհանուր Օրէնքին Մէջ» խորագրեալ արաբերէն գիրքով, որ լոյս տեսած է «Տար Էլ Ֆարապի» հրատարակչատունէն, Պէյրութ, 2015, «Գրական Շրջանակ»ի հրատարակութիւններու շարքով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով: Գիրքը կը պարունակէ նաեւ երկրորդ բաժին մը՝ «Արաբական Վկայութիւններ Հայկական Հարցին Մասին» խորագիրով:
Յստակացնելով հայոց պահանջատիրութեան սահմանները, իրաւաբանը կ’ըսէ թէ հայկական Սփիւռքը Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան կը պահանջէ Թուրքիայէն եւ միջազգային ընտանիքէն: «Միջազգային Ընդհանուր Օրէնքին մէջ հողերը կը նկատուին հայոց պատմական սեփականութիւնը, որովհետեւ անցեալին երկար ժամանակ մնայուն կերպով այդ հողերը հայոց ձեռքը եղած են եւ հայ ժողովուրդի՝ հայրենիքը» (էջ 17), կ’աւելցնէ հեղինակը: Ան այս կէտը աւելի կը յստակացնէ բացատրելով, թէ հայերը այդ հողերուն վրայ բնիկներ եղած են եւ անոնց ծագումը հոնկէ է Քրիստոսէ դարեր առաջ: Միւս կողմէ յայտնի է թէ թուրքերը Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Հայաստան եկուորներ եղած են միայն ու հոն հաստատուած են հակառակ հայոց կամքին: Հոս ցցուն կերպով կը ծագի հայրենիքի պատկանելիութեան հաստատ գաղափարը: Հայերը սկիզբէն իրենց բնակած վայրերու, այսինքն՝ Հայաստան կոչուած հայրենիքի բնակիչները եղած են: Թուրքերը, թաթարները, թիւրքմէնները, մոնկոլները, չէրքէզներն ու չէչէնները եւ այլ ասիական թափառաշրջիկ ցեղախումբեր վերջին քանի մը հարիւր տարիներու ընթացքին եկած ու հաստատուած են հայոց հողերուն վրայ, որ հայոց հայրենիքն ու բնօրանն է:
Իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան գիրքին 18-20րդ էջերուն մէջ կը քննարկէ 3 Մարտ 1878ին տեղի ունեցած Սան Սթեֆանոյի Վեհաժողովին 16րդ յօդուածը: Այս յօդուածով «Յաղթական Ռուսիոյ եւ պարտուած Օսմանեան Պետութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ եւ վերջինս ընդունեց թէ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները Հայաստանի արեւմտեան նահանգներն են»: Ասոր մասին 16րդ յօդուածին մէջ կը կարդանք նաեւ. «Նկատի առնելով որ Ռուսիա պիտի նահանջէ Հայաստանի արեւմտեան նահանգներէն, ինչ որ կրնայ նոր բարդութիւններու դուռ բանալ եւ վնասել երկու երկիրներու՝ Ռուսիոյ եւ Օսմանեան Պետութեան յարաբերութեանց, Բ. Դուռը կը խոստանայ շուտով եւ արագ կերպով՝ նոյնիսկ Ռուսիոյ նահանջէն առաջ, բարենորոգումներու ձեռնարկել վերոյիշեալ նահանգներու մէջ» (էջ 19): Սոյն համաձայնութեամբ Թուրքիա կը խոստանայ նաեւ պաշտպանել հայերը քիւրտերու եւ թուրքերու յարձակումներուն դէմ: Ամէն պարագայի տակ թէ՛ Պերլինի Վեհաժողովին 61րդ յօդուածը եւ թէ՛ Սան Սթեֆանոյի 16րդ յօդուածը հայկական նահանգներուն բարենորոգութիւններ եւ հետեւաբար հայոց ապահովութիւն կը խոստանային:
Դաշնակից երեք պետութիւններ՝ Անգլիա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա այն կոտորածները, որ թուրքերը հայոց դէմ գործադրեցին Ա. Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը՝ Մարդկութեան եւ Քաղաքակրթութեան դէմ Ոճիր որակեցին: Դաշնակիցները Բ. Դուռը զգուշացուցին հայոց ջարդերու դառն հետեւանքներէն հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մօտաւորապէս վեց ամիսէ ի վեր, թուրքերը հայոց դէմ կոտորածներ կը գործադրեն Օսմանեան Պետութեան կառավարութեան հետ գործակցաբար: Այս ջարդերը տեղի ունեցան 1915ի Ապրիլ ամսուան կէսերուն Կարինի (Էրզրում), Դերճանի, Ակնի, Բաղէշի (Պիթլիս), Վանի, Սասունի, Մուշի, Զէյթունի եւ Կիլիկիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ: Մօտաւորապէս 100 հայկական գիւղերու բնակիչներ բնաջնջուեցան, երբ Օսմանեան Պետութիւնը անզէն հայոց դէմ ոճրագործային արշաւ մը սանձազերծեց: Ի տես այս ոճիրներուն, համաձայնական երեք պետութիւններ՝ Անգլիա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա լիահագագ կը յայտարարեն Բ. Դրան, որպէսզի օսմանեան կառավարութեան անդամներուն եւ անոնց գործակալներուն պատասխանատուութիւնը երեւան հանէ» (էջ 21-22):
