Աշխարհի տարբեր ափերու վրայ, իւրաքանչիւր հայ իւրովի կը մեկնաբանէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այնքան ալ զարմանալի չէ այս իրողութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եզրը ինքնին կը պարունակէ որոշ անյստակութիւն: Մօտեցումներու եւ ընկալումներու այս խառնաշփոթը թիւրիմացութիւններու եւ վտանգաւոր հետեւութիւններու կրնայ մղել մեր ժողովուրդը: Պետական, ազգային եւ սփիւռքեան տարողութեամբ տարբեր ընկալումներ գոյութիւն ունին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին վերաբերեալ:Ճանաչումը դարձած է յարաբերական հասկացողութիւն: Հետեւեցէք մեր պետական, կուսակցական, հոգեւոր,ազգային դէմքերուն արտայայտութիւններուն, իւրաքանչիւրին մօտ պահանջատիրութեան եւ ճանաչման ընկալումը կ’արտայայտէ տարբեր խորհուրդ: Ճանաչման մասին հնչող արտայայտութիւնները գիտակցաբար կամ՝ ոչ կը դրսեւորեն երեք տարբեր մօտեցում՝ բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական: Իւրաքանչիւրը կը հետապնդէ տարբեր նպատակ եւ հարց: Ճանաչման ընկալման շուրջ որոշակի անորոշութիւն մը կը տիրէ մեր պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ : Մեր պետական այրերուն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ յստակօրէն չի բանաձեւուիր պահանջատիրութիւնը: Ճանաչման ո՞ր տեսակը ընդգրկուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ եւ ո՞ր ըմբռնողութիւնը կը պաշտպանէ մեր արտաքին դիւանագիտութեան գերատեսչութիւնը: Եւ վերջապէս, ինչպէ՞ս կը ներկայացուի Հայկական Հարցը եւ ին՞չ է անոր խորքը:
Առ այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելու ուղղութեամբ, պետական մակարդակի վրայ հիմնական աշխատանքը որքան որ տեղեակ ենք, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ տեղադրելու վերաբերեալ յայտարարութիւններն են: Զգուշաւոր վերապահութիւն մը տիրական կը մնայ մեր պետական եւ քաղաքական այրերուն մօտ եւ այս մէկը Ցեղասպանութենէն 99 տարի ետք, երբ բոլոր հիմքերը եւ ապացոյցները ունինք իրաւական պատասխանատուութեան կանչելու Ցեղասպանը:
Հայոց Ցեղասպանութենէն 99 տարի ետք, թէեւ ուշացած, բայց աւելի ուշ, քան՝ երբեք, ժամանակն է կեդրոնանալու իրաւական հատուցումներուն վրայ, առանց հրաժարելու մնացեալ՝ բարոյական եւ քաղաքական ճանաչման թիրախներէն: Ինչո՞ւ այս յստակացումը: Աշխարհի տարբեր պետութիւններու մտաւորականներ, պատմաբաններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Գնահատելի աշխատանք, անկասկած, բայց ոչ՝ բաւարար…: Ճանաչման իւրաքանչիւր տեսակ կ’ընդգրկէ ինքնուրոյն նպատակ: Սակայն անկեղծ ըլլալու համար, Ցեղասպանութենէն տուժած հայ ժողովուրդը տնտեսական հատուցում չի կրնար ստանալ բարոյական ճանաչումէն: Իրաւականէն՝ այո: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը սկսաւ 1964-ին, երբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը: Տարի մը ետք, Ուրուկուէյի խորհրդարանը ճանչցաւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կատարուած հրէշաւոր ողբերգութիւնը: Ուրուկուէյին հետեւեցաւ Արժանթինը: 1987-ին, Եւրոպական Խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան, 2005-ին, անգամ մը եւս վերահաստատեց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը: Մէկ քանի տարիներու ընթացքին յաջորդաբար Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ընդունեցին Ռուսիան, Պելճիքան, Շուէտը, Զուիցերիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Աւստրալիան, Վատիկանը,Գանատան, Սլովենիան, Լեհաստանը, Հոլանտան եւ այլ պետութիւններ, քաղաքներ,միջազգային կազմակերպութիւններ, կառոյցներ: Սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերոյիշեալ բանաձեւերը զուրկ են քաղաքական եւ իրաւական կշիռէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւական թղթածրարը կ’ուշանայ: Այս մէկը նպաստաւոր է Ցեղասպանին: Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար, որ Հայաստան եւ Սփիւռք