«Հայերը իրաւունք ունին իրենց ճակատագիրը իրենց ձեռքով որոշելու հայրենիքի նկատմամբ, որովհետեւ անոնք բռնի ոյժով հեռացուեցան իրենց հողերէն ըստ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Կազմակերպութեան յայտարարութեան թիւ 3 կէտին» (էջ 24), կ’ըսէ Գասպար Տէրտէրեան:
Հեղինակը միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ կը վկայակոչէ 1920ին ստորագրուած Սեւրի Դաշնագիրի որոշումները հայոց մասին (էջ 27-28): Ան կ’ըսէ. «Սեւրի Դաշնագիրը Հայկական Սփիւռքի պահանջատիրական ամենէն կարեւոր հիմքը կը ներկայացնէ, որ Թուրքիոյ ստորագրութիւնը կը կրէ» (էջ 27): Սոյն դաշնագրին 90րդ յօդուածը կ’ըսէ. «Սահմանները գծելու ժամանակ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները կը փոխանցուին Հայաստանի: Թուրքերը այդ հողերուն վրայ սեփականատիրական իրաւունքներէ պէտք է հրաժարին այն վայրկեանին որ սոյն օրէնքը կը վաւերացուի: Այս դաշնագիրի պայմանները կը գործադրուին Հայաստանի պարագային ճիշդ այնպէս ինչպէս գործադրուեցան արաբական երկիրներու սահմանները գծելու պարագային» (էջ 28): Ասկէ բացի ժողովին մէջ ուշագրաւ է նաեւ մեզի՝ հայերուս ծանօթ Ա. Մ. Ն.ի այդ ժամանակի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի վճռական որոշումը Հայաստանի նկատմամբ եւ անոր առաջադրած Հայաստանի քարտէսը յստակ սահմաններով:
Գալով Լոզանի 1923ին կնքուած Դաշնագիրին, իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան կ’ըսէ թէ այս մէկը Սեւրի դաշնագիրը չեղեալ չի նկատէր կամ փոփոխութեան չենթարկէր, այլ կ’որդեգրէ Սեւրի մէջ տրուած որոշումներուն քանի մը հատը միայն: Այս նիւթին շուրջ կարդալ գիրքին 28-30րդ էջերը:
Միացեալ Ազգերու Պատերազմական Ոճիրներու Յանձնախումբի որոշումները կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայկական Հարցին առնչուող պահանջատիրական եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ զարգացումներուն մէջ, որուն մասին կը կարդանք գիրքին 30-31րդ էջերուն մէջ: Սոյն յանձնախումբը իր յայտարարութեան մէջ կը յիշէ թէ Սեւրի Դաշնագիրի 226-228րդ յօդուածները եւ Վերսայի Դաշնագիրի 228-230րդ յօդուածները կը մատնանշեն Թուրքիոյ կողմէ միջազգային օրէնքներու խախտումը: Ասոնց վրայ կը բարդուի նաեւ Սեւրի Դաշնագիրին 30րդ յօդուածի վերայիշատակումը, որ ցոյց կու տայ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնը բայց զլացումը դաշնակից պետութիւններու յանձնելու հայերու եւ յոյներու ջարդերուն պատասխանատուները:
Վերոյիշեալ իրողութիւններու լոյսին տակ իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան կ’եզրակացնէ. «Իթթիհատականներու կողմէ ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայկական Սփիւռքի կողմէ կը նկատուի մարդկութեան դէմ կատարուած Ոճիր մը եւ վերոյիշեալ որոշումներու հիման վրայ հայկական Սփիւռքը իրաւունք ունի Թուրքիոյ դէմ Միջազգային Դատարան դիմելու» (էջ 31):
13-16 Ապրիլ 1984ին «Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարան»ը (Սորպոնի Համալսարան), Փարիզ, վճիռ արձակեց Հայկական Հարցին նկատմամբ կարգ մը որոշումներով, որոնցմէ ամենէն յատկաշականներն են հետեւեալները.