համադրուած ճիգերով համապատասխան փաստաթուղթեր պատրաստէին այս ուղղութեամբ: Պարզ հարցում մը. գոյութիւն ունի՞ն արդեօք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն կամ անոնց իրաւայաջորդներուն փոխհատուցման պահանջները ամփոփող անհրաժեշտ փաստաթուղթեր: Այսօրինակ աշխատանք անկարելի պիտի ըլլայ պատրաստել տարուան մը ընթացքին…: Հայութիւնը ցրուած է աշխարհով մէկ: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բազմաթիւ արխիւներ կը սպասեն իրենց ընթերցողին: Կազմակերպչական գետնի վրայ համազգային բաց մը գոյացած է այս ուղղութեամբ: Չպահուըտինք մեր մատին ետին:
Այստեղ ինքնաբերաբար կը ծագի համեմատաբար աւելի «մատչելի» հարցում մը. Արդեօ՞ք պատրաստած ենք Թուրքիոյ տարածքին քանդուած հայկական կրթական օճախներու, պատմամշակութային կառոյցներու, եկեղեցիներու ցուցակը կամ անոնց վերաբերող անհրաժեշտ փաստաթուղթեր:
Մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան մօտ այն թիւր տպաւորութիւնը կը տիրէ, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ինքնստինքեան պիտի երաշխաւորէ հայկական հողերու՝ Արեւմտահայաստանի կցումը այսօրուան Հայաստանին: Բայց արդեօ՞ք այդպէս է..: Արեւմտահայաստանը մեր բոլորին համար առանց վարչական սահմաններու, աշխարհագրական հասկացութիւն մըն է: Մի մոռնաք, որ Թուրքիա բռնագրաւած է Կարսի շրջանը, որ իր աշխարհագրական պատկանելիութեամբ եղած է ոչ թէ Արեւմտահայաստան այլ՝ Արեւելեան Հայաստանի մէկ մասը: Առանց յստակացնելու հողային պահանջատիրութեան սահմանները, մենք զմեզ առնուազն կը թմրեցնենք վերացական հասկացութիւններով: Արեւմտահայաստան հասկացութիւնը չի կրնար դառնալ պահանջատիրութեան հիմք: Սակայն միւս կողմէ անհրաժեշտ է յիշել, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու պայմաններէն մէկը Հայաստանի կողմէ անոր հողային ամբողջականութեան ճանաչումն է: Ինչո՞ւ այս նախապայմանը. որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները այն համոզումը ունին, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին պիտի յաջորդէ հողային պահանջատիրութեան հարցը: Բարեբախտութիւն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները առ այսօր չեն ճանչցած Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս իրողութիւնը մեծ ապացոյց է, թէ հողային վիճելի հարցեր գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Սակայն միւս կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները առ այսօր չեն փորձած միջազգային ընտանիքին յիշեցնել Կովկասի աշխարհաքաղաքականութեան վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան գործած ներազդեցութիւնը, երբ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կը շարունակեն տնտեսական պաշարումի տակ պահել ներկայ Հայաստանը եւ բացայայտ թշնամական քաղաքականութիւն կը վարեն Հայաստանի դէմ:
Ակնարկ մը կատարելով հայ-թրքական տարածքային վիճելի հարցերուն, նշենք, թէ անցնող դարաշրջանին ստորագրուած են հայ-թրքական, ռուս-թրքական, հայ-ռուսական քանի մը համաձայնագիրներ, յատկապէս Սեւրի, Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրները: Այստեղ անհնար է անտեսել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը, որ դարձեալ կ’առնչուի Հայաստան- Թուրքիա վիճելի հարցերուն: Պէտք է արձանագրել որ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ կեցուածք չեն արտայայտած վերոյիշեալ համաձայնագիրներու շուրջ: Որքան որ տեղեակ ենք, անոնք որեւէ առիթով չեն պարզաբանած այսօրուան դրութեամբ վերոյիշեալ համաձայնութիւններուն իրաւական ուժը: Սակայն կ’արժէ ի միտի ունենալ հետեւեալ կարեւոր պարզաբանումը. Հայաստանի նորանկախ պետականութիւնը Անկախութեան Հռչակագիրին մէջ ինքզինք նկատեց ոչ՝ 1918-20 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան ժառանգորդը, այլ՝ նորանկախ պետութիւն, գիծ քաշելով նախորդ ժամանակահատուածին (1918-1921) կնքուած համաձայնագիրներուն վրայ: Թուրքիոյ այժմու սահմանները չճանչնալով, Հայաստան անուղղակիօրէն կ’իմացնէ, թէ տարածքային հարց գոյութիւն ունի երկու պետութիւններուն միջեւ: Այս իրողութիւնը միաժամանակ ապացոյց է, թէ իրաւական լուծումի չէ յանգած Հայաստանի սահմաններուն հարցը:
Թուրքիա կը ժխտէ Ցեղասպանութեան ազգային բնոյթը, շահագործելով այն թէզը, թէ տեղի ունեցածը կը վերաբերի անցեալին՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Թուրքիոյ խուսափողական այս կեցուածքը բաւական համեստ պատճառաբանութիւն մըն է իրաւական ճշմարտութեան առջեւ, որովհետեւ այսօրուան Թուրքիան Օսմանեան Թուրքիոյ իրաւայաջորդն է: Ցեղասպանութեան ժխտումը, հետեւանքներու պատասխանատուութենէն խուսափելու միջոց մըն է պարզապէս: Ճանաչումին պիտի յաջորդէ նիւթական, զոհերու ժառանգներու, հողային, կալուածային, մշակութային ունեցուածքներու պահանջներ: Հայ ժողովուրդը ոչ միայն տեղահանուեցաւ, այլեւ՝ բնաջնջուեցաւ իր պատմական հայրենիքին մէջ: Թուրքիա կը մոռնայ, որ յանցագործութիւնները իրաւագէտները կը գնահատեն եւ ոչ՝ պատմաբանները: Ցեղասպանութիւնը յանցագործութիւն է: Մարդկային զարհուրելի ողբերգութիւնը պատմական գնահատականէ առաջ, պէտք է ստանայ իրաւաբանական գնահատական: 1919-20 թուականներուն Երիտասարդ Թուրքերու դատավարութիւնը ցոյց տուաւ, թէ հայերու տեղահանութիւնը եւ սպանութիւնները ոչ թէ պատերազմական անհրաժեշտութեան հետեւանք էին, այլ՝ հայ ազգը բնաջնջելու կանխամտածուած գործողութիւն: Սոյն դատավարութիւներու արձանագրութիւնները օրին լոյս տեսան թրքական մամուլի մէջ: Ի զուր ուժակորույս կը դառնանք Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին մէջ: Իրաւական մրցադաշտի մէջ մեր իւրաքանչիւր յաջողութիւնը աստիճանաբար պիտի բացայայտէ Ցեղասպանին դիմակը:
Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ իր հայրենիքին մէջ,իր պապենական հողերուն վրայ, Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ: Այն տարածութիւններուն մէջ, ուր այսօր կը բնակին մեծ թիւով քիւրտեր: Քիւրտերը կը պայքարին այդ տարածութիւններուն մէջ պետականութիւն ստեղծելու համար: Ժամանակն է , որ Հայաստան պաշտօնական տեսակէտ արտայայտէ քրտական պայքարի եւ անոնց կողմէ պատմական հայկական հողերու նկատմամբ դրսեւորուած յաւակնութիւններուն մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ անհասկնալի ուղղուածութիւնը հետեւանք է ազգային հայեցակարգի բացակայութեան: Հայկական Հարցը խորքին մէջ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան հարցն է, որ կ’երաշխաւորուի երկու նախադրեալներու ապահովումով, առաջինը՝ հայկական լիարժէք պետականութեան ստեղծում, երկրորդ՝ պետական անվտանգութիւնը ամրագրող երաշխիքներ: Հետեւաբար Հայկական Հարցին խորքը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում չէ, ինչպէս կը խորհին շատեր,այլ՝ հողային պահանջատիրութիւնը: Ցեղասպանութեան իրաւական հետապնդումը եւ հատուցումներու թղթածրարը ինքնաբերաբար պիտի բանայ հողային պահանջատիրութեան եւ հողային հատուցման հարցը:Այս պարագային միայն Թուրքիա ուշ կամ կանուխ ստիպողութեան տակ պիտի գտնուի ճանչնալու Հայաստանի պետականութեան գոյութիւնը: Հայկական Հարցը հողային պահանջատիրութեան հարց է: Մեր ժողովուրդը հողային պահանջներ ունի Թուրքիայէն, բաւական է ծածկել այս իրողութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումները լուծումի միակ եւ լաւագոյն ճանապարհն է, որ պէտք է ընտրեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները, եթէ իսկապէս կը փափաքին կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Հայաստանի դէմ մնացեալ բոլոր տարբերակները՝ տնտեսական շրջափակում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւն, ժխտում, ուրացում, Թուրքիան պիտի հասցնեն փակուղիի առջեւ: Սակայն նախքան այս բոլորը մենք պարտաւոր ենք մշակելու մեր հայեցակարգը, առանց որուն պահանջատիրական պայքարը կրնայ զգենիլ անգլուխ ձիաւորի մը տարազը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