Ա. Սփիւռքի հայերը կը կազմեն ժողովուրդ մը, որոնց հիմնական անհատական եւ խմբային իրաւունքները պէտք էր որ յարգուէին միջազգային օրէնքներու համաձայն:
Բ. Ըստ 1948ի Մ. Ա. Կ.ի ցեղերու բնաջնջումը արգիլող օրէնքին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կատարուած է սոյն օրէնքին դէմ:
Գ. Թրքական Երիտթուրքերու կառավարութիւնը կը դատապարտուի վերոյիշեալ կոտորածները1915-1917 ժամանակաշրջանին գործադրած ըլլալու յանցանքով:
Վերջաւորութեան կը շեշտուի թէ սոյն վճիռը կայացած է ըստ միջազգային օրէնքներուն եւ մասնաւորաբար՝ «Ժողովուրդներու Իրաւունքներու Միջազգային Յանձնախումբի» որոշումներուն հիման վրայ, որոնք տրուած են Ալճերիոյ մէջ 1976ի Ժողովին: Հենելով այս որոշումներուն, Հայկական Սփիւռքը կը կազմէ «Ժողովուրդ մը» եւ իրաւունք ունի պահանջելու գործադրութիւնը «Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարան»ի յայտարարութեան թիւ 4 եւ 5 կէտերու, որոնք կ’ըսեն (էջ 37).
Կէտ 4. Հայոց կոտորածները միջազգային Ոճիր մըն է: [Օսմանեան Պետութեան ժառանգորդ] Թրքական Պետութիւնը պարտի լրիւ պատասխանատուութիւն կրել առանց ոեւէ պատճառաբանութեան:
Կէտ 5. Այս պատասխանատուութիւնը կ’ենթադրէ ամէն բանէ առաջ ճանչնալ հայոց կոտորածները եւ հատուցում ընել հայոց:
Հեղինակը՝ իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան անօրինական գոյավիճակը մատնացոյց կ’ընէ գիրքին 37- 40րդ էջերուն մէջ: Ապա գիրքին 41-48րդ էջերուն մէջ, ան կ’անցնի Հայասպանութեան հանդէպ Եւրոպայի եւ Ա. Մ. Ն.ի պատասխանատուութեան հարցին, պատմական իրողութիւններու վրայ յենելով: Ան կը շեշտէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի՝ անցուդարձերուն լաւագոյն կերպով իրազէկ եղած ըլլալու հարցը: Գիրքին 48-50րդ էջերուն մէջ, նոյն հարցը՝ անոնց պատասխանատուութիւնը հեղինակը կը քննարկէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուած որոշումներու ծիրին մէջ:
Ինչպէս վերը յիշեցինք, գիրքին մնացեալ մասը, էջ 51-103րդ էջերը՝ «Արաբական Վկայութիւններ Հայկական Հարցին Մասին» խորագիրով, յատկացուած է արաբ մտաւորականներու, քաղաքական եւ ընկերային գործիչներու Հայասպանութեան մասին վկայութիւններու եւ կարծիքներու:
Սոյն հրատարակութեամբ իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան յաջողած է ամփոփ եւ ճշգրիտ կերպով Հայկական Հարցը եւ անոր ծալքերը ներկայացնել արաբ հանրութեան, որուն մտաւորական որոշ խաւի մը հետ ան բարեկամական յարաբերութիւններ մշակած է: Այս գիրքը Հայկական Հարցի իրաւականօրէն արծարծման ու ծանօթացման գծով կատարուած շնորհակալ եւ արժէքաւոր գործ մըն է:
Հակառակ Միջազգային Ընտանիքին կողմէ ներկայացուած վերոյիշեալ ազդու փաստարկներու եւ անոր պաշտօնական հիմնարկներու որոշումներուն, զորս կը դատապարտեն թուրքերը իբրեւ ցեղասպան, տակաւին հայոց հողերը՝ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի մէջ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած կը մնան եւ հայոց իրաւունքները՝ ոտնակոխ: Պարզապէս հարցը քաղաքական ըլլալուն պատճառաւ է այս ուշացումը, մանաւանդ Արեւմուտքին կողմէ, որ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու սիրոյն կը նախընտրէ գործակցիլ ոճրագործ ու բռնատէր թուրքին հետ քան թէ՝ դարերու պատմութիւն ունեցող ճակատաբաց ու պատուաւոր, իրաւունքի տէ՛ր հայուն: Այս վարուելակերպի ետին կը կ’անգնի որոշ նենգ հոգեբանութիւն մը՝ երբ անոնք թէեւ թուրքին հետ կը յարաբերին, բայց յարատեւ կը սպառնան անոր քօղազերծել ճշմարտութիւնը եւ կը ստանան անկէ ի՛նչ որ կ’ուզեն: Այս նենգ խաղը կը կատարուի հայոց իրաւունքներու հաշւոյն եւ Ճշմարտութեան բացայայտման հակառակ: